Jump to content

Վազգէն Մուղալեան

Վազգէն Մուղալեան
Ծննդեան անուն Վազգէն
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Միքայէլեան
Ծնած է 21 Ապրիլ 1956
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Լիբանանի Գեղարուեստի Համալսարան, Պսակաւոր Արուեստից կոչում
Գործունէութիւն Բեմադրած է 10 մանկական թատերախաղեր Լիբանանի մէջ
Վարած պաշտօններ Գեղարուեստական ղեկավար եւ Տնօրէն՝ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Ակադեմիա
Ամուսին Սօնա Մուղալեան-Գասապեան
Երեխաներ Նարեկ եւ Լոռի Մուղալեան Միքայէլեան

Վազգէն Մուղալեան, Լիբանանահայ յայտնի գեղանկարիչ, գեղարուեստական ղեկավար, արուեստի մեկնաբան եւ ուսուցիչ, բեմայարդար եւ բեմադրիչ:

Վազգէն Մուղալեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ընտանիքին հետ տեղափոխուած ու հաստատուած Պէյրութ, Լիբանան, ուր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարաններէն ներս Լիբանան:

Ուսանած է Լիբանանի Գեղարուեստի Համալսարանէն ներս, եւ վկայուած Պսակաւոր Արուեստից կոչումով, ուսուցիչ ունենալով Փոլ Կիրակոսեան, Զաւէն Խտըշեան եւ Յարութիւն Թորոսեան: Ուսանած է նաեւ Հայկազեան Համալսարանէն ներս, մասնագիտանալով հայերէն լեզուի մէջ:

Կարճ ժամանակով մեկնած է Հայաստան եւ այդտեղ մասնագիտացած է Թատրոնի Բեմայարդարման մէջ:

Վազգէն Մուղալեանի մօրեղբայրը յայտնի գրող Յակոբ Միքայէլեանն է:

Վազգէն Մուղալեան պաշտօնավարած է, որպէս արուեստի ուսուցիչ Լիբանանի վարժարաններէն ներս: 1975 ՀԲԸՄ-ի Կարմիրեան,նազարեան, Յովակիմեան վարժարաներ։ 1980 Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան: 1993 Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն Վարժարան։ 1996 Համազգայինի Ճեմարան վարժարանին։ 1996 Լիբանանի Հայ Աւետարանական Գոլէճ:

2000 թուականէն սկսեալ կը պաշտօնավարէ Հռիփսիմեանց վարժարանէն ներս։

Ներկայիս կը գործէ, որպէս գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն՝ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Ակադեմիայէն ներս [1]։

Աշխատակցած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական թատրոններու հետ, որպէս թատրոնի բեմայարդար, աշխատելով վաղամեռիկ եղբօրը բեմադրիչ Մուշեղ Մուղալեանի հետ, Վարուժան Խտըշեանի, Վաչէ Ատրունի, Յովհաննէս Հէլվաճեանի, Համազգայինի Գասպար Իփէկեան եւ Վահրամ Փափազեան թատերախումբերուն մէջ:

Թատրոն եւ Արուեստի Մեկնաբան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բեմադրած է 10 մանկական թատերախաղեր Լիբանանի մէջ [2]: Կազմակերպած եւ մասնակցած զանազան խմբային ցուցահանդէսներու Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներու 2017-2018 տարեշրջանի տարեկան ցուցահանդէս (Լիբանան)[permanent dead link]:

Աշխատակցած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական թատրոններու հետ, որպէս թատրոնի բեմայարդար, աշխատելով վաղամեռիկ եղբօրը բեմադրիչ Մուշեղ Մուղալեանի հետ, Վարուժան Խտըշեանի, Վաչէ Ատրունի, Յովհաննէս Հէլվաճեանի, Համազգայինի Գասպար Իփէկեան եւ Վահրամ Փափազեան թատերախումբերուն մէջ:

Աշխատած է Լիբանանի մէջ գործող Ռատիօ Սեւան հետ, որպէս Արուեստի մեկնաբան, 10 տարի մօտաւորապէս: Բարեզարդած եւ գեղանկարած է շատ մը գիրքերու կողքեր ու ներքին բաժնի գծանկարները:

31 տարիէ ի վեր կը գործէ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ տարիներու ընթացքին տուած է արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Կերպարուեստի դպրոցը ունի ուսումնասիրուած ծրագիր, եւ անոր գլխաւոր նպատակն է կապ ստեղծել հայրենիքին հետ, որպէսզի աւարտող աշակերտները կարենան իրենց մասնագիտութիւնը շարունակել Հայաստանի մէջ:[1] Վազգէն Մուղալեան


  • Մերձաւոր Արեւելքի հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի կողմէ արժանացած է Աւետարանական համայնքի շքանշան իր 25 տարուայ ուսուցչական ծառայութեան համար ։
  • Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Խօսնակ» ամսաթերթի աշխատակցութեան համար շքանշան ստացած է՝ ձեռամբ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]