Պալքանեան միախառն անտառներ
Բնապահպանուած անտառախիտ շրջան | |
---|---|
Պալքանեան միախառն անտառներ | |
Պալքանեան միախառն անտառներուն տարածքը, PA0435 | |
Երկիր | Պուլկարիա, Յունաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Սերպիա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, Ռումանիա, Քոսովօ եւ Եւրոպական Թուրքիա |
Տարածութիւն | 224 344 քմ² |
Պալքանեան միախառն անտառներ․ Եւրոպայի ցամաքային բնապահպանման շրջան մը, ճշդուած Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամին (WWF) կողմէն։
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան միախառն անտառները կ՛անտառեն արեւելեան Պալքանեան թերակղզիին (մասնաւորաբար Պուլկարիա) տարբեր բարձրութիւններու վրայ գտնուող հովիտներ, դաշտեր եւ լեռնային դարվարներ, ինչպէս նաեւ Պալքանեան (Էմոս), Ռոտոփի, Ռիլա, լեռնազանգուածներուն ոչ բարձրադիր մասերը, ուր կը գտնուին Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառները։
Անոնք կ՛ընդգրկեն 224.344քլ² տարածութիւն մը։ Կը գտնուին Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Սերպիոյ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի, Ռումանիոյ, Քոսովոյի եւ Եւրոպական Թուրքիոյ երկրամասերուն միջեւ։
Բուսականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան միախառն անտառները ապաստանարանն են դիւրաթափ կաղնիներուն, անտառային հաճարենիին, սեւ շոճիին, սկովտեան շոճիին, Պոսնեան շոճիին, Մակեդոնական շոճիին, սպիտակ մայրիին եւ սովորական եղեւնիին։ Բարձրադիր մասերուն կը հանդիպինք Ալպեան գօտիի բուսականութեան։