Սասունցի Դաւիթ (յուշարձան)
«Սասունցի Դաւիթ» արձան, ձիարձան «Սասունցի Դաւիթ» հրապարակին վրայ։ Հեղինակը Երուանդ Քոչարն է։ Յուշարձանը տեղադրուած է 1959–նին։ Ընդգրկուած է «Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկ»ին մէջ։
Հեղինակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ճարտարապետ՝ Միքայէլ Մազմանեան
- Քանդակագործ՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Երուանդ Քոչար[1]
Տուեալներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քանդակը կառուցուած է կոփածոյ պղնձէ եւ պազալտէ, չափերն են՝ 6,5x2,2x9,3 մ․։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1939–ին Երեւան կը պատրաստէին տօնել «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի 1000-ամեակը։ Տօնակատարութիւններուն նախօրէին որոշուեցաւ կայարանամերձ հրապարակին կանգնեցնել դիւցազնավէպի հերոսին քանդակը։ Քանդակին վրայ աշխատանքներն սկսած են 1939–ին՝ հայկական դիւցազնավէպի գծագրեալ նկարաշարին զուգընթաց։
Յայտարարուած մրցոյթին, առարկեցին քանդակագործներու մէկ մասը․ պնդեց, որ արձանը ստեղծելու համար հարկաւոր է մէկ-երկու տարի, իսկ մնացեալները այլ պատուէրներով զբաղուած էին։ Միայն նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչարը, որ նոր վերադարձած էր Ֆրանսիայէն յանձն առաւ կարճ ժամանակամիջոցին իրականացնել այդ աշխատանքը։
Վարպետ աշխատանքն աւարտեց անհաւատալի կարճ ժամկէտով՝ 18 օրուան մէջ։ յուշարձանը կը տեղադրուի կայարանամերձ հրապարակին եւ այնտեղ կը մնայ մօտ 2 տարի։ 1941 թուականին Քոչարի կը ձերբակալուի եւ արձանը կ′ ոչնչացուի։ Քանդակագործին կը բերագրուէրմեղ թէ «մերկացրած սրով հեծեալը կը նայի դէպի «բարեկամ» Թուրքիա...» եւ այդ հաւասարազօր էր «ժողովուրդի թշնամի» կոչուելով։ Երկու տարի, չորս ամիս բանտարկուելէ ետք Քոչարին ազատ կ′ արձակուի։
1957–ին Խորհրդային իշխանութիւնները կ′ որոշեն արձանը վերականգնել եւ Քոչար կը ստեղծէ իր գլուխ–գործոցներէն մէկը։
Արձանի բացումը տեղի ունեցաւ 1959 թուականի 3 Դեկտեմբերին կայարանամերձ հրապարակին մէջ (այժմ՝ Սասունցի Դաւիթի հրապարակ)։ Իշխանութիւնները ամէն ջանք թափած էին, որպէսզի արարողութիւնը աննկատելի անցնի, սակայն ժողովուրդը արձանի բացումը կը վերածէ համազգային տօնախմբութեան, ինչպէս գրած է ականատեսը՝ «կատարուածը հնարաւոր չէ նկարագրել....»։
Հետաքրքրաշարժ փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Սասունցի Դաւիթ» արձանը պատկերուած է 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան կեդրոնական դրամատան հրատարակած 5 ռուբլի անուանական արժէքով յոբելեանական մետաղադրամին, ինչպէս նաեւ 1994 թուականին ՀՀ ԿԲ-ի հրատարակած 25 դրամ անուանական արժէքով «Սասունցի Դաւիթ» արծաթեայ յուշադրամին։
- ԽՍՀՄ նամականիշը 1968–ին հրատարակած է Երեւանի 2750-ամեակին նուիրուած նամականիշ (12 կոպեկ), ուր պատկերուած է «Սասունցի Դաւիթ» արձանը։
- «Սասունցի Դաւիթը» երկար տարիներ «Հայֆիլմ» շարժապատկերի արուեստանոցին խորհրդանիշն է։
- «Սասունցի Դաւիթը» Երեւանի ամենածանր յուշարձանն է. կը կշռէ 3,5 թոն։