Jump to content

Պետիկ Հերկելեան

Պետիկ Հերկելեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Պետրոս Հերեան
Ծնած է 15 Փետրուար 1954(1954-02-15)
Ծննդավայր Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան
Մահացած է 10 Մարտ 1987(1987-03-10) (33 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, արձակագիր, Խմբագիր
Աշխատավայր Ազատ Օր
Ազդակ

Պետիկ Հերկելեան (գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան, 15 Փետրուար 1954(1954-02-15), Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան - 10 Մարտ 1987(1987-03-10)), բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր։

Ծնած է Լիբանանի Այնճար Գիւղը։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի ազգ. «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասընթացքներուն։

Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան hետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ հիմնարկէն շրջանաւարտ եղած է 1985-ին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ արկածի տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։

1976-ին գործուղղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած է «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։ 1978-ին վերադրաձած է Լիբանան եւ միացած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ իբրեւ սրբագրիչ։

Դպրոցական գրասեղաններուն վրայ իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է Պետիկ Հերկելեան։ 1973-ին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։

1983-ին, կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կ'արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։ Խոհափիլիսոփայական շիկացումներով եւ նուրբ քնարերգութեամբ յատկանշուող քերթութիւնը երիտասարդ բանաստեղծին կ'ապրի նոր զարգացում մը, երբ երկու տարի ետք՝ 1985-ին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր Պագանեմ» անուն իր երրորդ քերթողագիրքը։

1986-ին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը[1]։ Նոյն տարին խմբագրած է եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր Կեանքիս Գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։

Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքարումներէ ետք, մահացած է 10 Մարտ 1987-ին։

1992-ին, յետ մահու, տարաբախտ բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական Վերլուծական Էջեր» անուն հատորեակը[2], որ կ'ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Գրական-Երաժշտական Ձեռնարկ՝ Բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանի Յիշատակին»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2018-06-22։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18 
  2. «Գրական Արձակ Գիրքեր»։ mousaleranjar.org (hy-AM)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-23-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]