Jump to content

Վարի Պաղճաղազ

Գիւղ
Վարի Պաղճաղազ
Երկիր Սիրիա
Ենթարկում Քեսապ շրջան
Շրջան Քեսապ
Բնակչութիւն 21 մարդ
Ազգային կազմ Հայեր
Կրօնական կազմ էթնոհորոնիմ = քեսապցի
Ժամային գօտի UTC+2, ամառը UTC+3

Վարի Պաղճաղազ կը գտնուի Սելտրան լերան կողերուն, Էքիզօլուք-Պասիթ տանող ճամբուն վրայ Վերի Պաղճաղազէն մօտ 2 քմ. հարաւ-արեւմուտք գտնուող գիւղն մըն է ուր հաստատուած են հայերը 1850-ական թուականներէն իվեր։ Գիւղը ունէր 5 թաղեր կոչուած հոն բնակութիւն հաստատող հայ գերդաստաններու անունով։

Հակիրճ պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տասնըիններորդ դարու սկիզբը թուրք աղաներ ունէին եղեւնի ծառի անտառներ եւ ծառերը շահագործելու համար կը գնեն իրաւունք պետութենէն ու կը հաստատեն սղոցարաններ։ Քեսապէն բանուորներ կուգան աշխատելու սղոցարանները։ Տարիներու ընթացքին բացուած անտառի տեղը հոն աշխատող գիւղացիները տուն կը շինեն ու հողագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ կ՛զբաղին։

Գիւղը գտնուելով Ֆագը Հասան թրքական գիւղին մօտ առանձին համայնք չէր ներկայացներ այլ պետութեան կողմէ կը սեպուէր Ֆագը Հասանի թաղեր։ Տեղւոյն հայ բնակիչները թրքախօս էին եւ շատ քիչերը միայն կը խօսէին Քեսապի բարբառը։ Լաթաքիոյ Ֆրանչիսկան միաբանութեան հետ համաձայնելով եւ ապահովութեան հեռանկարներով Վարի Պաղճաղազի բնակչութիւնը կը լատինանայ։ Թեր Սանթ (Terre Sainte) միաբանութիւնը 1905-ին հսկայ տարածութիւն մը կը գնէ Վարի Պաղճաղազի Գարապչինար թաղին մէջ եւ կը հիմէ լատինական եկեղեցի, վանք եւ դպրոց։

1909Կիլիկիոյ ջարդի ատեն Քեսապ շրջանէն փախստական հայեր կ՛ապաստանին Վարի Պաղճաղազի լատինաց վանքը եւ վարդապետներու առաջնորդութեամբ նաւերով Պասիթէն կ՛անցնին Լաթաքիա։ Բարեբախտաբար թուրք խուժանը չի հասնիր Պաղճաղազ եւ 2 օր ետք գիւղացիները կը վերադառնան իրենց տուները։

1911-ի տուեալներով Վարի Պաղճաղազ ունէր 52 տուն 260 անձով։ 1915-ին Վարի Պաղճաղազի գիւղացիները կը տարագրուին դէպի Համա եւ Հալէպ։ 1920-ին գիւղ կը վերադառնան միայն 62 անձ, 16 այլ անձեր մեկնելով շրջանէն դուրս։ Բնակչութեան 75 տոկոսը կը զոհուի տարագրութեան ճամբան։ 1920 կը վերաբացուի լատինաց վանքը եւ դպրոցի մէջ պարտադիր կը դառնայ հայերէնի ուսուցումը։

Գտնուելով Քեսապէն բաւական հարաւ 1939-ի սահմանագծումը գիւղացիներուն արտերուն եւ պարտէզներուն տարածութեան որեւէ ձեւով չվնասեց։

Վարի Պաղճաղազի մէջ կը գտնուի լատին Ֆրանչիսկեաններուն 1905-ին հիմնած վանքը[1]: 1946-ին պապական կոնդակով Հալէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կը փոխանցուի Վարի Պաղճաղազի լատինաց վանքն ու հողերը։ Վանքային այս համալիրը, ամենահինը կը նկատուէր, որ կը ծառայէր որպէս ամառնային ճամբարի ծառայութեան կոչուած շինութիւններուն, նոճիի բոլորաձեւ նստավայրով հանգստավայրն էր արշաւներու ընթացքին հոն հասնող սկաուտներուն[2]:

1947-ին հայրենիք կը ներգաղթեն 114 անձ, այսինքն գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը։ 1948-ին կը գոցուի նաեւ դպրոցը։

1955-ին գիւղը ուներ 69 բնակիչ։ 1993-ի տուեալներով գիւղը ուներ մնայուն 21 բնակիչ կամ 6 տուն, սակայն ամռան հոն օդափոխութեան համար հալէպահայ եւ արաբախօս մօտ 21 ընտանիքներ շինած են առանձնատուներ եւ ամառը հոն կ՛անձընեն։

Բնորոշիչ Կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղին գլխաւոր կառոյցներն են՝

  1. Լատինաց վանք-եկեղեցի-դպրոց համալիրը եւ մօտակայ գերեզմանատունը։ Դպրոցը գործած է մինչեւ 1948։
  2. Ծաղկաձոր պանդոկը։
  3. Ճաշարան մը։
  4. Հին աղբիւր մը։

Մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995
  2. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Բ. հատոր, Հալէպ, 1998
  3. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004
  4. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014
  5. Սուրիական մարադահամար՝ http://www.cbssyr.org/new%20web%20site/General_census/census_2004/NH/TAB06-6-2004.htm
  6. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Կայքէջ www.keaofla.com
  7. Լոս Անճըլէսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - տարեկան գրքոյկ 25 թիւ՝ 1991-2015
  8. Պէյրութի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից- Պէյրութ, 1955
  9. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր 4, 7, 12 - Երեւան 1974-1986
  10. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Քեսապն ու քեսապցին - Լոս Անճըլես 2011

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]