Jump to content

Պաղդասար Վարդանեան

Պաղդասար Վարդանեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Զմառա, Լիճք, Էրզինճան, Թուրքիա
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Սեբաստիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյ­րութի Սեն Ժո­զեֆ Ֆրան­ս­ա­կան հա­մալ­սա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Պաղդասար Վարդանեան (1883, Զմառա, Սեբաստիոյ նահանգ - 1915, Սեբաստիոյ մօտ), հայ բժիշկ։

Ծնած է 1883 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի, Սեբաստիոյ գաւառի, Տեւրիկի գաւառակի՝ Զմառա աւանին մէջ։ Դեղագործ Վահան Վարդանյանի եղբայրն է։ Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի Ազգային Արամեան վարժարանէն ներս։ Աւարտած է Յիսուսեան միաբանութեան Սեբաստիոյ բարձրագոյն վարժարանը (գոլէճ) եւ կատարելագործած է ֆրանսերէն լեզուն։

1906 թուականին աւարտած է Պէյ­րութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1906 թուականին վերադարձած է Սեբաստիա եւ որպթս բժիշկ աշխատած։ Ունեցած է ընտանիք։ Եղած է Սեբաստիոյ ՀՅԴ կազմակերպութեան եռանդուն գործիչներէն։

1915 թուականի Մարտին Պաղդասար Վարդանեան լուր ստացած է, թէ՝ հայդուկ Սե­բաս­տա­ցի Մու­րա­տ բծաւոր տենդով ծանր հիւանդ է Սա­խա­րի լե­րան վրայ եւ անյետաձգելի բուժման կարիք ունի։ Բժիշկ Պաղդասար եւ բժիշկ Արմենակ Հայրանեան գաղտագողի բարձրացած են սարը եւ խոնաւ քարայրի մէջ գտած են ծանր հիւանդ՝ Սեբաստացի Մուրատը։ Նշանակած են անհրաժեշտ բուժումը, դեղերը տուած եւ վերադարձած։ Մի քանի օրէն Մուրատը լաւացած է, եւ թուրքերու դէմ կռիւներու ընթացքին նորանոր սխրանքներ գործելով հասած է մինչեւ Կովկաս։ Սակայն երկու բժիշկները ձերբակալուած ու բանտարկուած են։

1915 թուականի Մայիսին կամ Յունիսին, Սեբաստիոյ մօտակայքը՝ Մաշարլար Երի վայրին մէջ, Սեբաստիոյ արիւնարբու նահանգապետ Մուամմերին հրահանգով թուրք ոստիկան-զինուորներուն ձեռքով ընտանիքի անդամներուն հետ միասին սրախողխողի ենթարկուած է՝ 32 տարեկան հասակին։ Այնուհետեւ անոնց մարմինները կտոր-կտոր ըրած են՝ ի սարսափ միւս հայերուն։

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Համբարձումեան Վահան, Գիւղաշխարհ, Փարիզ, 1927։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Կազմեց Առաքել Ն. Պատրիկ, Պատմագիրք Յուշամատեան Սեբաստիոյ Եւ Գաւառի Հայութեան, հ. Ա., Նիւ Եորք, Պէյրութ, 1975, 880 էջ։
  • Թէ­ո­դիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Համբարձումեան Վահան, Գիւղաշխարհ, Երեւան, 2000։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), գիրք 1, Սեբաստիոյ նահանգ, Երեւան, 2004։
  • Իսկահատեան Յ., Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան, Գիրք Գ․, Պէյրութ, 2011, 395 էջ։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։