Jump to content

Սարգիս Վահագն

Սարգիս Վահագն
Ծննդեան անուն Սարգիս Գաբրիէլ Փաթափութեան
Ծնած է 7 Հոկտեմբեր 1927(1927-10-07) (97 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ուսումնավայր Ֆրանսական Լիսէ (Պէյրութ)
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, Խմբագիր, թատերագիր

Սարգիս Վահագն (Սարգիս Գաբրիէլ Փաթափութեան, 7 Հոկտեմբեր 1927(1927-10-07), Պէյրութ, Լիբանան) գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, թատերագիր, վիպագիր։

Արտեմ Փաթափուփեանի հայրը։

Ծնած է Պէյրութ, հաճնցի հօրմէն եւ շապինգարահիսարցի մօրմէն։ Նախնական ուսումը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, ապա երկրորդականը շարունակած՝ տեղւոյն ֆրանսական Լիսէն, եւ աւարտած Առեւտրական ճիւղը՝ 1945-ին։

Ան ամուսնացած է վաստակաշատ դաստիարակուհի Հայկուհի Աճէմեանին հետ, ունի երեք զաւակներ: 1987-էն ի վեր բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըս։ Ստեղծագործել սկսեր է պատանի հասակէն։

Իր կրտսեր տղան՝ Արտեմը Հոկտեմբեր ՛ 2021ին արժանացաւ Նոպելեան համբաւաւոր մրցանակին՝ բժշկագիտական մարզէն ներս իր թանկարժէգ գիւտարարութեան առ ի գնահատանք:

Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով ներգրաւուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի սեռով։ Յիսունական թուականներէն սկսած է մաս կազմել այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւուրումներու։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։

Իր գրութիւնները, 1954-էն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Համայնապատկեր» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։

«Շիրակ» ամսագրի խմբագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագրին եւ ապա մօտ տասը տարի, մինչեւ 1986 մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։

Շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։

1958-1959 թուականներուն, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիւռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» արուեստի պարբերագիրքը։

Հրատարակած գործերէն են՝

  • «Մատանիներ»՝ պատմուածքներ (Պէյրութ, 1969)
  • «Արմատներ»՝ պատմուածքներ (Երեւան, 1981)
  • «Նայիրեան մորմոք»՝ թատրերգութիւն (Պէյրութ, 1982)
  • «Աշոտ Ողորմած»՝ թատրերգութիւն (Լոս Անճըլըս, 1991)
  • «Տագնապը»՝ պատմուածքներ (Լոս Անճըլըս, 2000)։
  • «Արշիլ Կորքի»՝ վէպը (Լոս Անճըլըս, 2004) կու գայ ամբողջացնել գեղարուեստական արձակի իր եռափեղկ շարքը:
  • «Գրական համաստեղութիւն»՝ գրադատութիւն (Լոս Անճըլըս, 2008)
  • «Շուրջը Ոչինչ»՝ Արմէն Լիուպէնի (Շահան Շահնուր) ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններու ամբողջական թարգմանութիւն (Լոս Անճըլըս, 2007)[1]
  • «Հաճը՜նը Սիրուն...»՝ վէպ
  • «Ծաղկաքաղ»՝ պատմուածքներու լիակատար ժողովածու։[2]
  • « Ինքս՝ Ինձ Հետ» Յուշավէպ, 2019[3][4]։

«

« Չորս հարիւր քսան հոգիներն էին միայն, որպէս վերապրողներ բախտն ունեցան ԱՏԱՆԱ հասնելու:....... Բայց ո՛վ զարմանք դար մը ամբողջ, ազգովին յամառեցանք երգել ու դեռ պիտի երգենք թէ՝ ՛՛Միայն ապրեցաւ ՀԱՃԸ՜՜ՆԸ ՍԻՐՈՒՆ...՛ .՛»: Շնորհակալութիւն Սարգիս Վահագն որ կը յիշեցնէք երգել եւ մեր պապենական հարստութիւններուն անդրադառնալ: Ժամանակին Մկրտիչ Արմէնը գրած էր- «ՊԱՏՈՒԻՐԵՑԻՆ ՅԱՆՁՆԵԼ ՁԵԶ...» իր տաժանակիր Սիպիրեան աքսորավայրին մասին... Իսկ դուք գալիք սերունդներուն յանձնեցիք՝ «ՀԱՃԸ՜ՆԸ ՍԻՐՈՒՆ»-ը: Յուշակոթող մըն է իսկապէս... ի հեճուկս բոլոր անոնց որ տակաւին կ՛ուրանան, հոգիի սփոփանք մը՝ բոլոր անոնց, որ անվերադարձ գացին . . . եւ արխիւային փաստաթուղթ մը՝ բոլոր անոնց, որ արժանի են արդար ժառանգորդն ու զաւակը կոչուելու Սիրուն Հաճընին:

«Արշիլ Կորքի» վէպը վերատպուած 2022ին Երեւանի մէջ այս անգամ հայաստանի բառբարով եւ ուղագրութեամբ:

Մրցանակներ եւ շքանշաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արժանացած է,

  • «Արշիլ Կորքի» վէպի համար՝ ՀՀ-ի Թեքէեան Մշակութային Միութեան գրական եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակներուն։
  • 2008-ին արժանացած է Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ․-ի շնորհած Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիամ Սարոյեան» շքանշանին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]