Jump to content

Ալպիական Մանուշակ (պատմուածք)

Ալպիական Մանուշակ
Ալպիական մանուշակ
Տեսակ գրական ստեղծագործութիւն
Հեղինակ Ակսել Բակունց
Բնագիր լեզու հայերէն
Հրատարակութիւն 1927
Վիքիդարան Ալպիական Մանուշակ
Ուիքիքաղուածք Ալպիական Մանուշակ

Ալպիական մանուշակ, Ակսել Բակունցի պատմուածքներէն, որ գրած է 1925-27-ականներին։ Պատմուածքը ընդգրկուած է «Սեւ ցելերի սերմնացանը» ժողովածուի մէջ։ Պատմուածքը նուիրուած է Արփենիկ Չարենցի յիշատակին[1]։

Ակսել Բակունցը հանդէս եկած է 20-րդ դարու 20-ական թուականին։ Հայ գրականութեան մէջ անոր ինքնատիպութիւնը այն է, որ ան իր ստեղծագործութիւնները պատկերեց այնպիսի նրբութեամբ եւ քնքնշութեամբ, որ Աւետիք Իսահակեանը ըսած է. «Հայաստանում կայ մի գրող, որի բառերը զրնգում են կոմիտասեան շնչով եւ փայլատակում են Սարեանական կտաւների գոյներով, դա Ակսել Բակունցն է»: «Ալպիական մանուշակ» պատմուածքը Ակսել Բակունցի առաջին գործերէն մեկն է։ Այնտեղ արտայայտուած են անոր արձակի էական յատկանիշները՝ ուրոյն աշխարհազգացումը, բարոյական ու գեղագիտական ըմբռնումներու ինքնատիպութիւնը, անոր արուեստի փիլիսոփայութիւնը, անմնացորդ սէրը հայրենիքի եւ մարդու հանդէպ։

Գիւղ կու գան հնագէտը, նկարիչը եւ անոնց հետ է նաեւ ուղեկցորդը։ Անոնք պատմուածքի հերոսներն են։ «Ալպիական մանուշակ»ին մէջ կը պատկերուի իրականութեան եւ արուեստագէտներու հանդիպումը։ Նկարիչը զգայուն խառնուածքով մարդ է։ Ան Կաքաւաբերդ եկած է որպէսզի նկարէ բնութեան գեղեցկութիւնը։ Անոր մէջ կ՚արթննան գեղեցիկ յուշեր, որպէս մէկ այլ կնոջ լրացում։ Նկարիչը կնոջ այդ գեղեցկութեան մէջ չի նկատեր, որ ան հոգեր ունի, ընկճուած է։ Կաքաւաբերդէն նկարիչը կը տանի իր հետ գեղեցիկ տպաւորութիւն ու նոր կտաւ մը։ Իր հոգեբանութեամբ եւ մօտեցումով ան հարազատ է պատմուածքի սկիզբին եւ վերջնամասի խորհրդամշուող գեղեցիկի այն ընկալման, ըստ որ «բուրմունքից արբեցած բզէզին» մանուշակը ճոճք էր կը թուէր, աշխարհը ծիրանագոյն բուրաստան։

«Բուրմունքից արբեցած բզէզի» միւս տարբերակը հնագէտն է։ Եթէ նկարիչի համար անցեալը կ՚առնչուի այսօրուան, ապա հնագէտի համար գոյութիւն ունի միայն անցեալի գեղեցիկը։ Սա եւս կը փնտրէ գեղեցիկը, սակայն անցած գնացած գեղեցիկը։ Ան կը կոխոտէ նուրբ ու քնքուշ ալպիական մանուշակները՝ չտեսնելով անոնց քնքշութիւնը։ Հնագէտը չոր, միայն իր մասնագիտութեամբ հետաքրքրուող մարդ է։ Նկարիչը եւ հնագէտը պատմուածքին մէջ կերպարներ են փոխաբերական իմաստով։ Ակսել Բակունցը նկարիչի եւ հնագէտի կերպարներով ցանկացած է բնութագրել այն արուեստագէտներուն, որոնք աշխարհին կը նային բզէզի աչքերով։ Չեն տեսներ իրականութիւնը։ Անոնքեկան, տեսան միայն հաճելին, կեանքի մէկ եզրը եւ գացին, իսկ միւս եզրը կեանքի բուն խորքը վրիպեցաւ անոնց ուշադրութենէն։ Կեանքն ու գրականութիւնը նման արուեստագէտներու համար ժամանց է միայն, անկիրք հիացմունքի ու արբեցման առարկայ:

Պատմուածքին նիւթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեք ձիաւոր կը բարձրանան դէպի Կաքաւաբերդ։ Անոնցմէ մէկը հնագէտ էր, երկրորդը՝ նկարիչ, իսկ երրորդը կ՚ուղեկցէր անոնց։ Հնագէտը երկար շրջեցաւ բերդին մէջ, գտաւ Բակուր իշխանի դամբանը։ Նկարիչը հնագէտին անհրաժեշտ նկարները առնելէն ետք, նկարեց նաեւ պարիսպի մէկ հատուած ու պարիսպի տակ բուսած ալպիկան մանուշակներ։ Պատմուածքին մէջ կը նկարագրուի լեռնային Հայաստանի պատկերը՝ աւերակ բերդերով, ալպիական ծաղիկներու գեղեցկութեամբ, գիւղական կենցաղին բնորոշ տեսարաններով։ Պատմուածքը սովորական իմաստով նիւթ չունի, բայց անոր գաղափարը շատ խորն է։ Պատմուածքը դիտած ու գնահատած են տարբեր տեսանկիւններէ։ Համարած են «Նոր գիւղի ու կենցաղի պատկեր ու հին մնացուկներու քննադատութիւն»: Բայց այդ ճիշդ չէ։ Բակունցի նման բծախնդիր արուեստագէտը, որ սիրում է քչով շատ բան ասել, խտացնել իր մտքերը, պատմուածքում իւրատեսակ ձեւով կը կրկնէ հետեւեալ կրկներգը. «ծաղկափոշիի մէջ թաթախուած գունաւոր բզէզին մանուշակը ճոճք էր կը թուէր, աշխարհը ծիրանագոյն բուրաստան»: Վերադրարձին անոնք մօտիկ բնակավայրի մը վրանի մօտ իջան ձիերէն եւ թէյ խնդրեցին։ Մինչ կինը թէյ կը պատրաստէր, նկարիչը յիշեց կնոջ մը, որ այնքան նման էր այս կնոջ։

  • Ակսել Բակունց, Երկեր 2 հատորով, հատոր առաջին, Երեւան, Հայպետհրատ, 1964։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ««Ալպիական մանուշակ»»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-03