Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2022

Սուէզի ջրանցք

Սուէզի ջրանցք (արաբերէն՝ قناة السويس,‎) Միջերկրական ծովը Կարմիր ծովուն միացնող Եգիպտոսի արհեստական նաւարկելի ջրանցքը։ Փորուած է 1859 - 1869 թուականներուն։ Անիկա Միջերկրական ծովը եւ Հնդկական ովկիանոսը միացնող ամէնէն կարճ ջրուղին է (այլընտրանքային ուղին աւելի երկար է շուրջ 8 հազար Քմ.-ով)։

Ջրանցքին գիծը Ափրիկէի եւ Ասիոյ միջեւ պայմանական սահմանը կը համարուի։

Գլխաւոր նաւահանգիստներն են՝ Փոր Սայիտը Միջերկրական ծովուն վրայ եւ Սուէզը՝ Կարմիր ծովուն վրայ։

Կը գտնուի Սինայի թերակղզիին արեւմուտքը, երկայնքը՝163 Քմ., լայնքը` 250 մեթր, իսկ խորքը`20 մեթր:

Սուէզի ջրանցքը աշխարհի ամէնէն ծանրաբեռնուած ծովային առեւտուրի ուղիներէն մէկը կը համարուի:

1798-ին Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական արշաւանքին ընթացքին, Նափոլէոն Պոնափարթ հետաքրքրուած էր հնագոյն ջրանցքի մը մնացորդներուն որոնման աշխատանքներով։ Այս գործին համար կը հրաւիրէ հնագէտներ, գիտնականներ, քարտէսագիր մարդիկ եւ ճարտարապետեր, որոնք կ'ուսումնասիրեն եւ կը հետազօտեն ամբողջ հիւսիսային Եգիպտոսը․․․ Աւելին