Ձայն Հայրենեաց (շաբաթաթերթ)

«Ձայն հայրենեաց», գրական, քաղաքական շաբաթաթերթ (1903-1904 թուականներուն՝ եռօրյա)։ Ամերիկայի հայ հրատարակչական ընկերութեան պաշտօնաթերթ (1899-1900 թուականներ), վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանակի (1900-1902 թուականներ, 1903-1908 թուականներ), հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի նահանգային վարչութեան (1902-1903 թուականներ) օրգան, վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութեան Կ. Պոլսի վարչութեան պաշտօնաթերթ (1908-1911 թուականներ)։ Լույս կը տեսնէ 1899-1911 թուականներուն, Նիւ Յորքի մէջ, Ուստրի մէջ, Բոստոնի մէջ Կ. Պոլիսի մէջ (1908 թուականին, երկրորդ շրջան)։ Խմբագիրներ՝ Վ. Շահէնի (Յ. Յակոբեան), Գ. Չիթճեան, Ս. Պարթեան, Մ. Սուրեան, Լ. Լարենց։ Աոաջին շրջանին կը ջատագովէ հայ քաղաքական հոսանքներու գործակցութիւնը, կը մերկացնէ « Ձայն Հայրենեաց» պարբերականին գլխագիրը Թուրքիոյ հայահալած քաղաքականութիւնը։ Համակրանք կը յայտնէ Բալկանեան ժողովուրդներու՝ օսմանեան բռնապետութեան դէմ մղած պայքարին, կ'անդրադարձէ արեւելահայութեան յուզող խնդիրներուն, ամերիկահայ մշակութային, կրթական, բարեզործական ձեռնարկներուն, կը հրատարակէ հայ հեղինակներու գործեր, ռուս եւ այլ երկիրներու գրողներուն երկեր՝ Ա. Չօպանեանի, Ե. Դուրեանի, Ս. Յարութիւնեանի եւ ուրիշներու թարգմանութեամբ կ'ուշագրաւեն Մ. Գորկու «Բազէի Երգը» (1902) եւ Ի. Վազովի «Լծի Սակ» վէպի (1904) թարգմանութիւնները)։

Երկրորդ շրջանին կը լուսաբանէ արեւմտահայութեան կացութիւնը օսմանեան «Սահմանադրութեան» վերահաստատումէն (1908 թուական) ետք, կը ծանօթացնէ կովկասահայ կեանքին, կը հրատարակէ նիւթեր վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ։ կը տպագրէ Ատանայի ջարդերու (1909) ականատեսներու վկայութիւններ եւ օտար մամուլի արձագանքներ, կը դատապարտէ թուրք կառավարութեան կիսակատար «բարենորոգումները», օսմանեան «հեղափոխական» կուսակցութիւններուն ծրագիրները։ Կ'աշխատաքցին Մ. Ա. Գաբրիէլեանը, Հ. Ճանկիւլեանը, Կ. Փափազեանը, Վ. Տիրանեանը (Վ. Թեքեան), Տ. Արշակը, Կ. Գարակիւլեանը (առաջին շրջան), Զ. Եսայեանը, Ա. Փանոսեանը (Ալփասլան), Սիպիլը, Թլկատինցին, Ռ. Սեւակը, Ե. Մեսիաեանը, Ա. Անտոնեանը, Լ. էսաճանեանը, Հ. Գազանճեանը, Գ. Մալխասը, Զ. Գոչեան, Մ. Նաթանեանը, Վ. Արզուեանը, Հ. Երուանդը, Ա. Գնունին եւ ուրիշներ։

1897-1899 թուականներուն շաբաթաթերթ լոյս կը տեսնէ «Տիգրիս» անունով։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։