Jump to content

Սիսի Աւանդութիւններն Ու Կրօնական Բարքերը

Սիսի աւանդութիւններն ու կրօնական բարքերը դարերու ընդմէջէն փոխանցուած են սերունդէ-սերունդ:

Սիսեցիներ եւ Կիլիկիոյ կարգ մը ուրիշ քաղաքներու հայ բնակչութիւնը իրենց գաւառաբարբառը չեն ունեցած եւ մնացած են թրքախօս:

Խօսքկապ եւ հետագային` ամուսնութիւն, տեղի կ'ունենար օրօրոցէն կամ մանկապատանեկան շրջանին, եւ այդ մէկը թրքերէնով կը կոչուէր`«պէշշիկ քերթմէ»:

Կ'ըսուի, թէ «պէշշիք քերթմէ»ն կը կնքուէր դանակով օրօրոցին վրայ նշան մը դնելով: Այսպիսի կանուխ ամուսնութիւնները տեղի կ'ունենային իրարու շատ մօտ, յաճախ ունեւոր եւ փոխադարձ յարգանք վայելող ընտանիքներուն միջեւ: Այդ օրէն ընտանիքները կը գտնուէին խնամիական յարաբերութիւններու մէջ, նոյնպէս տղան եւ աղջիկը` ապագայ փեսացուն ու հարսնցուն: Սակայն համեմատած ուրիշ շրջաններու, այս մէկը հազուադէպ սովորութիւն եղած է, եւ այս ձեւը աստիճանաբար անհետացած է Սիսէն:

Ամուսնութեան տարիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ աւանդութեան, աղջիկներուն համար ամուսնութեան յարմար տարիքը նկատի առնուած էր 15-ը, իսկ տղաներուն համար` 18-20-ը:

Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սիսեցի աղջիկները իրենց ծնողներուն կողմէ կը դաստիարակուէին բացառապէս իբրեւ տնային աշխատանքներու կին եւ ապագայ մայր: Մինչեւ ամուսնութիւնը անոնք կը թրծուէին տնային գործերու համար` լուացք, կար, խոհանոցային գործեր, կով կթել, խնոցել (կաթը ծեծել կարագ հանելու համար), ինչպէս նաեւ` մանուկները լոգցնել, օրօրել, լաթերով փաթթել եւ այլն:
  • Աղջիկներուն արգիլուած էր առանց ծնողքին թոյլատուութեան տունէն դուրս ելլել, միայն տօնական եւ Կիրակի օրերուն կրնային եկեղեցի երթալ` մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն: Այդ արարողութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունէին յատկապէս երիտասարդներուն համար. գեղեցիկ, տօնական հագուստներով զարդարուած երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին եկեղեցւոյ բակը, ինչ որ առիթ կու տար զիրար տեսնելու եւ ծանօթանալու, սակայն ամուսնութեան վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւնները պէտք էր վարէին իրենց ծնողները:
  • Ամուսնութիւնները իրականացնելու մէջ մեծ դեր ունէին նաեւ միջնորդ կիները, որոնք սովորաբար փորձառու եւ ճարտասան կիներ կ'ըլլային, անոնք կ'այցելէին հարսնցուին տունը եւ բանակցութիւններ կը վարէին իրենց ծնողներուն հետ: Ապա փեսացուին ծնողներուն հետ կ'այցելէին հարսնցուին տունը եւ կը ծանօթանային աղջկան շարժուձեւերուն, գործելակերպին ու բարեկրթութեան, որպէսզի հասկնային, թէ արդեօք աղջիկը կը համապատասխանէ՞ր իրենց ընտանիքին, թէ՞ ոչ: Սովորութիւն կար, որ աղջկան ծնողները անմիջապէս չհամաձայնէին, խօսքկապի համար եկած հիւրերը առնուազն երեք անգամ կը կրկնէին այցելութիւնները, այն ալ` քահանայի ու ազդեցիկ մարդոց մասնակցութեամբ, մինչեւ որ աղջկան ծնողները համաձայնութիւն տային: Երբ հիւրերուն սուրճը կը հրամցուէր առանց շաքարի, ապա այդ կը նշանակէր մերժում, իսկ քաղցր սուրճի պարագային`համաձայնութիւն: Հիւրերը մինչեւ վերջնական խօսքը չլսէին, սուրճը չէին վերջացներ: Համաձայնութեան պարագային, սուրճը կը հրամցուէր հարսնցուին ձեռքով:
  • Խօսքկապին կը յաջորդէր նշանտուքը, որ սովորաբար տեղի կ'ունենար Կիրակի երեկոներուն: Փեսացուին ընտանիքին կողմէ կը պատրաստուէր օշարակ, եւ երկու կողմերուն ազգականներն ու բարեկամները կը հաւաքուէին նշանտուքի արարողութեան: Յաճախ նշանտուքը տեղի կ'ունենար աղջկան տունը, օշարակով կը հիւրասիրէին ներկայ շնորհաւորողները եւ յաջորդ օրը օշարակ կը ղրկէին չմասնակցողներուն:
  • Մինչեւ 1900-ական թուականները հարսնցուն ու փեսացուն իրաւունք չունէին ներկայ գտնուելու նշանի օրհնութեան, սակայն 1900-ականներէն ետք զոյգը կը նստեցնէին տան մէջտեղը, իսկ ծնողներն ու հարազատները`անոնց շուրջ: Քահանան ստանալով երկու կողմերուն համաձայնութիւնը`կը կատարէր օրհնութիւնը ու իր ձեռքով կը կատարէր մատանիներուն փոխանակումը:
  • 1900-ականներու առաջին տասնամեակի վերջաւորութեան, սովորութիւնը փոխուելով, հարսնցուն ու փեսացուն իրենց «Այո»ն ըսելէ ետք կը փոխանակէին մատանիները: Մատանիներու փոխանակման արարողութեան կը յաջորդէր քահանային օրհնութիւնն ու աղօթքը: Շնորհաւորանքներու ընթացքին նաեւ կը հրամցուէր օշարակը, ու այս առիթով փեսացուին ծնողները նուէրներ կու տային քահանային, ժամկոչին եւ ազգային հաստատութիւններուն:
  • Փեսացուին տունը կը սկսէին երգն ու պարը, խրախճանքն ու գինարբուքը: Այս ուրախ առիթով փեսացուն հարսնցուին կը նուիրէր արծաթեայ կամ ոսկեայ ապարանջան, ինչպէս նաեւ` ոսկի մատանի, օղ, ոսկեդրամ, կօշիկ եւ գուլպայ, իսկ հարսնցուին ծնողները փեսային կը նուիրէին ոսկի մատանի եւ ժամացոյց:
  • Նշանտուքէն ետք տեղի կ'ունենային շնորհաւորական այցելութիւններ: Տօնական օրերուն խնամիները զիրար կը հրաւիրէին հիւրասիրութիւններու եւ ընթրիքի: Կեսուրը, կեսրայրը եւ մօտ ազգականները նուէրներով կը հիւրընկալուէին հարսնցուին կողմէ, իր կարգին հարսնցուն պարտաւոր էր մէկիկ-մէկիկ անոնց ձեռքերը համբուրել: Ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ ներկաները, հետեւելով փեսացուին ծնողներու օրինակին, փոխառութիւններ կ'ընէին, իսկ փեսացուները կը վերադարձնէին մասնակցելով` այդ գումարները նուիրողներու հարսանիքին: Նշանտուքի արարողութենէն սկսեալ, նշանուած հարսնցուին արգիլուած էր խօսիլ փեսային ու անոր ազգականներուն հետ, իսկ հարսնցուն եւ փեսացուն, նոյնիսկ երկար ժամանակ նշանուած ըլլալով, իրարու հետ հանդիպելու կամ այցելելու հնարաւորութիւն չունէին: Այս կը համարուէր առաքինի քայլ:

Հարսանիք Եւ Պսակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարսանեկան Հագուստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարսանեկան արարողութիւնները կը սկսէին հարսնցուի հագուստը ձեւելու արարողութիւններով: Մինչեւ որ զանազան նուէրներով չգոհանար, դերձակը չէր սկսեր իր գործը` անընդհատ կրկնելով, թէ`«մկրատը չի կտրեր»: Հագուստի իւրաքանչիւր մասը ձեւելէն ետք կը սկսէին բարձրաձայն բարեմաղթանքներ: Մօտիկ հարազատները երթալով հարսնցուին տունը` իրենց հետ կը տանէին շուշմայի իւղով պատրաստուած հրուշակ, բերուած անուշեղէններէն հարսնցուն իրաւունք չունէր համտեսելու, քանի որ, ըստ աւանդութեան, այդպիսով կը խուսափէր դժբախտութենէ: Որպէսզի փեսան ալ այդ արարողութեանը մասնակցէր, կիներէն մէկը կը կերակրէր զայն այն հացի կտորով, զոր նախապէս քսուած էր հարսնցուին երեսին:

Պսակի բուն արարողութեան կը նախորդէին բազմաթիւ ծէսեր, որոնք սիսեցիներու հարսանեկան արարողութեան կարեւոր մասը կը կազմէին: Հարսանիքէն շաբաթ մը առաջ երգ ու պարով կը պատրաստէին հարսանեկան հացը: Բոլոր ծանօթները, բարեկամներն ու դրացիները կը ղրկէին «չեւիրմէ»` կակուղ սաճի հաց, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը ունենային այդ արարողութեան: 9-ը «չեւիրմէ» հաց փեսային տունէն կը ղրկուէր հարսնցուին տունը, իսկ 10-ը «չեւիրմէ» հաց հարսնցուի տունէն կը ղրկուէր փեսային` վերածելով անզոյգ թիւը` զոյգի:

Տօնական օրերուն, ինչպէս Ս. Ծննդեան ու Զատկուան տօներուն, փեսային ընտանիքը կերակուրներով լեցուն ափսէ մը կ'ուղարկէր հարսնցուին տունը, որ «սինի տօնաթմըշ»` ափսէ զարդարել կը կոչուէր:

Սովորութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Փայտ բերելու գիշերային սովորութիւնը, որ կը կոչուէր «տիւյիւն օտընը»`«հարսանիքի փայտ», սիսեցիներու հարսանեկան արարողութիւններուն նախորդող երեւոյթ մըն էր: Փեսային բարեկամներէն հինգ-վեց հոգի այծով մը կամ ուրիշ ուտելիքներով կ'երթային գիշերով փայտ բերելու, փայլուն գոյներով զարդարուած եւ փայտով լեցուն բեռներով ձիերէն մէկը կը տանէին փեսային տունը, միւսը`հարսին:
  • Հանդիսաւոր թափօր մը հարսին տունը կը տանէր գիրուկ այծ մը` «ղընա տաւարը», հարսին յատկացուած հինան եւ հարսանեկան հագուստը: Նոյն տան մէջ ցուցադրութեան կը դրուէին հարսին օժիտը` «ճեհիզ», իսկ աղջկան պարագաները կը յայտարարեն նուիրատուներուն անունները: Իւրաքանչիւր հարս պարտաւոր է ունենալու սնտուկ մը, մեծ հայելի եւ բաւականաչափ հագուստ ու սպիտակեղէն: Հարսին օժիտը նաեւ կ՛ամբողջացուի ազգականներու ու բարեկամներու նուէրներով:

Խաղերով ընթացող հարսանեկան խրախճանքները յաճախ կը սկսէին Կիրակի օրերը, երբեմն ալ` Հինգշաբթի, եւ կը շարունակուէին մինչեւ յաջորդ Կիրակի օրը, այսինքն` պսակի օրը: Առաջին երկու գիշերները կը սկսէին մատանիի խաղով` «եիւզզիւք», երբ քանի մը տասնեակ հոգի կը բաժնուէին երկու խումբի եւ կը խաղային կանխիկ գումարի վրայ: Ափսէի վրայ կը շարէին սուրճի սկահակները, որոնցմէ մէկուն տակ կը պահուէր մատանին: Յաղթողը պէտք է գուշակէր, թէ ո՛ր սկահակին տակը կը գտնուէր մատանին: Եթէ յաղթող խումբը մէկ անգամէն գուշակէր մատանիին տեղը, ապա այն կը կոչուէր «տէստէ կիւլ»` «խուրձ մը վարդ», որ այս պարագային կը խորհրդանշէր յաջողութիւն: Յաղթողը շահած գումարով կը գնէր քանի մը այծ, որոնցմով կը պատրաստէին օրուան խորովածը: Մատանիի խաղէն ետք, կէս գիշերին փեսային տունէն խումբ մը, խմիչքներով բեռնաւորուած, կ'երթար հարսին տունը` հարսը գովաբանելու եւ միասնաբար քէֆն ու պարը շարունակելու:

Ուրբաթ օրը փեսային տունը կը կանչուէր սափրիչը: Փեսան եւ կնքահայրը սկիզբը կը սափրուէին, ապա` մնացած ներկայ երիտասարդները: Պարտադիր կը համարուէր սափրիչին դրամական նուիրատուութիւն ընել, որ կը դրուէր անոր ափսէին մէջ, այդ աճուրդի ձեւով հարսանեկան արարողական մըն էր, ու ներկաներէն մէկը բարձրաձայն կը յայտարարէր նուիրատուներուն անունները: Նուիրատուները դրամի փոխարէն` կրնային տալ նաեւ տասնեակ մը մետաքսէ թաշկինակներ, որոնք կը դրուէին կնքահօր ուսին: Սափրուելու ատեն ներկաները կը շնորհաւորէին կնքահօր ծնողները: Կնքահայրերը ընդհանրապէս կ'ըլլայինն երիտասարդներ կամ փոքր մանչեր:

Սափրուելէ ետք, ամէնէն բարձր գին վճարողները միայն իրաւունք ունէին կնքահօր եւ փեսային ձեռքերը խաչաձեւ հինայելու: Սափրուելու ընթացքին տեղի կ'ունենար փեսայի «կեղծ կորուստը», երբ երիտասարդները պէտք էր փնտռէին «կորսուած» փեսացուն` «Խորհուրդ խորին» երգելով: Հարսանեկան աճուրդը տեղի կ'ունենայ նաեւ հարսնցուին տունը, աճուրդէն գոյացած գումարը նուիրատուութիւն կ'ըլլար թաղի եկեղեցւոյ:

Փեսան այդ գիշեր ազատ կ'ըլլար քնանալու, իսկ առաւօտեան դարձեալ շքախումբը կը պատրաստուէր ու կը ղրկուէր հարսին տունը` օղիով ու «մեզէներով» բեռնաւորուած «մուհապպէթ» ընելու` սիրալիր ժամանակ անցընելու համար:

Շաբաթէն Կիրակի անցնող գիշերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շաբաթէն Կիրակի անցնող գիշերը պարտաւոր էին լուսցնել, յատկապէս` փեսային տունը մատանիի խաղ խաղալու, իսկ արդէն առաւօտեան կողմը կը սկսէր շուրջպարը տանիքներու վրայ: Առաւօտեան կը սկսէր նաեւ հարսն ու փեսան հագցնելու արարողութիւնը: Փեսան կը հագցնէին երիտասարդները` «Խորհուրդ խորին» երգելով եւ իւրաքանչիւր անգամ նշելով հետեւեալ խօսքերը թրքերէնով` «բարով թող ըլլայ, իրենց տեսնելիքը միայն այս ըլլայ» եւ երբեմն ալ կատակելով` ապտակելով փեսան, հագուելէ ետք, փեսան ու կնքահայրը կը համբուրէին ներկաներուն ձեռքերը եւ թամատայի գլխաւորութեամբ, մեծ շքախումբով, լապտերներով, եղեւնափայտի մեծ ջահերով ու նուագարաններու ուղեկցութեամբ կ'երթային հարսին տունը, իսկ այդ ընթացքին հարսին տունը, օրիորդներու ներկայութեամբ, տեղի կ'ունենար հարսանեկան հագուստը հագցնելու արարողութիւնը` երգերով ու պարերով: Հարսանեկան զգեստին հետ միասին հարսին երեսը կը ծածկէինն թափանցիկ քօղով (գունաւոր եւ նուրբ հիւսուածքներով պատրաստուած կ'ըլլար, հարսը այդ քողը պարտաւոր էր կրել մինչեւ առաջին անգամ մայրանալը)` կնքամօր կողմէ պատրաստուած շրջանակաձեւ մոմակիր կարկանդակը հարսին գլխուն բռնած երգելով:

Հարսը տունէն դուրս բերելու արարողութիւնը տեղի կ'ունենար երգերով, պարերով եւ բացագանչութիւններով, իբրեւ հրաժեշտի խօսք, կ'ըսուէին հետեւեալ խօսքերը. «Առինք ձեր աղջիկը, շունը թող լզէ ձեր երեսը» եւ այլն: Այնուհետեւ հարսն ու փեսան շքեղազարդ ձիերով կ'երթային եկեղեցի, զանոնք կ'առաջնորդէին փեսացուին երիտասարդ ընկերները: Եկեղեցական պսակի արարողութիւններէն ետք, սովորաբար եկեղեցի տանող նոյն ճամբով չէին վերադառնար, այլ կ'ընտրէին ուրիշ ճամբայ: Ճանապարհին բոլոր հարեւաններն ու ազգականները բաց կը պահէին իրենց տան դռները եւ կը հիւրասիրէին հարսնեւորները:

Նուէր կու տային՝ ընտանի անասուններ, հագուստ, կօշիկ, իսկ հարսին եւ փեսային գլխուն շաքար, ցորեն եւ դրամ կը նետէին: Փեսային տունը հասնելուն պէս, հարսին ի պատիւ կարաս կամ սափոր գետին կը նետէին, իսկ հարսը նուռ կը նետէր դրան վրայ, եւ եթէ նուռը կտրուէր, ապա, ըստ աւանդութեան, ան կը դառնար տան իրաւ տէրը: Կնքամայրն ալ վառած մոմերով շրջանակաձեւ կարկանդակը երեք անգամ կը պտտցնէր հարսին գլխուն վերեւ, որպէսզի հարսին միտքն ու ոգին միացուէին ընտանեկան ուխտին:

Փեսային տան բակը կը մորթուէր ոչխարը եւ կը բաժնուէր կարիքաւորներուն: Մատաղը բաժնելէ ու ճաշելէ ետք կը սկսէր պարելու բաժինը, կնքահօր մայրը պարելով կը զուարճացնէր ներկաները, անոր կը միանային փեսային մայրը, հայրն ու մնացեալ ազգականները: Սովորաբար հարսին ու փեսային մէջտեղը կը դրուէր բարձ մը, որուն վրայ անոնք կը դնէին իրենց աջ ոտքերը, փեսան իր ոտքը կը դնէր հարսին ոտքին վրայ` իր հեղինակութիւնը ցուցադրելու ու տարածելու մտադրութեամբ:

Կիները կը հաւաքուէին, ու այդ օրը տեղի կ'ունենար հարսը լոգցնելու եւ գլուխը յարդարելու արարողութիւնը, որ կը կոչուէր «պաշ եըգամաք» (գլուխը լուալ), ու այդ ժամանակ մկրատով կը կտրէին հարսին մազէն փոքր փունջ մը, միաժամանակ հարսին հարցնելով` մա՞զը կտրել, թէ՞ լեզուն. լեզուն կտրել` կը նշանակէ կեսրոջ հետ խօսիլը արգիլել: Հարսին մազը յարդարելու իրաւունքը կը պատկանէր կնքամօրը:

Երգերէն մէկուն թարգմանութիւնը հետեւեալն է.

«Կնքամայր, լուսաւորութեան մէջ ըլլաս, Աստուած սէր ու բարեկամութիւն պարգեւէ, եթէ գայլ են, ոչխար թող ըլլան, Աստուած թող երջանկացնէ, կու տամ, սակայն ետ չեմ ընդունիր: Այս թող ըլլայ իրենց տեսնելիքը, մէկ բարձի վրայ ծերանան, տարոսը իրենց զաւակներուն»:

Յաջորդ օրը փեսային մօտիկ ազգականները կ'այցելէին հարսին հօր տունը, հարսին ընտանիքը պարտաւոր էր այդ օրը հացկերոյթ կազմակերպել, այդ արարողութիւնը կը կոչուէր «կիւվէի տաւեթի» (փեսայի հրաւէր), նոյնպէս այդ օրը փեսան կը ստանար նուէրներ: Մէկ շաբաթ շարունակ հարսին մայրը տարբեր տեսակի կերակուրներ կը ղրկէր փեսային տունը, իսկ քառասուներորդ օրը հարսը կ'երթայ եկեղեցի, ապա հոնկէ կ'երթար ծնողքին տունը, ուր շաբաթ մը կը մնար[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]