Միսաք Գօչունեան
Միսաք Գօչունեան | |
---|---|
Ծնած է | 16 Սեպտեմբեր 1863[1] |
Ծննդավայր | Հալէպ[1] |
Մահացած է | 15 Մայիս 1913[1] (49 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, հրապարակախօս, Խմբագիր |
Աշխատավայր |
Մանզումէի Էֆքեար[1] Ժամանակ[1] |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր |
Միսաք Գօչունեան (16 Սեպտեմբեր 1863[1], Հալէպ[1] - 15 Մայիս 1913[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), վիպագիր հրապարակագիր:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 16 Սեպտեմբեր 1863-ին, Հալէպ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կիւրինի Ազգային, յետոյ Այնթապի «Կիլիկեան» գիշերօթիկ դպրոցները: Վերջինէն շրջանաւարտ եղած է 1877-ին: Մանկութենէն օժտուած եղած է գործնական միտքով, կանուխէն նետուած է առեւտրական ասպարէզ, անցնելով Կեսարիա, ուրկէ Պոլիս (1831), ապա Եօզղատ. կրկին Հալէպ, Քիլիս եւ Այնթապ, իսկ 16 Հոկտեմբեր 1886-ին վերջնականապէս հաստատուած է Պոլիս: Պահ մը Գումգաբու վարժարան բացած է «Հեթումեան» անունով, որ երկու տարուան կեանք ունեցած է, յետոյ պաշտօնավարած է Թօփալեան վաճառատան մէջ: Իր Ա. Գրուածքը՝ Կեսարիայէն Մելիքեանի «Հայրենիք»ին ղրկուած թղթակցութիւն մըն է (Միսաք Գօչունեան), իսկ անկէ առաջ «Սնանկը» թատերախաղն՝ անտիպ:
Այնթապ ուսանող եղած ատեն, դասընկերներուն հետ «Բիւրակն» անունով դպրոցական թերթ մը հրատարակած է ձեռագիր, 1 տարի: Քէյֆսիզեան Մկրտիչ կաթողիկոսի հիմնած էր Նշան Թէրզեան անուն Սեբաստացի հայերէնի ուսուցչին, որ առաջին հայն էր երկրագործութիւնը սորվելու համար գաւառէն Եւրոպա անցնող տղոց, մինչ անոր բուն նպատակն էր յեղափոխութիւնը հասունցնել Լօզանի մէջ: 1891-ին երբ «Մանզումէ»ի արտօնատէր Կ. Փանոսեան կաթուած ունեցաւ, մասնախումբ մը թերթին խմբագրական եւն յանձն առաւ. ամէն հոգ յանձնեց Քասիմի, որ 500 մը հազիւ ծախուող այդ լրագրին սպառումը բարձրացուց 3500-ի, նոյն ատենի թրքաբարբառ հայաթերթի մը համար մեծ բան: Բայց տխուր մատնութեամբ մը «Մանզումէ» գոցուեցաւ եւ ինք խիստ հարցաքննութիւններէ դժուարաւ պրծելով՝ անցաւ Էրէյլի: Ունճեանի հիմնած հանքածուխի ընկ. Եան վարիչ հաշուակալի պաշտօնով, զոր տարի մը շարունակելէ ետք դարձաւ Պոլիս 1894-ին, մտնելով «Սապահի» խմբագրատուն՝ իբր վարիչ պաշտօնեայ:
1887-ին սկսած է կանոնաւորաբար թղթակցիլ «Նոր Դար»ին՝ Անուշաւան ծածկանունով: Նոյն ատեններուն էր որ «Արեւելք»ի մէջ գրած է «Անկլիգան եկեղեցին եւ Մկրտիչ Եպս.» յօդուածը շահեկան, յուզելով նոյն եկեղեցին՝ Կիլիկիա հիմնուելուն պարագաները: Յետոյ ծայր տուած է թէ ինչո՞ւներու շարքի մը (Ա.ը «թէ ինչո՞ւ չեմ ամուսնանար»), ուր ընկերային եւ ընտանեկան շատ մը հարցեր իրենց լուծումը կը գտնէին բարացուցական զուարթախոհ ոճով մը, որ զայնս ստորագրողին նկարագիրը կը յատկանշէ արդէն. (եթէ երբեք սակայն ստորագրութիւն կրէին անոնք. զի շատ մը յօդուածներ անստորագիր պահելու մենամոլութիւնն ունի ցարդ): Այդ յօդուածները Նշան Պէրպէրեան խմբած էր իր Տարեցոյցներուն մէջ: Օր մը Մ. Մամուրեանի ուղղեալ անհատական նամակ մը խմբագրելուն, անկէ ստացած դրուատալից պատասխանէն քաջալերուած՝ Քասիմ սկսած է թղթակցիլ «Ա.Մամուլ»ի (իր գրած ծածկանունին կնքահայր ունենալով մեծանուն Իզմիրցին), պատկերելով պոլսահայ ազգ. կեանքը, որուն իբր լրացուցիչ՝ Շահնուր իր խայթհամեղ թղթակցութիւնները կ՚երեւցնէր յաճախ: Աւելցնենք թէ ատոնց քննադատական ուղղութեան մօտեցող՝ Վաղինակ մը յաջորդեց, նոյն պարբերականին վերջին տարիներուն:
Քասիմ 1887-ին գրած է «Մէզարտա պիր իզտիվաճ» թրք. թատերախաղ մը, Գաջաֆեանէ վճարուած իր առաջին երկը, զոր շարած է հիմա ծանօթ գոհարավաճառ Սիսակ Աշճեան (այն ատեն գրաշար՝ Գավաֆեանի քով):
Քասիմ 1896-ին կարգուած է ոսկերիչ Կարապետ Քիւրքճեանի աղջկան՝ Օր. Արտէմի հետ եւ կնքած երջանիկ ամուսնութիւն մը, զոր ցարդ կ՚երգէ՝ ի դէպս պարագայի՝ իր խմբագրականներուն մէջ:
Ջարդի տարին, ինչպէս շատ մը հայեր՝ ինք եւս մատնուեցաւ նիւթական ձախողանքի: Այդ թուականին է որ դիմած է Թիֆլիսի հրատարակչականին, «Կեանքի տեսարաններ» խորագիրով նոր ձեռագիրներ յղելով եւ պրակ գլուխ 3 ոսկի ստանալով: «Մանզումէ» երբ վերջնականապէս անցաւ Յովհ. Գայսէրեանի, թերթին խմբագրութիւնը յանձնուեցաւ Քասիմի, որ նոր ուժեր իր շուրջը խմբած՝ տարուէ տարի աննախընթաց կերպով ժողովրդական դարձուց զայն, թէեւ թերթը քանիցս դադրեցուեցաւ գրաքննութենէն, եւ արտօնատէր ու խմբագրապետ բանտուեցաւ ստոր զրպարտութեանց հետեւանքով, որ ընթացիկ նորոյթ էին հին ռէժիմին: Այդ ժողովրդականութեան նպաստեցին իր թերթօն-վէպերը: Նարեկի թարգմանութիւնը, Ե. Տէր Անդրէասեանի, Ժ. Շիրակացիի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի եւ այլոց մշտատեւ աշխատակցութիւնը, մանաւանդ այն ոգին, որ օրուան զանազան հարցերու շուրջ քողարկեալ քննադատութեանց շրջանը տեւած է մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակում, որմէ յետոյ 15 Հոկտեմբեր 1908-ին, հիմնեց իր առաւօտեան թերթը «Ժամանակ», որ ցարդ կը շարունակուի:
Երկերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Կեանքի տեսարաններ» (տպ. Թիֆլիս 1897)
- «Խորհրդաւոր Աղջիկը»
- «Տունէն ներս»
- «Կարապետ» (վրէժխընդիրը)
- «Ժողովուրդին դիրքը»
- «Աշխարհաբար Նարեկ»
Նաեւ «Բիւզանդիոն»ի, «Մանզումէ»ի ու «Ժամանակ»ի մէջ թերթօնուած ընդհ. եւ ազգ. այլ վէպեր՝ «Բախտախնդիրը», «Ժառանգորդը», «Կնճռոտ հանգոյց մը», «Ոսկիներու ճամբուն վրայ», «Կրակին մէջէն» եւայլն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, հատոր Գ., էջ 572:
- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.