Սարգիս Արզուեան
| |
Ծնած է | Օգոստոս 1872 |
Մահացած է | անհայտ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Սարգիս Արզուեան (Սարգիս Արզուեան, Օգոստոս 1872 - անհայտ), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարգիս Արզուեան ծնած է Օգոստոս 1872-ին, Անգարա նահանգի Կեսարիոյ գաւառի Թալաս քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, այնուհետեւ ուսանած՝ Կոստանդնուպոլիս։ 1897-ին աւարտած է Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի բժշկական համալսարանը եւ բժշկական վկայական ստացած։
1897-ին, Կոստանդնուպոլիս վերադարձած է, ուր ենթարկուած է թրքական ոստիկանութեան բռնութիւններուն, ձերբակալուած ու բանտարկուած երկար ժամանակով։ Բանտէն ազատելէ ետք, երբ նոր սկսած էր բժշկութեամբ զբաղիլ, աքսորուած է Կեսարիա։ Ճամբուն վրայ, Սեւ ծովու Սինոպ նաւահանգիստին մէջ, փախած ու պահուըտած է ռուսական շոգենաւուն մէջ, սակայն նաւապետը Արզուեանը յանձնած է թրքական ոստիկանութեան։ Ֆրանսական կառավարութեան միջնորդութեամբ, Կեսարիոյ աքսորավայրէն որոշ ժամանակ մը ետք վերադարձուած է Կոստանդնուպոլիս, ուրկէ փախած է ու հաստատուած՝ Փարիզ։
Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն օգտուելով, Սեպտեմբեր 1908-ին, վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մրցոյթի մասնակցելով, Դամասկոսի նորաբաց թրքական բժշկական վարժարանի՝ մանրէաբանութեան եւ առողջապահութեան դասատու նշանակուած է։ 1914-ին, վարժարանին թուրք պաշտօնակիցներուն սադրանքով՝ պաշտօնանկ եղած է եւ Կոստանդնուպոլիս վերադարձած։
1914-ին՝ Ա. համաշխարհային պատերազմի ատեն, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած՝ զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ։ Եղած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայ բժիշկներու միութեան անդամ։ 1919-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին՝ վիրաբուժական գործիքներ նուիրած է։ Այլեւայլ թերթերու մէջ հրատարակուած եւ անտիպ առողջապահական բնոյթի յօդուածներու հեղինակ է։ 1922-ի վերջերուն, տեղափոխուած է Նեապոլ, ապա՝ Ֆրանսա եւ հաստատուած Մարսէյ քաղաքին մէջ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ալպոյաճեան Արշակ «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ», Բ. հատոր, Գահիրէ, 1937
- Պոտուրեան Մկրտիչ «Հայ հանրագիտակ», Պուքրէշ, 1938
- Յարման Արսէն «Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի», Սթամպուլ, 2001 (թուրք.)