Jump to content

Տրդատ Պալեան

Տրդատ Պալեան
Ծնած է 1850[1]
Մահացած է 2 Յուլիս 1923(1923-07-02)[1]
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Հունաստանի թագավորություն
Մասնագիտութիւն բանասէր, մատենագէտ, բանահաւաք, հոգեւորական

Տրդատ եպս․ Պալեան (1850[1] - 2 Յուլիս 1923(1923-07-02)[1], Աթէնք, Յունաստան[1]), հայ բանասէր, մատենագէտ, բանահաւաք եւ եկեղեցական գործիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կեսարիա: Փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Զմիւռնիա, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Ապա ընդունուած է Երուսաղէմի դպրեվանք եւ աւարտելէ ետք ստացած՝ հոգեւորականի օծում:

Վարած պաշտօններ եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցական օծում ստանալէ ետք Պալեան 1884-1887 թուականներու միջեւ ստանձնած է Սուրբ Յակոբեանց վանքի աւագ թարգմանիչի պաշտօնը, ապա՝ 1887 թուականին, ընտրուած է Կեսարիոյ թեմի առաջնորդ:

Պաշտօնավարելով Կեսարիոյ մէջ, Պալեան 1888 թուականին հիմնած է ժառանգաւորաց վարժարան, որ եղած է Կեսարիոյ եւ շրջակայ շրջաններու կրթական ու մշակութային կենդրոն: Վարժարանի կողքին Պալեան հիմնած է նաեւ գրադարան եւ թանգարան, ուր հաւաքած ու մեկտեղած է հայկական հին ձեռագրեր եւ հնատիպ հրատարակութիւններ:

Պալեան հրաժարելով առաջնորդութեան պաշտօնէն, սկսած է շրջիլ Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ, Պաղեստինի եւ այլ վայրերու հայաբնակ գիւղերը եւ գրի առնել անոնց բանահիւսութիւնները, որոնք 1922-ի հալածանքներու ժամանակ Զմիւռնիոյ մէջ բռնագրաւուած եւ ոչնչացած են՝ մնալով անտիպ: Հալածանքներու պատճառով ապաստանած է Աթէնք, ուր անցուցած է իր կեանքի մնացած կարճ ժամանակաշրջանը:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պալեան 1900 թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է «Բազմավէպ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Բիւզանդիոն», «Լոյս», «Բանասէր», «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու, հրատարակելով բանասիրական յօդուածներ, մատենագիտական ցանկեր, եկեղեցական նիւթեր եւ այլ հրապարակախօսական նիւթեր:

Պալեան կարեւոր ներդրում ունեցած է Յակոբ Մեղապարտի հրատարակութիւններու ժամանակաշրջանը յայտնաբերելու գործին մէջ:

Հրատարակած է «Սուրբ Երկիր», «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց ի Թուրքիա», «Հայ աշուղներ, Զմիւռնիա», «Հայ վանօրայք ի Թուրքիա» եւ այլ աշխատութիւններ[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 86.
  2. «Նոր հրատարակութիւնը տե՛ս Տրդատ Եպս. Պալեան, Հայ վանօրայք, (հրատարակութեան պատրաստեց՝ Կարինէ Աւետիսեան), Երեւան, հրատ. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, 2008։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-22-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-25 
  3. «ՏՐԴԱՏ ՊԱԼԵԱՆ (1850-1923)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-07-25 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։