Jump to content

Սեւ Աղբիւր

Գիւղ
Սեւ Աղբիւր
Երկիր Սիրիա
Ենթարկում Քեսապ շրջան
Շրջան Քեսապ
Բնակչութիւն 46 մարդ
Ազգային կազմ Հայեր, ԱԼեւիներ
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ
Տեղաբնականուն քեսապցի
Ժամային գօտի UTC+2, ամառը UTC+3

Սեւ Աղբիւրը Քեսապ աւանէն մօտաւորապէս 2 Քմ. արեւելք գտնուող գիւղ մըն է Թուրքիոյ սահմանին շատ մօտ (200 մեթր)։ Սեւ Աղբիւրը կազմուած է 4 թաղերէ՝ հիւսիսային, կեդրոնական, հարաւային եւ մարտիկի բլուրին ետեւ գտնուող Տեսթուր թաղերէ։

Հակիրճ պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղը սկիզբը եղած է քեսապցիներու կալուածը ուր միայն ցանքի եւ հունձքի ատեն գիւղացին արժամեայ կայք կը հաստատեր ցմռան վերադարնալով Քեսապ։

1909-ի Ատանայի ջարդի ատեն գիւղ կը ներխուժեն թուրքեր ու կ՚այրէն բոլոր տուները։ 1911-ի մարդահամարի համաձայն Սեւ Աղբիւրի բնակչութիւնը կը հասներ 435 անձի այսինքն 71 տուն։

1915-ին գիւղացիները կը տարագրուին դէպի Տէր Զօր եւ Դամասկոս։ 1920-ին գիւղ կը վերադառնան միայն 94 անձ, 8 այլ գիւղացիներ մնալով շրջանէն դուրս։ Այսպէս գիւղի բնակչութեան մօտ 75 տոկոսը զոհուեցաւ տարագրութեան ժամանակ։

1939-ի սահմանը կ՚անցնի հիւսիսային եւ Տեսթուր թաղերու քովէն, այսպիսով գիւղի մէկ մասը կը մնայ Սուրիոյ մէջ սակայն ոմանց արտերուն եւ պարտէզներուն ամբողջութիւնը կ՛ըլլայ թրքական կալուած։ Սահմանը կը դառնայ անապահով։

1947-ին հայրենիք կը ներգաղթեն 225 անձ, եթէ նկատի առնենք որ 1955-ի գիւղի բնակչութեան թիւը 44 անձ կը համարուի, ուրեմն գիւղի մօտ 90 տոկոսը գաղթած է Հայաստան։

1960-ական թուականներուն ալեւի պարտիզագործեր կամաց-կամաց կը գնեն հողամասեր եւ բնակութիւն կը հաստատեն գիւղի բարձր եւ թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող թաղերուն մէջ։

1993-ի տուեալներով գիւղը ուներ 46 անձ բնակիչ այսինքն 9 տուն։

Բնորոշիչ Կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1990-էն իվեր Ասորի օրթոտոքս համայնքի վանքը որ նախկին բնակավայրն էր հայ ընտանիքի մը։
  2. Սանտիկ լերան վրայ կան գերեզմանի հետքեր։
  3. Նախկին Աւետարանական դպրոցը (գործած ընդհատաբար 1856-1942 թուականներուն) որուն պատերը դեռ կանգուն են։

Մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995
  2. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Բ. հատոր, Հալէպ, 1998
  3. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004
  4. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014
  5. Սուրիական մարադահամար՝ http://www.cbssyr.org/new%20web%20site/General_census/census_2004/NH/TAB06-6-2004.htm
  6. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Կայքէջ www.keaofla.com
  7. Լոս Անճըլէսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - տարեկան գրքոյկ 25 թիւ՝1991-2015
  8. Պէյրութի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից- Պէյրութ, 1955
  9. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր 4, 7, 12 - Երեւան 1974-1986
  10. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Քեսապն ու քեսապցին - Լոս Անճըլես 2011

Կաղապար:Հայկական սփյուռք