Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/12

  • Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը (Ամերիկայի Սենաթը) 12 Դեկտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը ճանչնալով 1915-էն 1923 պատահածը որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն։ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցչական Տունը (Ամերիկայի Գոնկրէսը) այս տարուայ 29 Հոկտեմբերին արդէն վաւերացուց էր նմանօրւնակ բանաձեւ մը 405 դեր, 11 դէմ ու 3 ձեռնպահ քուէարկութեամբ։
  • Դեկտեմբեր 11-ին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը ընտրուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց նոր Պատրիարք ստանալով 119 կարելի քուէներէ 102-ը: Յուլիս 2019-ին, Սահակ եպիսկոպոսը, որպէս Պատրիարքական տեղապահ ընտրուած էր Պատրիարք Տէր Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանի մահուամբ Նուիրապետական Աթոռի թափուր մնալու պատճառով։
  • Հայ մեծ երաժիշտ, մանկավարժ եւ խմբավար Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի առիթով, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի բակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Կոմիտասի նուիրուած յուշարձանի մը որուն հեղինակն է պոլսահայ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան։ Իր կեանքի որոշ շրջանին Կոմիտաս գործած էր Պոլսոյ մէջ, ուր նաեւ ստեղծած էր «Գուսան» յանրայայտ երգչախումբը։
  • Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է աշխարհահռչակ աստղագէտ, «ԾեՔորնել» համալսարանի պատուոյ դասախօս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ եւ Հայ աստղագիտական ընկերութեան համանախագահ Երուանդ Թէրզեան։
  • Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900) «Փոթորիկ» գործը Փրակայի մէջ աճուրդում վաճառուեցաւ մօտ 705 հազար տոլարով: 1889 թուականով թուագրուած այդ նկարի գնորդը ռուս հաւաքող մըն է:
  • Նոյեմբեր 25-ին վախճանած է խորհրդային ամենայայտնի հետախոյզներէն՝ Գէորգ Վարդանեանի այրին՝ Գոհար Վարդանեանը: Նա 93 տարեկան էր: Գոհարը միացած էր իր ամուսնոյն հետ հակաֆաշիստական խումբի մը Թեհրանի մէջ: Հոն երկուքը խափանած էին Ստալինի, Ռուզուելթի եւ Չըրչիլի դէմ գերմանական հետախուզական ծառայութեան նախապատրաստած մահափորձը:
  • Հակա-dopping-ի Միջազգային Կազմակերպությունը` WADA-ն, 4 տարիով զրկեց Ռուսիան միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելէն կամ հիւրընկալելէն։ Ռուսիա նաեւ բացակայ պիտի մնայ 2020-ի Ողիմպիական Ամառնային եւ 2022-ի Ողիմպիական Ձմեռնային խաղերէն: Ռուս մարզիկներ կրնան մասնակցիլ անկախ կերպով, սակայն առանց Ռուսիոյ դրօշակին տակ ներկայանալէ։ Նման խիստ պատժամիջոցներու պատճառը Մոսկուայի տարրալուծարանին մէջ յայտնաբերուած խարդախութիւններն են, ծածկելու ռուս մարզիկներու dopping-ի դրական արդիւնքները։