Այս ամսուան խմբագրաթոնը կը նուիրենք Ձեր նախընտրած կամ նախասիրած նիւթերը բովանդակող յօդուածներուն, նաեւ՝ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածներուն բարելաւումին։
Չմոռնաք, որ Ուիքիփետիան ազատ հանրագիտարան է, մեզմէ իւրաքանչիւրին ազատութիւն տրուած է նիւթի ընտրութեան՝ օտար եւ հայ դէմքեր, դէպքեր, զանազան մասնագիտութիւններ, ասպարէզներ եւ երեւոյթներ, գրելու այս բոլորին մասին արեւմտահայերէնով․ սակայն պայման է, որ տարբեր աղբիւրներու նշումով հաստատենք գրութեան հաւաստիութիւնը:
Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, պիտի ընտրէ իրեն համար հաճելի 1 կամ 2 նիւթ, եւ յօդուածը պատրաստելու պիտի սկսի՝ ապահովելով աղբիւրներն ու նկարները։ Միասնական աշխատանքով պիտի բարելաւենք նաեւ՝ լեզուական ու բովանդակային, կարիք ունեցող յօդուածներուը։
Անցնինք աշխատանքի ու յառաջիկայ չորս օրերուն ընթացքին բոլորս միասին խմբագրենք՝ քաջ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր ներդրում կարեւոր է։
Ուշադրութիւն՝
Չմոռնաք ձեր յօդուածներուն անունները՝ ձեր ստորագրութեամբ, աւլեցնելու «Խմբագրել» եւ «Բարելաւել» բաժիններուն տակ։