Յակոբ Միքայէլեան
| |
Ծնած է | 1943 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Կարողութիւն | րուեստագէտ, արձակագիր, ուսուցիչ, մանկավարժ |
Մասնագիտութիւն | անգլերէն բանասիրութիւն |
Աշխատավայր | մանկավարժ, թատրոնի դերակատար |
Յակոբ Միքայէլեան ծնած է 30 Ապրիլ,1943-ին Հալէպ, Սուրիա: Արուեստագէտ, արձակագիր, ուսուցիչ, մանկավարժ: Յակոբ Միքայէլեան այժմ կ’ապրի Երեւան:[աղբիւրի կարիք ունի]
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Միքայելեան ուսումը ստացած է Ազգային Հայկազեան եւ ՀԲԸՄ Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ.Վարժարաններուն մէջ։ 1970-ին վկայուած է Դամասկոսի Համալսարանի Անգլերէն Լեզուի Եւ Գրականութեան Բաժինէն, ապա հետեւած մանկավարժութեան եւ վկայուած Նիւ Ճըրզիի Համալսարանէն:
2002–2004՝ իբրեւ տնօրէն պաշտօնավարած է ՀԲԸՄ Լ.Ն.-Գ.Կ. Վարժարանին մէջ, 2004–2014՝ ստանձնած է նոյն վարժարանի Հայկական Բաժնի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը, ծաւալելով նաեւ արտադասարանային գործունէութիւն: Ստանձնած է ատենապետութիւնը ՀԲԸՄ Հալէպի Տեղական Մասնաճիւղին:
Դասաւանդած է Հայոց լեզու եւ գրականութիւն, ղեկավարած է առարկայական յանձնաժողովը: Դպրոցին մէջ ստեղծած է թատերախումբ, սակայն գլխաւոր ուշադրութիւնը սեւերելով «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին:
Հայրը գաղթած է Զեյթունէն:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Միքայէլեան կատարած է Վարդան Այգեկցիի Աղուէսագիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւ հրատարակած զայն 1989-ին:
Ան հեղինակն է հետեւեալ պատմուածքներու հատորներուն՝
- «Տիկնիկը» (1998),
- «Փինոքիօ Քիթի Մը Օրագրէն» (2004),
- «Բաց Պատուհան» (2006),
- «Անաւարտ Համանուագ» (2007),
- «Աշնանային Մենանուագ» (2012)
- «Գարուն էր...» (2018)
- «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» վիպակը (2020)
Սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլին հետ աշխատակցութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միքայէլեան հեղինակ է գրականութեան ու արուեստի տեսութեանը նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու:
Իր յօդուածները հաճախակիօրէն լոյս կը տեսնէ Հալէպի «Գանձասար» պաշտօնաթերթին եւ Հայաստանի ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹի մէջ ներկայացնելով զուգադիպող դէպքերու եւ կամ դէմքերու ինչպէս նաեւ դրուագներ հայ ժողովուրդի կեանքէն:
Թատերական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Միքայէլեան Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի ատենապետը եղած է: Նկարահանուած է արաբական ֆիլմերուն մէջ, իսկ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մէջ մարմնաւորած է հարիւրէն աւելի կերպար:
«Պետրոս Ադամեան» թատերախումբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Դժուար է ապահովել թատերախումբի կայուն գործունէութիւնը: Բոլոր դերասանները այստեղ կուգան աշխատանքէն յետոյ, երեկոյեան ժամը 9-ին մօտ:
Ամէն օր կարելի չէ հաւաքուիլ, փորձեր ընել, սակայն բոլորին կը պահէ մեծ սերը: Թատերախումբը ունի իր կորիզը, սակայն կուգան նաեւ նորերը, յատկապես երիտասարդներ եւ պատանիներ: Տարեկան երկու-երեք նոր բեմադրութիւն կը ներկայացնենք, ուշադրութիւն կուտանք երեխաներուն, մէկ անգամ ալ տարուայ մէջ ընկերակցական ընդհանուր corporative երեկոյ կը կազմակերպենք… Այս տարի մեր կատարած ծախսերը դեռ չենք կարողացած հատուցել, սակայն կարեւորն այն է, որ թատրոնը կ՛ապրեցնէ մարդկանց, նպաստելով լեզուապահպանմանը:» [2] - Յակոբ Միքայէլեան
|
«Հայաստանցի բեմադրիչներու հետ կը համագործակցինք. մեր մօտ բեմադրութիւններ ներկայացուցած են Սամսոն Ստեփանեանը, Արտաշէս Յովհաննիսեանը, իսկ վերջին 18 տարիներուն մեր պատմութիւնը անխզելիօրէն կապուած է Նիկոլայ Ծատուրեանի անուան հետ, ով ամէն տարի կուգայ եւ բեմադրութիւններ կը ներկայացնէ այստեղ:»[2] - Յակոբ Միքայելեան
|
«Մենք մեր տեղացի բեմադրիչներն ալ ունինք` Գրիգոր Քելեշեան եւ Յակոբ Ճիննոզեան:
Պէյրութէն մեր մօտ բեմադրութիւններ ներկայացուցած են Վաչէ եւ Լանա Ատրունիները, Ճիճի Մանուէլը: Ի դէպ, անոնք բոլորը Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի շրջանաւարտներ են: Իր գոյութեան յիսուն տարիներու ընթացքին մեր թատերախումբը 83 բեմադրութին ունեցած է , իսկ այս կը նշանակէ, որ մենք կը գործենք կանոնաւոր կերպով: Կ՛ուրախանամ, որ մեր հանդիսատէսները դառձած են յատկապէս երիտասարդները…» [2] - Յակոբ Միքայելեան
|
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակոբ Միքայէլեան արժանացած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Պատուոյ Գիրի»ն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սուրիան այն երկիրն է, ուր հայ համայնքը ամէնաշատ ազատութիւնը վայելած է Յակոբ Միքայելեան
- Հալեպի իրավիճակի թիւ մէկ պատասխանատուն Թուրքիան է.Յակոբ Միքայէլեան[permanent dead link]
- Հրատարակչական Հիմնադրամներ ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ Archived 2017-05-09 at the Wayback Machine.