Աւետաբեր (շաբաթաթերթ)

Աւետաբեր
Տեսակ շաբաթաթերթ
Լեզու հայերէն՝ հայատառ եւ թրքատառ
Խմբագիր Միքայէլ Մինասեան, Յակոբ Ճեճիզեան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Սամուէլ Յարութիւնեան
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Աւետաբեր», կրօնական, ուսումնական, ընտանեկան եւ քաղաքական շաբաթաթերթ (հայերէն եւ հայատառ, թրքատառ)։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկեան միսիոնարներու ընկերութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1855–1915 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս (1855-1865 թուականներուն՝ «Աւետաբեր եւ շտեմարան պիտանի գիտելեաց»)։ Խմբագիրներ՝ Միքայէլ Մինասեան, Յակոբ Ճեճիզեան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Սամուէլ Յարութիւնեան եւ ուրիշներ (ունեցած է նաեւ ամերիկացի խմբագիրներ)։

Նպատակը արեւմտահայութեան մէջ բողոքականութիւնը եւ ամերիկեան ազդեցութիւնը տարածելն էր։

Կրօնաբարոյախօսական նիւթերէն բացի՝ տպագրած է նաեւ հայագիտական եւ գեղեղարուեստական գործեր։

1872–1915 թուականներուն լոյս տեսած են «Աւետաբեր»ի «Աւետաբեր տղայոց համար», «Աւետաբեր մանկանց» եւ «Աւետաբեր չոճուքլար իչիւն» (հայատառ, թուրքատառ) յաւելուած-հանդէսները։

Ըլլալով արեւմտահայկական աշխարհաբարով առաջին պարբերականներէն՝ «Աւետաբեր» նպաստած է անոր զարգացման։

Աշխատակցած են Երուանդ Քասունին, Յովհաննէս Պուճիգանեանը, Գէորգ Մեսրոպը, Յարութիւն Մրմրեանը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]