Jump to content

Սեւան Տէյիրմենճեան

Սեւան Տէյիրմենճեան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն հրապարակիչ
Մասնագիտութիւն բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի
Աշխատավայր Խմբագիր, Պոլսահայ մամուլի աշխատակից, թարգմանիչ
Կայքէջ arasyayincilik.com

Սեւան Տէյիրմենճեան ­ծնած է Պոլիս: Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու: Ուսուցիչ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Քատիր Հաս» համալսարանի մէջ։ Պոլսահայ մամուլի խմբագիր եւ աշխատակից, հրապարակիչ:

­Ծնած է Պոլիս, ուր ստացած է իր սկզբնական ու միջնակարգ կրթութիւնը՝ Հինդլեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Հայաստանի մէջ, աւարտելով Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրութեան բաժինը, «Մեհեան» եւ «Նաւասարդ» հանդէսներուն նուիրուած իր աւարտաճառով։ Նոյն հաստատութենէն ստացած է նաեւ յետբարձրագոյն կրթութիւնը՝ իր ատենախօսութիւնը պաշտպանելով Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին եւ ստանալով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի կոչում։

Սեւան Տէյիրմենճեան եղած է Հայաստան ուսանած առաջին երիտասարդը, որու ուսանողութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է եւ վկայականն ալ վաւերացուած Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն կողմէ։ Այս իմաստով ան եղած է կարապետ մը. իր թելադրանքով ու օժանդակութեամբ աւելի ուշ բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց կրթութիւնը շարունակած են Հայաստանի կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ 2005-ին վերադարձած է Պոլիս։

Սեւան Տէյիրմենճեան որպէս հայկական բաժնի խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Արաս» հրատարակչատան մէջ։ Ցարդ հրատարակած ու խմբագրած է Զապէլ Եսայեանի (Գրիգոր Պըլտեանի հետ), Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (Ս. Դւոյեանի հետ), Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միսաք Գոչունեանի եւ դասական այլ հեղինակներու մամլոյ մէջ ցրուած, առանձին հատորով մը չհրատարակուած գրական գործերը, յօդուածները։

Ներկայիս Կարօ Փայլանի խորհրդատուն է:

Ուսուցչական ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեւան Տէյիրմենճեան որպէս ուսուցիչ կը պաշօնավարէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Քատիր Հաս» համալսարաններուն մէջ, հայերէն ուսուցանելով բոլոր այն այլազգիներուն, որոնք ակադեմական կամ այլ նպատակներով կ՚ուզեն սորվիլ մեր մայրենին։ Շրջան մը իբրեւ հայերէնի ու գրականութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է նաեւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուրկէ սակայն վտարուած է՝ իր քաղաքական գաղափարներուն եւ «Ակօս»ի մէջ գրառած յօդուածներուն պատճառով։

Մամուլի աշխատակից եւ թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեւան Տէյիրմենճեան 1990-ականներու սկիզբէն ի վեր կ՚աշխատակցի պոլսահայ մամուլին՝ գրական, քաղաքական ու հանրային նիւթերու շուրջ յօդուածներ ստորագրելով, հարցազրոյցներ վարելով «Ակօս»ի համար։ Մաս կը կազմէ «Բագին»ի խմբագրական խորհուրդին։ Անցեալին եղած է նաեւ աշխատակիցը «Ժամանակ» եւ «Նոր Մարմարա» օրաթերթերուն։

Առիթ ըլլալու պարագային, կը մասնակցի գրական, լեզուական, կրթական գիտաժողովներու կամ հաւաքներու, կը սարքէ բանախօսութիւններ՝ ծանօթացնելով հայ գրականութիւնը օտար շրջանակներու։ Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ հայերէնէ թրքերէնի եւ հակառակը։