Պուտափեսթ, Հունգարիոյ մայրաքաղաքն է։ Ունի 1,7 միլիոն բնակիչ, իսկ քաղաքամերձ բնակավայրերուն հետ միասին՝ 2,5 միլիոն բնակիչ։ Պուտափեսթ Հունգարիոյ քաղաքական, առեւտրային, երթեւեկային եւ մշակութային կեդրոնն է։ Դանուբ գետը քաղաքը կը բաժնէ երկու հիմնական մասի. Պուտա (արեւմտեան մաս) եւ Փեսթ (արեւելեան մաս)։ Պուտան լեռնային եւ անտառաշատ է, իսկ Փեսթ մասը կը կազմէ Հունգարիոյ Մեծ Հարթավայր։ Պուտափեսթ Եւրոպական Միութեան իններորդ բազմամարդ քաղաքն է։
Պուտայի տարածքին ապրած են Ք.Ա. Ե. դարէն՝ կելտերը։ Հռոմէացիները նուաճած են կելտերու բնակավայրերը եւ ստեղծած Աքուինքըմ (լատիներէն՝ Aquincum) քաղաքը, որ Հռոմէական կայսրութեան կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկն է (Ա.- Ե. դարերուն)։ Հունգարները Թ. դարէն հաստատուած են այդ տարածքին։ Պուտայի ամրոցը հիմնուած է Պելա Դ․ թագաւորին կողմէն, իսկ Մաթիաս թագաւորին օրերուն դարձած է միջազգային վերածնունդի կեդրոն։ ԺԶ.- ԺԷ. դարերուն կը գտնուէր թուրքերուն լուծին տակ, ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն նորէն ծաղկում կ'ապրէր։ 1873-ին Պուտա, Փեսթ եւ Օպուտա («Հին Պուտա») քաղաքները միացան, այդ ժամանակէն ի վեր ամբողջ բնակավայրը կոչուած է Պուտափեսթ։