Շտեմարան Պատանի Գիտելեաց
Արտաքին տեսք
Շտեմարան Պատանի Գիտելեաց Շտեմարան պիտանի գիտելեաց եւ Աւետաբեր եւ շտեմարան պիտանի գիտելեաց | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | Յունուար 1839 |
Հրատարակման վայր | Իզմիր եւ Կոստանդնուպոլիս |
«Շտեմարան պիտանի գիտելեաց», պատկերազարդ կրօնական ամսագիր։ Ամերիկեան միսիոնարներու հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1839-1842 թուականներուն, 1844-1846 թուականներուն, 1854 թուականին, Զմիւռնիա, ապա՝ Կոստանդնուպոլիս։
Քարոզած է կրօնը, Աստուածաշունչի դրոյթները, ձգտած է բողոքականութիւն տարածել հայկական շրջաններու, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ։
Տպագրած է նաեւ ազգագրութեան, երկրագիտութեան, աստղաբաշխութեան, ժամանակի գիտական նուաճումներու վերաբերեալ յօդուածներ, հրատարակած է բարոյախօսական զրոյցներ ու առասպելներ, հեքիաթներ, խրատներ, ասոյթներ։
Նախորդած է «Աւետաբեր եւ շտեմարան պիտանի գիտելեաց» եւ «Աւետաբեր» նոյնատիպ պարբերականներուն։