Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս | |
---|---|
Ծնած է | 2 Սեպտեմբեր 1958 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | Օգոստոս 2021 (62 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստան |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, հանրային գործիչ |
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս (2 Սեպտեմբեր 1958, Պոլիս, Թուրքիա - Օգոստոս 2021, Երեւան, Հայաստան), հայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պոլիս։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Նոր Դպրոց եւ Էսայեան Վարժարանները։ Ապա յաճախած է Կեդրոնական Վարժարան, ուրկէ աւարտական դասարանին փոխադրուած է Շիշլի Լիսէսի։
Ռաֆֆիի մամուլի աշխատութեան առաջին օրինակները յայտնուած են «Մարմարա» օրաթերթի էջերուն վրայ։ Ան ընկերակցութեամբ իր խումբ մը ընկերներու որոշ ժամանակ «Մարմարա»ի էջերուն վրայ պատրաստած է «Մենք՝ Նոր Սերունդ» խորագրեալ յատուկ էջ մը։
Արաքսի լրագրութեան աշխատանքի մէջ արտակարգօրէն յատուկ երեւոյթ մըն եղած է «Ակօս»ի երկլեզու հրատարակութիւնը։ Մեծ ոգեւորութեամբ ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը եւ իսկոյն մաս կազմած «Ակօս»ի անձնակազմին։ Այդ տարիներուն ան իր ուսումը կը շարունակէր Փարիզ եւ նոյն ոգեւորութեամբ կը մասնակցէր, այս անգամ Ֆրանսական երկնակամարին տակ հնչող հայկական նոր արձագանգի մը, որն էր «Ռատիօ Ազգ» նախաձեռնութիւնը։ Հայ կեանքէ ներս իւրաքանչիւր ոստում, իւրաքանչիւր նոր նախաձեռնութիւն հրճուանքի, յուզումի եւ ոգեւորութեան պատճառ մը եղած է իրեն համար եւ չէ կրցած անտարբեր մնալ[1]։
1990-ական թուականներու սկիզբին, երբ Հայաստան կը վերագտնէր իր անկախութիւնը, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս հաստատուած էր Երեւան։ Այս անգամ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն աշխատակցիլ սկսած էր՝ մանաւանդ այդ տարիներու ամենահեղինակաւորներէն «Ազգ» օրաթերթին[2]։ Ռաֆֆի Արաքս Հայաստանի մէջ աշխատած է «Հայ Ֆիլմ» սթիւտիոյի մէջ, իբրեւ օգնական անուանի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանին։
Որոշ ժամանակ Հայաստանի մէջ ապրելէ վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս որոշած է վերադառնալ Ֆրանսա։ Փարիզ վերահաստատուելէ վերջ, լրագրական գործունէութիւն ծաւալելու առընթեր, մասնակցութիւն բերած էր՝ տեղւոյն Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (CRDA) գործունէութեան։ Այդ կեդրոնին գլուխը կը գտնուէր ֆրանսահայ մտաւորական Ժան-Քլոտ Քեպապճեան։
Ֆրանսայի մէջ անցուցած տարիներէն վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս որոշած էր վերադառնալ ծննդավայրը։ Վերահաստատուելով Պոլիս՝ ան այս անգամ սկսած է աշխատակցիլ տեղական զանազան լրատուամիջոցներու՝ մասնաւորապէս առցանց հարթակներու վրայ։ Այստեղ ապրած է իր ծնողներուն՝ բարեյիշատակ բժիշկ Հերմոն Արաքսի եւ ֆրանսերէնի երախտաշատ ուսուցչուհի Ռիթա Արաքսի հետ։ Իսթանպուլի մէջ ապրած տարիներուն, ընտրուած է Կղզեաց փոխ-քաղաքապետ, նախկին քաղաքապետներէն Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլուի պաշտօնավարութեան շրջանին[2]։
Իր վերջին աշխատութիւնն է «Արմէնպրէս»ի թրքերէն բաժնի խմբագրութիւնը[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Հայ Մամուլի Կորուստը. Րաֆֆի Հերմոն Արաքս Ոչ Եւս Է»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2021-08-12։ արտագրուած է՝ 2023-07-12
- ↑ 2,0 2,1 «Ոչ եւս է լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս»։ CIVILNET (hy-AM)։ 2021-08-11։ արտագրուած է՝ 2023-07-12