Jump to content

Պաղեստինի Ժողովուրդին Հետ Համերաշխութեան Միջազգային Օր

Պաղեստինի դրօշակի բարձրացման արարողութիւնը

Պաղեստինեան ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day of Solidarity with the Palestinian People), 2 Դեկտեմբեր 1977-ին (բանաձեւ 32/40 B)՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, 29 Նոյեմբերը յայտարարուած է Պաղեստինեան ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր։ [1] Միեւնոյն օրը, Ընդհանուր ժողովը ընդունած է Պաղեստինի բաժանման մասին բանաձեւը (բանաձեւ 181 (2))[2]։

Օրուան առիթով կը կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ՝ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին[3], ինչպէս նաեւ Ժընեւի[4] եւ Վիեննայի[5] կեդրոնատեղիներուն մէջ, որպէսզի Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւազրկումը եւ սիոնիստներու կողմէ այս երկիրին բռնագրաւումը չմոռցուի:

29 Նոյեմբեր 2012-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 138 «կողմ», 9 «դէմ» եւ 41 «ձեռնպահ» ձայներով կ'ընդունի Պաղեստինին ՄԱԿ-ի դիտորդ պետութեան կարգավիճակ տալու մասին բանաձեւը (բանաձեւ 67/19)[6]:

1920-ին, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը կ'աւարտի եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կը մասնատուի, Պաղեստին կը դառնայ Բրիտանական կայսրութեան գաղութը: Բրիտանիա, ինչպէս Պալֆուրի հռչակագիրին մէջ կը յայտարարուի, յարմար պայմաններ կը ստեղծէ դէպի Պաղեստին հրեաներու գաղթին համար: Այս գաղթը դանդաղ եւ առանց լարուածութեան չ'անցնիր: Սիոնիստական կազմակերպութիւնները տարբեր միջոցներու կը դիմեն` Պաղեստինի տարածքը գրաւելու համար: Անոնք կը փորձեն գնել պաղեստինեան հողերը: Իսկ այն վայրերուն մէջ, ուր համաձայնութիւն չի կայանար, անոնք բռնութիւն կը բանեցնեն եւ պաղեստինցիներուն  տուներն ու տարածքները կը գրաւեն: Այդ օրերուն, Պաղեստինի տարբեր շրջաններուն մէջ, կը սպաննուին հազարաւոր պաղեստինցիներ, իսկ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցներ կը տեղափոխուին դրացի երկիրներ: Սիոնիստները իրենց երկիրը կը հիմնեն հազարաւոր կիներու, տղամարդոց ու երեխաներու արեան գինով եւ արեւմտեան երկիրներու հովանաւորութեամբ: Այնուհետեւ, 1947-ին, արեւմտեան պետութիւնները ՄԱԿ-ի մէջ կը հաստատեն թիւ 181 բանաձեւը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Իսրայէլի գոյութիւնը:

30 տարի ետք, 1977-ին, Պաղեստինի ժողովուրդին պաշտպաններուն ջանքերուն շնորհիւ, 29 Նոյեմբերը կը հռչակուի Պաղեստինի ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր:

Արեւմտեան պետութիւնները եւ սիոնիստները չեն նշեր այս օրը[7]:

նօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]