Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան
Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան |
---|
Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան (), Եգիպտոսի առեւտուրի եւ արտաքին գործերու նախարար, Եգիպտոսի Վալի Մոհամէտ Ալի փաշայի քարտուղարը[1]։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1700-ի սկիզբները Յովսէփ Պօղոսեան անուն կեսարացի երիտասարդ մը Զմիւռնիա կու գայ, ուր իր ազնիւ եւ խելացի ձիրքերով «Ապրոյեան» գերդաստանին սիրելի կ'ըլլայ, ինք կ'ամուսնանայ Ապրոյեանց աղջկան հետ, եւ երեք զաւակներ կ'ունենայ՝ Պօղոս (1775), Պետրոս եւ Մարիամ։ Տակաւին անչափահաս որբեր թողեով կը մեռնի եւ ոչ իսկ խորհելով, թէ՝ իր Յովսէփ կամ Եուսուֆ անունը որչափ պիտի բարձրանայ։
Հօր մահէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եուսուֆեան մանուկներ, դասատիարակուեցան խնամքով ու շռայլոթեան մէջ։ Ամէն մէկը զատ-զատ ուսուցիչներ ունեցաւ։ Պօղոս Եուսուֆ, բացի իր մայրենի լեզուէն, հմուտ էր նաեւ Թուրքերէն, Պարսկերէն եւ արաբերէն, յունարէն, իտալէրէն եւ ֆրանսերէնի, որոնք Զմիւռնիոյ պէս վաճառաշահ քաղաքի մը համար անհրաժեշտ էր։ Առաքել, ապա տեսնելով Պօղոսի յառաջադէմ վիճակը, իր տեղը առաջին թարգման կ'որոշէ՝ Անգլիացիներու Զմիւռնիոյ հիւպատոսին։ Այս պաշտօնին մէջ իր դիւանագիտական յատկութիւնը աւելի ճոխացաւ եւ այնքան սիրելի դարձաւ, որ երբ օր մը 1800-ին Կիպրոս կղզին գնաց՝ կարեւոր յանձնարարութեամբ մը, Անգլիացի ծովակալը Սըտնի Սմիթ ճանչցաւ զինք. հոնկէ Սմիթ տարաւ զինք Եգիպտոս եւ երբ Անգլիական նաւատորմը Ալէքսանդրիա կ'երթար՝ Ֆրանսացիները անկէ հանելու համար, Պօղոս Սիր Սմիթի Թարգմանն էր։ Այդ միջոցներուն ալ Քէօր Եուսուֆ փաշա վէզիրն ալ ցամաքէն հասած էր Եգիպտոս՝ Անգլիացիներու օգնելու համար. այս քաղաքական մեծ գործողութեան մէջ Պօղոս ցոյց տուաւ ճարտարամտութիւն եւ նուրբ քաղաքականութիւն։ Այնչափ սիրուեցաւ, որ վէզիրը տեսնելով անոր յաջողութիւնը, խնդրեց Անգլիացի ծովակալէն հրաման տալ իր ծառայութեանը մէջ մտնելու, վասն զի ըսաւ. «Ես քեզմէ աւելի կարօտ եմ ասանկ հանճարեղ Թարգմանի մը»։ Ծովակալը իր գործերը լմնցուցած ըլլալով Անգլիա պիտի դառնար, հետեւապէս արտօնեց որ Եուսուֆ փաշա վէզիրը Պօղոսը իր հետ տանի. վէզիրը իրեն առաջարկեց Բ. Դրան առաջին թարգմանի պաշտօնը, բայց Պօղոս պէյ մերժեց խոհեմութեամբ, ըսելով թէ. «Թէեւ մեծ շնորք մ'է այդ ինծի համար բայց նկատելով, որ այդ պաշտօնը շատ տարիներէ ի վեր Յունաց կը պատկանի եւ անոնց ժառանգութիւնն է, լաւ կ'ըլլայ որ իմ պատճառովս չզրկուին անկէ եւ ինծի հետ չթշնամանան»։ Ասոր վրայ վէզիրը պատասխանեց. «Խօսք չունիմ խոհեմութեանդ, բայց դուն ինծի համար մեծ ու պատուական ես հետեւաբար քեզի հրաման ինչ որ կ'ուզես խնդրէ ինձմէ»։
Պօղոս Պէյ Եգիպտոսի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պօղոս պէյ Եգիպտոսի Թարգմանն ըլլալու պաշտօնը խնդրեց. վէզիրը հաւանեցաւ ու թագաւորական հրովարտակով եւ մասնաւոր յանձնարարականով ղրկեց զինքը Եգիպտոս, որուն կուսակալն էր այդ Թուականին՝ Խուրշիտ փաշան։ Եուսուֆ պէյ Խուրշիտ փաշայի եւ անոր յաջորդ Մեհմետ Ալի փաշայի ատեն, թարգմանի պաշտօնէն զատ վարած է նաեւ առաջին խորհըրդականի, առաջին գործակալի եւ հազարապետի պաշտօնները մինչեւ 1833 թուական։ Մեհմետ Ալ
փաշա, որ հռչակաւոր եղած է իր խելացիութեամբ, չմոռցաւ ո՛չ միայն իր հաւատարիմ խորհրդականը, այլ՝ եւ օգտուեցաւ անոր խորհուրդներէն, որոնք ի վերջոյ Եգիպտոսի բարենորոգութեան նպաստեցին, զինքը անուանեց Պէյ, ասկէ զատ ալ վաճառականութեան եւ արտաքին գործերու նախարար անուանեց։ Եւրոպացիք ամէնքն ալ գովեցին Մեհմետ Ալի փաշան՝ ըրած ճարտար ընտրութեան համար, վասնզի իրենք քաջ կ'զգային, թէ՝ Եգիպտոսի յառաջդիմութիւնը մէյ մը վաճառականութեան բարզաւաճումէն նաեւ Արտաքին գործոց յարաբերութիւններէն կախում ունէր եւ որոնց մէջ մեծ ճարտարութիւն ցոյց կու տար Պօղոս Պէյ Եուսուֆ։ Այն հաշտութիւնը, որ 1836-ին ըրաւ Սուլթանը՝ Մէհմէտ Ալի փաշայի հետ, այնպէս վարպետութեամբ եւ յաջողութեամբ լմնցուց Պօղոս Պէյ որ Ֆրանսական լրագիրները յայտնի կերպով յայտարարեցին թէ եւրոպայի դիւանագէտներէն եւ ոչ մին կրնար այդպիսի դժուար խնդիր մը այնչափ շուտով եւ յաջողութեամբ լուծել ու լմնցնել՝ ինչպէս որ լմնցուց ըսին «սա խորագկս եւ մեծահանճար Հայը։» Իր խաղաղասէր եւ նրբամիտ քաղաքագիտութեան իբր ապացոյց Օսմանեան Պետութեան եւ Եգիպտոսի պատերազմին համամիտ չէր Մէհմէտ Ալի փաշա տեսնելով որ Պօղոս Պէյի գուշակութիւնը ճշմարիտ ելաւ եւ եւրոպական երեք մեծ պետութիւնները միաբանած են, Պօղոս Պէյի յանձնեց հաշտութեան խնդիրն որ կատարեալ ձեռնհասութեամբ յաջողցուց եւ թէեւ իրեն առաջարկուեցաւ ալ որ Պոլիս գայ եւ ծառայէ Սուլթան Մահժուտ արքային բայց ինք մերժեց լաւագոյն սեպելով միայն փոխարքային ծառայել, որուն անթիւ բարիքները տեսած էր։ 40 տարիներու երկար շրջանի մը մէջ որ ծառայեց Եգիպտոսի կուսակալին երբեք արատ մը չերեւաց իր գործերուն վրայ։ եւրոպական օտար մամուլը միշտ նպաստաւոր խօսած է Պօղոս Պէյի վրայ եւ երբ 1841-ին Լորտ Քալմիրսթոն Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարը՝ դաշնակից տէրութիւններուն վճիռը ղրկեց իրենց ծովակալին՝ Լորտ Սթրաթֆորտէնի։ մասնաւորապէս յանձնարարեց որ վճիռը երբ յանձնուի Մէհմէտ Ալի փաշային Պօղոս Պէյն ալ ներկայ գտնուի։ Հայր էր որբերու եւ աղքատներու, խոնարհամիտ, հեզ էր եւ ողորմած։ Շինած է Ալեքսսանդրիոյ եկեղեցին եւ պաշտօնեաներուն եկամուտ կապած, մեծամեծ օգնութիւններ եւ ազատութիւններ առած է լատին վանքերուն համար։ 1844 Յունուար 10-ին մեռաւ եւ Թաղումը պէտք եղած պատիւներով եղած չըլլալուն համար Մէհմէտ Ալի փաշա հրաման ղրկեց որ նորէն հանդէս ընեն եւ այս անգամ զինուրական պատիւներով նուագախումբով կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը։ նաեւ փաշան հրամայեց որ Ալեքսանդրիոյ եկեղեցւոյն ծախսը իր քսակէն հոգացուի եւ Պօղոս Պէյի տեղ ալ Յարութիւն Պէյը դրաւ (յետոյ Արթին Եագուպ փաշա)։ Պօղոս Պէյ երեսուն աղքատ տնւորներու ապրուստը ապահոված էր եւ Վենետիկի Մխիթարեան վանքին նուիրած է Եգիպտական մոմիայ մը։ Հրատարակել տուած է Տելեմաքի Հայերէնը 1826-ին Վենետիկի մէջ, Թարգմանութեամբ Հ. Մանուէլ Վ. Ջախջախեանի։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Օսմանեան Եգիպտոսը 1805-1879 թուականներին։ Գահիրէ, Եգիպտոս: Գահիրէի ամերիկեան համալսարան։ 1999։ էջ 283։ ISBN 9789774245442
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Բազմավէպ»,18845 Մխիթարեան հրատարակութիւն՝Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան: [Եգիպտոսի վաճառականութեան եւ արտաքին գործերի նախարարի կենսգրծ. (1774-1844)]. — Զ/90-6 (Բա) Տծ:
- «Համարօտ Պատմութիւն նոր ազգաց», Հեղինակ՝ Ամբրոսիոս Նար Պէյ, էջ՝ 191։