Jump to content

Սթէնլի Միլկրէմ

Սթէնլի Միլկրէմ
անգլերէն՝ Stanley Milgram
Ծնած է 15 Օգոստոս 1933(1933-08-15)[1]
Ծննդավայր Պրոնքս, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 20 Դեկտեմբեր 1984(1984-12-20)[2][1] (51 տարեկանին)
Մահուան վայր Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Հարուըրտ Համալսարան
Քուինզ Քոլէճ
Պրուքլինի Քոլէճ
Ջեյմս Մոնրոյի ավագ դպրոց?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Միլգրեմի գիտափորձ? եւ small-world experiment?
Մասնագիտութիւն սոցիալական հոգեբան
Աշխատավայր Հարուըրտ Համալսարան
Եէյլի համալսարան
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ

Սթէնլի Միլկրէմ (15 Օգոստոս 1933(1933-08-15)[1], Պրոնքս, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 20 Դեկտեմբեր 1984(1984-12-20)[2][1], Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի ընկերային հոգեբան, յայտնի է հեղինակութեան հնազանդելու մասին կատարած գիտափորձով (1961) եւ «Աշխարհը փոքր է»[3] բներեւոյթի հետազօտութեամբ, որ 1969-ին քոլոմպիացի գիտնականներու կատարած «Վեց ձեռքսեղմումներու տեսութեան»[4][5] փորձարական հիմնաւորումն է:

Ի. դարու ազդեցիկ հոգեբաններու ցանկին մէջ յաճախ կը յիշատակուի Միլկրէմի անունը: Ան 2002-ի տուեալներով Ի. դարու հոգեբաններէն ամենաշատ յղուող հոգեբաններու շարքին 46-րդն է[6]:

Սթէնլի Միլկրէմ ծնած է 15 Օգոստոս 1933-ին Նիւ Եորքի յետամնաց Հարաւային Պրոնքս շրջանին մէջ[7], որ մեծամասնութեամբ բնակուած էր Արեւելեան Եւրոպայի աղքատ գաղթականներով: Ծնած է հրեաներու ընտանիքի մէջ, որոնք Ամերիկա գաղթած էին Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն[8]: Հայրը՝ Սամուէլ (1902-1953) ծնած էր Հունկարիոյ մէջ, մայրը՝ Ատէլ, Ռումանիոյ մէջ[9]: Անոնք ծանօթացած եւ ամուսնացած են ԱՄՆ-ի մէջ եւ ունեցած են երեք երեխաներ՝ Մարճորայ, Սթէնլի եւ Ժոէլ: Սամուէլ հացթուխ էր եւ հրուշակագործ, իսկ Ատէլ կ'օգնէր անոր խմորեղէնի գործին մէջ՝ հոգալով ընտանիքին ապրուստը[10]:

Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ճէյմս Մոնրոյի դպրոցին մէջ (Նիւ Եորք սիթի): Քոլէճին մէջ ուսանած է երեք տարի՝ ցուցաբերելով գերազանց յառաջադիմութիւն: Անոր հետ ուսանած է ապագայի նոյնպէս յայտնի հոգեբան դարձած իտալացի գաղթականներու որդի Ֆիլիփ Զիմպարտօն: Հետաքրքրական է, որ Միլկրէմի եւ Զիմպարտոյի որոշ գիտափորձերը ձեւով եւ բովանդակութեամբ կը համընկնին իրարու հետ: Յատկապէս համահունչ են Զիմպարտոյի Սթենֆորտի բանտային գիտափորձը եւ Միլկրէմի՝ հեղինակութեան հնազանդելուն նուիրուած գիտափորձը:

Միլկրէմի հայրը մինչեւ կեանքին վերջը (1953) իր համեստ եկամուտով կ'ապահովէր ընտանիքին կարիքները: Սթէնլի Միլկրէմի քոլէճին մէջ ուսանելու ընթացքին ընտանիքը կը տեղափոխուի Քուինս: 1954-ին Միլկրէմ կը ստանայ պսակաւոր վկայական եւ կ'ընդունուի յայտնի Նիւ Եորքի թագաւորական քոլէճ (Queens College, New York), ուր նպատակ ունէր մասնագիտանալ քաղաքագիտութեան բնագաւառին մէջ, սակայն քաղաքագիտութեան մասին հիմնական պատրաստութիւնը ստանալով՝ Միլկրէմ շուտով կը հիասթափի, քանի որ իր կարծիքով հասարակական-քաղաքական գործընթացները վերլուծելու մարդկային մղումները ըստ հարկի նշանակութեան չեն արժանանար: Հոգեբանութիւնը կը գրաւէ իր ուշադրութիւնը եւ կ'որոշէ ասպիրանտական կրթութիւնը ստանալ Հարուըրտ համալսարանին մէջ եւ մասնագիտանալ ընկերային հոգեբանութեան բնագաւառին մէջ։ Հարուըրտ համալսարանին ասպիրանտուրա ընդունուելու առաջին փորձը կը մերժուի Միլկրէմի մասնակցած դասընթացքներու մէջ հոգեբանութիւն առարկայի բացակայութեան պատճառաբանութեամբ: Միլկրէմ, յամառութիւն ցուցաբերելով, ամրան ընթացքին Նիւ Եորքի երեք բուհերուն մէջ կ'իւրացնէ հոգեբանութեան վեց դասընթացքներ եւ 1954-ի աշնան Հարուըրտի մէջ կ'ընդունուի ասպիրանտուրա: 1960-ին կը պաշտպանէ ատենախօսութիւնը[11]:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միլկրէմի գործունէութեան վրայ ազդած են հոգեբաններ Սոլոմոն Աշ (Solomon asch) եւ Կորտոն Ալպըրթ (Gordon albert): 1955–1956 թուականներուն Աշ կը դասաւանդէ Հարուըրտի մէջ, որպէս հրաւիրուած դասախօս, իսկ Միլկրէմ անոր ինչպէս կրթական, այնպէս ալ հետազօտական գործունէութեան օգնականն էր։ Անոր ատենախօսութեան ղեկավարը Ալպըրթ էր, սակայն Աշի ազդեցութիւնը մեծ էր:

Միլկրէմ, Աշի յարմարողականութեան մեթոտաբանութիւնը կիրարկելով, կատարած է ֆրանսացիներու եւ նորվեկիացիներու յարմարելու աստիճանի համեմատական վերլուծութիւն մը: Նպատակն էր պարզել, թէ մեծամասնութեան մոլորեցնող կարծիքին հետ համաձայնելու, համակերպելու ընդունակութիւնը ինչպիսին է տարբեր ազգերու մօտ: Փորձարկուողը անընդհատ կը լսէր մեծամասնութեան սխալ, բայց միահամուռ տեսակէտը եւ պէտք էր որոշում կայացնէր. կամ միանալ մեծամասնութեան, կամ պնդել իր տեսակէտը: Այս ուսումնասիրութիւնը իրականացած է Հարուըրտի մէջ (1957, ամառ), Օսլոյի ընկերային հետազօտութեան հաստատութեան մէջ (1957-1958 ուսումնական տարի), Սորպոնի մէջ (1958-1959 ուսումնական տարի): Միլկրէմ իրականացուցած է ընդհանուր առմամբ 14 գիտափորձեր, որոնք կը ներառէին 390 մասնակիցներ[12]: Նորվեկիացիներու ընտրանքին մէջ գրանցուած է համակերպման աւելի բարձր մակարդման, քան ֆրանսականը՝ իր աւանդական տարակարծութեամբ: Հաւանաբար կոմպակտ եւ միատարր նորվեկիական հասարակութիւնը աւելի հակուած է համակերպզօտութիւնը շատ կարեւոր էր, քանի որ անոր մէջ առաջին անգամ ազգային վարքի տարբերութիւններու հարցը կենցաղային հիպոթեզներէ եւ աւանդապատումներէ կը տեղափոխուի համակարգուած եւ հսկուող դիտարկումներու ոլորտ[13]:

1959-ի գարնան Միլկրէմ կը վերադառնայ ԱՄՆ՝ շարունակելով աշխատիլ Աշի հետ: Հակառակ խիստ ծանրաբեռնուածութեան, իր թեզին վրայ աշխատելով միայն հանգիստի օրերուն եւ գիշերները, ան աւարտին կը հասցնէ անիկա եւ Յունիս 1960-ին կը ստանայ ընկերային հոգեբանի PhD կոչում: Թէեւ Միլկրէմ արդէն ունէր Հարուըրտի մէջ ճանաչողական ուսումնասիրութիւններու գիտաշխատողի աշխատանքի առաջարկ, սակայն մեծ դժուարութեամբ կ'որոշէ ընդունիլ Եյլի համալսարանի (Yale) հոգեբանութեան բաժնին մէջ աշունէն օգնականի աշխատանքի անցնելու առաջարկը: Եյլի առաջարկը ընդունելու երեք հիմնական պատճառներ կային.

  1. Անձնապէս զբաղիլ հնազանդութեան ուսումնասիրութեամբ:
  2. Կատարել Հոլոքոստի ուսումնասիրութիւն:
  3. Իրականացնել իր վաղեմի երազանքը. ընկերային հոգեբանութեան մէջ խորանալ, հոգեբանութեան դպրոցին մէջ պաշտօն ստանալ, դասաւանդել եւ գիտափորձեր կատարել:

Յայտնի Գիտափորձեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միլկրէմի կատարած գիտափորձերու վերաբերեալ անոր կենսագիր պրոֆեսոր Թոմաս Պլաս (Thomas blass) կը գրէ, որ Հոլոքոստի նկատմամբ Միլկրէմ հետաքրքրուած էր, քանի որ իր «ողջ կեանքը կը նոյնացնէր հրեայ ժողովուրդին հետ»[14]:

Միլկրէմ իբրեւ հասուն մարդ անձնական հակամարտութիւն մը ունէր իբրեւ հրեայ, որ ինքզինք կ'ընկալէր օտարի պէս, իբրեւ նացիստական ոչնչացման զոհ, ինչպէս նաեւ հմուտ գիտնական[15]:
- Քրիսթեն Ֆերմախտ


Անոր կինը՝ Ալեքսանտրա Միլկրէմ յայտարարած է, որ Միլկրէմի հրեական ինքնութիւնը յանգեցուցած է Հոլոքոստի վրայ անոր ուշադրութեան կեդրոնանալուն եւ Հեղինակութեան հնազանդութիւն հետազօտութեան:

Տարիքի բերումով երջանկութիւն գտայ միանալով իսրայէլցիներու շարքերուն, իմացայ, որ իմ հաւատակիցներուս ողբերգական տառապանքները պատերազմէն բզկտուած Եւրոպայի մէջ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի եւ անդրադարձայ իմ ժողովուրդիս ժառանգութեան:
- Սթէնլի Միլկրէմ


«Հնազանդութիւն»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս գիտափորձը մեծ ճանաչում բերած է Միլկրէմին եւ ստացած է Միլկրէմի գիտափորձ անունը: Անիկա իրականացուած է Եէյլի համալսարանին մէջ 7 Օգոստոս 1961-ին: Նպատակն էր հասկնալ Հոլոքոստ իրականացնողներու մարդկային տեսակը, սակայն անսպասելի բացայայտում մը կ'ըլլայ եւ մեծ աղմուկ կը յառաջացնէ, քանի որ կը պարզուի, որ որեւէ բարեկիրթ քաղաքացի ընդունակ է դառնալու սադիստ եւ դահիճ:

Գիտափորձը մասնակիցներուն ներկայացուած էր իբրեւ յիշողութեան վրայ ցաւի ազդեցութեան ուսումնասիրութիւն: Փորձին կը մասնակցէին փորձարարը, փորձարկուողը («ուսուցիչ») եւ մէկ այլ փորձարկուողի դերակատարը («աշակերտ»): Փորձարարի հրահանգով աշակերտը պէտք էր սորվէր եւ զոյգ-զոյգ յիշէր տրուած բառերուն երկար ցանկը, իսկ «ուսուցիչը» պէտք էր աշակերտին յիշողութիւնը ստուգէր եւ պատժէր հոսանքահարելով՝ իւրաքանչիւր սխալի համար աւելի ու աւելի ուժեղ ելեկտրական լիցք հաղորդելով (նուազագոյնը՝ 15 Վ. - առաւելագոյնը՝ 450 Վ.)[16]:

Մասնակից «ուսուցիչները» տեղեակ չէին, որ պատժուող «աշակերտը» դերասան է: Այնուամենայնիւ, գիտափորձի մասնակիցներէն 2/3-ը կը հասնին վահանակին վերջին սեղմակին:

«Հերթի Խախտում»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յայտնի է, որ մարդոց մեծամասնութիւնը հերթերուն կարգն ու կանոնը խստօրէն կը պահպանեն: Իր ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ Միլկրէմ փորձած է հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի կարգը խախտելու պարագային:

«Ան կը խցկուի առանց հերթի» ֆիլմի պատրաստութիւնը կ'ենթադուէր, որ հերթի մէջ կանգնած մարդը պէտք է թոյլ չտայ իրմէ առաջ կանգնիլ: Միլկրէմի ուսանողները երկաթուղային դրամարկղերուն մէջ կանգնած հերթի սկզբնամասին մօտենալով անբռնազբօս ձեւով կ'ըսէին. «Կը ներէք, ես կ'ուզեմ այստեղ կանգնիլ»: Իբրեւ կանոն անոր կը հետեւէին դժգոհ խօսքեր կամ գոնէ հայեացքներ: Երբ «լկտիները» երկու էին, ապա կը դժգոհէին 90%-էն աւելին:

Գիտափորձի պայմանները քիչ մը փոխուելէ ետք, երբ մասնակիցներէն մէկը կամ երկուքը նախապէս կանգնած կ'ըլլային հերթին սկիզբը, իսկ խցկուող մասնակիցը կը փորձէր անկէ առաջ կանգնիլ եւ որեւէ դիմադրութեան չէր արժանանար (միտումնաւոր), ապա դժգոհութեան մակարդակը գրեթէ 20 անգամ կը նուազէր, հասնելով 5%-ի:

Նիւ Եորքի փողոցներով կը քալէին հոգեբանական դպրոցի ուսանողները եւ կը փորձէին ձեռքսեղմումով բարեւել անցորդներուն: Նոյնը կ'ըլլար աւելի փոքր բնակավայրերու մէջ։ Մեծ քաղաքներու ձեռքսեղմումներու 38,5% կը գրանցուի, իսկ ոչ մեծ քաղաքներուն մէջ՝ 66,7%:

«Կորսուած Նամակներ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընկերաբաններուն ու հոգեբաններուն անվերջ կը տանջէ, այն միտքը թէ ինչպէս կարելի է պարզել, թէ իրականութեան մէջ մարդիկ ինչ կարծիք ունին այս կամ այն հարցին վերաբերեալ, քանի որ բազմաթիւ հարցումներ կը հաստատեն, որ մարդիկ կը յայտնեն իրենց դատողութիւնները եւ միայն այն ինչ պէտք է պատասխանել: Միլկրէմ այդ կապակցութեամբ գիտափորձ մը առաջարկած է. հետազօտողը փողոցներու, զբօսայգիներուն մէջ եւ այլուր աննկատ կը ձգէ չուղարկուած նամակներու մեծ քանակ մը (հասցէն եւ նամականիշը փակցուած): Նամակները գտնողը պէտք էր որոշէր ինչպէս վարուիլ. նամակները ուղարկել փոստով, անտեսել, ոչնչացնել:

Կը պարզուի, որ որոշումը մեծմասամբ կախուած է անկէ, ուր հասցէագրուած է նամակը: Հասցէներու տարբերակները չորս էին. «Քոմունիստերու ընկերներու միութիւն», «Նացիստներու ընկերներու միութիւն», «Բժշկական հետազօտութիւններու կեդրոն» եւ Ուոլթր Քառնալ անունով ազնիւ մարդ մը: Հետագային Միլկրէմ կը յիշէ.

Մեր գիտափորձի մասին ես յայտնեցի Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրօ[17], որպէսզի կառավարութիւնը գումարներ չծախսէ գոյութիւն չունեցող դաւադրութիւնը բացայայտելու համար:
- Սթէնլի Միլկրէմ


Որպէսզի ընտրանքը մեծ եւ հաւասարաչափ ըլլայ գիտնականները նամակները սկիզբը կ'որոշեն ցրել ինքնաթիռէն, սակայն ատիկա այդքան ալ արդիւնաւէտ տարբերակ չէր (շատ նամակներ կ'իյնային տանիքներուն, ջրամբարներու մէջ, ճանապարհներու վրայ) եւ նոյնիսկ ինքնաթիռի անձնակազմին համար վտանգաւոր (որոշ դէպքերուն նամակները ինքնաթիռին ելեկտրականութեան սարքերուն տակ կը մտնէին):

Գիտափորձի արդիւնքները այսպիսին էին. հասցէատիրոջ կը հասնին բժշկական հատազօտութիւններու կեդրոնին եւ անհատ անձին հասցէագրուած նամակներու 70%-ը, նացիստներուն եւ կոմունիստներուն հասցէագրուածներուն՝ 25%-ը:

Հետագային այս մեթոտաբանութիւնը կիրարկուած է Հոնքոնկի, Սինկափուրի եւ Պանքոքի մէջ, որպէսզի պարզեն, թէ ապրողներէն որքանը կ'աջակցին Չինաստանի կոմունիստական կառավարութեանը[18]:

«Հինգ ու Կէս Ձեռքսեղմումներ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինչպէս յայտնի է, երկիրը փոքր է: Սակայն Սթէնլի Միլկրէմ միտք մը կը յղանայ՝ ստուգել այդ արտայայտությիւնը փորձնականօրէն: Կ'ընտրուի աչքի չզարնող քաղաքացի մը, օրինակ, պորսային միջնորդ Պոսթոնէն, որուն պէտք է գտնել: Որմէ ետք ամբողջ Ամերիկայի մէջ ամենատարբեր մարդոց, որոնք չէին ճանչնար այդ միջնորդը, յանձնարարութիւն կը տրուի որոշակի ուղերձ փոխանցել ուրիշին, որ ամենայն հաւանականութեամբ հնարաւոր ճանաչում էր փնտռուողին: Անոր ընկերը պէտք էր նոյնը կրկնէր, եւ այդպես շարունակ, մինչեւ ուղերձը հասնէր փնտռուողին: Կը պարզուի, որ երկու կամայականօրէն ընտրուած մարդոց միջեւ միջին շղթան հինգ ու կէսի կամ վեցի հաւասար է[19][20]:

Հակասական Վերաբերմունք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարուարտի մէջ աշխատելու Միլգկրէմի հեղինակութիւնը աստիճանաբար կ'աճէր, աւելի յայտնի կը դառնար ակադեմիական շրջանակներու եւ լայն հասարակութեան մէջ նաեւ շնորհիւ ամսագիրերու ու թերթերու մէջ իր հրապարակումներուն: Ան երբեք չէր խորշեր ճանչցուելէն: Անոր անուան շուրջ բուռն քննարկումներ կ'ըլլային:

Մեծ քանակութեամբ սեմինարներու եւ դասախօսութիւններու հրաւէրներ կը ստանար, անոր ամսագրային յօդուածները կը վերատպուէին, իսկ հոգեւորականները բարոյական քարոզներու մէջ օրինակներ կը բերէին Միլկրէմի աշխատանքներէն:

Տարիներ շարունակ Միլկրէմ կը ստանար նամակներ ամենատարբեր մարդոցմէ, որոնք հարցեր կու տային գիտափորձերու մասին, երբեմն ալ իրենց սեփական փորձով կը կիսուէին: Ընկերաբանը հաճոյքով կը պատասխանէր նամակներուն, սակայն այդ նամակագրութիւնը թերեւս չէ հրատարակուած:

Միլկրէմ Հարուըրտի մէջ իր կեանքին ամենախոր հիասթափութիւնը ապրած է: Ճանաչում ստանալով ան կ'ակնկալէր մշտական պաշտօն ստանալ վերջապէս։ Այդ հնարաւորութիւնը իրականութեան մէջ կը դիտարկուէր համալսարանի ղեկավարութեան կողմէ: Սակայն անոր թեկնածութիւնը կը մերժուի: Միլկրէմի կերպարը անմիջականօրէն կը նոյնացուէր անոր գիտափորձերուն հետ, եւ անոր առանց հիմնաւորման կը համարէին խելագար սադիստ գիտնական, որմէ աւելի լաւ էր հեռու մնալ:

Նման վերաբերմունքէն վիրաւորուած՝ Միլկրէմ կը հեռանայ Հարուըրտէն: Քոռնելի համալսարանէն եւ Պերքլիի Քալիֆորնիոյ համալսարանէն ստացուած նոր հրաւէրներ կը ստանայ, սակայն ան կը գերադասէ ոչ անուանի առաջարկը եւ պայմանագիր կը կնքէ Նիւ Եորքի քաղաքային համալսարանի (CUNY) հետ: Ան կը մտադրէր հետագային աւելի հեղինակաւոր կազմակերպութեան մէջ աշխատանքի անցնիլ, սակայն այնտեղ կ'աշխատի 17 տարի, մինչեւ կեանքին վերջը[21]:

Կոչումներ, Մրցանակներ Եւ Պարգեւներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Եյլի համալսարանի եւ Հարուըրտ համալսարանի դասախօս:
  • Նիւ Եորքի քաղաքային համալսարանի ասպիրանտուրայի վաստակաւոր փրոֆ.:
  • Ֆորտի հիմնադրամի կրթաթոշակ:
  • Գիտութեան զարգացման ամերիկեան կազմակերպութեան ընկերա-հոգեբանութեան մրցանակ
  • Կուկենհայմի կրթաթոշակ (guggenheim award):

Միլկրէմ մահացած է Նիւ Եորքի մէջ, սրտի կաթուածէ 20 Դեկտեմբեր 1984-ին, 51 տարեկանին, հինգերորդ սրտի կաթուածի հետեւանքով։

Անոր կինն էր՝ Ալեքսանտրա «Սաշա» Միլկրէմ, դուստրը՝ Միշել Սառան, եւ որդին՝ Մարք Տանիէլը:[22]

Հետաքրքրական Փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-ին Թոմ Պլասը հրատարակած է «Մարդը, որ ցնցեց աշխարհը. Սթէնլի Միլկրէմի կեանքն ու գործունէութիւնը» կենսագրական գիրքը (անգլերէն՝ The Man Who Shocked the World: The Life and Legacy of Stanley Milgram[23]):

2009-ին գերմանական Long Distance Calling[24] փոստ-ռոք խումբը իր Avoid The Light ալպոմին մէջ թողարկած է «I Know you Stanley Milgram»[25] («Ես կը ճանչնամ քեզի, Սթէնլի Միլկրէմ») երգը:

Մատենագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1963-ին Հնազանդութիւն. վարքագծային ուսումնասիրութիւն («Behavioral Study of Obedience») յօդուած
  • 1974-ին Հեղինակութեան հնազանդիլ. փորձարական ուսումնասիրութիւն («Obedience to Authority: An Experimental View»):
  • 1972-ին վաւերագրական ֆիլմ «Քաղաքը Եւ Անհատը» (The City and the Self )
  • 2015-ին պաստառ կը բարձրանայ «Փորձարարը» ֆիլմը: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են Սթէնլի Միլկրէմի 1961-ին կատարած շարք մը վարքագծային գիտափորձեր, որոնց ընթացքին կը ստուգուէր շարքային քաղաքացիներու իշխանութեան ենթարկուելու պատրաստակամութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Կերպարվեստի արխիվ — 2003.
  2. 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. Milgram S. The Small World Problem Archived 2013-04-18 at the Wayback Machine. Psychology Today. — 1967, էջ 61-67
  4. It’s a Small World After E-mail Columbia Magazine ամսագրում կոլումբացի գիտնականների ուսումնասիրության մասին
  5. Վեց ձեռքսեղմումներու տեսութիւն Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine. life.panorama.am
  6. The 100 most eminent psychologists of the 20th century. Review of General Psychology 6 (2). doi:10.1037/1089-2680.6.2.139.
  7. Blass, Thomas (1998). The roots of Stanley Milgram's obedience experiments and their relevance to the Holocaust Archived 2013-11-05 at the Wayback Machine. (PDF). Analyse & Kritik (Wiesbaden: Westdeutscher Verlag) 20 (1): 49. ISSN 0171-5860. OCLC 66542890.
  8. Thomas Blass (November 2000). Obedience to Authority: Current Perspectives on the Milgram Paradigm. Psychology Press. p. 1. ISBN 0-8058-3934-8
  9. Jackson, Kenneth T.; Markoe, Karen; Markoe, Arnie (August 1, 1998).The Scribner Encyclopedia of American Lives. New York, NY, USA: Charles Scribner's Sons. ISBN 0684804921. OCLC 755235271.
  10. 1 Alexandra Milgram, interviews with T. Blass, Riverdale, New York, April 25, 1993, and June 13, 1993.
  11. Milgram Stanley
  12. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Թոմաս Բլաս
  13. М.А. Степанова С. Милгрэм Студопедия. Очерк
  14. Thomas Blass From New Haven to Santa Clara A Historical Perspective on the Milgram Obedience Experiments University of Maryland Baltimore County
  15. "stanley+milgram"+jewish&hl=en&sa=X&redir_esc=y#v=onepage&q=%22stanley%20milgram%22%20jewish&f=false
  16. Obedience to Authority
  17. FBI
  18. Самые известные эксперименты Стэнли Милгрэма Эксперт online, Москва, 24 apr, sunday
  19. Travers J., Milgrem. S An Experimental Study of the Small World Problem // Sociometry, Vol. 32, No. 4. — 1969.
  20. Could It Be A Big World After All?
  21. Стенли Милгрэм Биография
  22. DANIEL GOLEMAN December 22, 1984 DR. STANLEY MILGRAM, 51, IS DEAD; STUDIED OBEDIENCE TO AUTHORITY Նիւ Եորք Թայմս, Obituaries
  23. Blass, T. (2004). The Man Who Shocked the World: The Life and Legacy of Stanley Milgram. ISBN 0-7382-0399-8
  24. Long Distance Calling
  25. I Know you Stanley Milgram