Շատախի հերոսամարտը
Շատախի հերոսամարտ․ 14 Ապրիլ 1915-էն մինչեւ կամաւորական գունդերու հասնիլը՝ Մայիսի վերջը, Շատախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւները, երբ հայկական բնօրրանը Ցեղասպանութեան առաջին թիրախներէն կը դառնայ։ Շատախի հայութիւնը, յար ու նման իր անառիկ լեռներուն, դարեր յաջողած ու դիմադրած է թրքական եւ քրտական յարձակումներուն։ Ինչ որ աննկատ չէ անցած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ եւ այդ իսկ պատճառով Վանի կուսակալութիւնը նախ եւ առաջ իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Շատախի վրայ եւ գաւառը Մեծ Եղեռնի ծրագրումի կիրարկութեան առաջին թիրախներէն կը դառնայ։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ կը ծագի Համաշխարհային Ա․ Պատերազմը եւ ռուս-թրքական պատերազմը, Հ․Յ․Դ․ գաւառներուն մէջ կը լծուի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման գործին։ Վանի եւ Շատախի մէջ մասամբ կը յաջողի եւ ռուսական բանակի նահանջով, հայութիւնն ալ կը գաղթէ արեւելեան Հայաստան։
1915-ի Ցեղասպանութեան սկզբնական օրերէն, Շատախը շնորհիւ իր կազմակերպած ինքնապաշտպանութեան կը կարողանայ կոտորածներէն փրկուիլ: Շատախցին հազարամեակներ ապրած է անառիկ լեռներուն վրայ, անոնց նման դարձած է տոկուն, հպարտ եւ քաջ։ Այս յատկութիւնները կը սատարեն, որ դարերով ան կարողանայ դիմադրել թրքական եւ քրտական արշաւանքներուն։
1908 - 2 Ապրիլ 1915
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1908-ի սահմանադրական փոփոխութիւնները ուրախութեամբ կ'ընդունուին Շատախի հայութեան կողմէ, սակայն ըլլալով վերապահ, ձեռք կը բերեն զէնք ու զինամթերք, երիտասարդութիւնը զինավարժութեան դասերու կը հետեւի, եւայլն։ Այս աշխատանքները կը կատարեն Հ․Յ․Դ․ գործիչները։
1914-ին աշունէն արդէն, պահակախումբեր դրուած են Շատախի բոլոր մեծ գիւղերուն մէջ։ Թուրքերը, քիւրտերու օգնութեամբ կը սկսին իրենց գրգռութիւնները։ Գրեթէ ամէնօրեայ են քրտական յարձակումները, որոնց կը հետեւին հայ-քրտական բախումներ։
29 Մարտ 1915-ին Շատախի երեւելիներէն Պետրոս Տէր Օհանեանը կը ձերբակալուի եւ Խումար կոչուած գիւղի ոստիկանատան մէջ կը սպաննուի: Թուրքերը Շատախի Թաղ գիւղին մէջ եօթը հայ կը ձերբակալեն: Անոնց մէջ են մտաւորական Յովսէփ Չոլոյեանը, զոր թուրքերը կը չարչարեն, կ'անդամահատեն եւ Տիգրիսի ջուրերուն կը յանձնեն: Արմշատի եւ Թաղի միջեւ կապերը կը կտրուին, երբ քիւրտեր հայեր կը սպաննեն։
Արմշատ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիւրտերը կը սպաննեն Ճամբորդող արմշատցի վեց հայեր եւ չորս հայ հովիւներ կը խողխողեն։ Նաեւ կը յարձակին Սըրկէթ գիւղին վրայ (Արմշատէն 3 քմ. հեռու) եւ քսան հայ կը սպաննեն: Հայերը կը հակադարձեն։
Արմշատ․ Զուտ հայաբնակ գիւղ, որ կը գտնուի Շատախ գաւառակին հարաւ-արեւմտեան կողմը, Տիգրիսէն երեք քիլոմեթր հեռու: 1880-էն ետք, գիւղին տուներուն թիւը կը բազմապատկուի ու կը հասնի 140-ի, իսկ բնակչութեան թիւը՝ մօտաւորապէս 1200-ի։
Դաւադրական սպաննութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կառավարութիւնը հարկ կը տեսնէ քննութիւն մը կատարել այդ բոլոր եղելութիւններուն շուրջ եւ այդ պատրուակով Դաշնակցութեան օգնութեան կը դիմէ։ Վանի կառավարիչ Ճեւտեթ փաշայի հրահանգով եւ կարգադրութեամբ Վանայ Իշխանէն կը խնդրուի երթալ ու տեղւոյն վրայ վէճերը լուծել ու կողմերը հաշտեցնել։ Իշխան երեք զինակիցներով 3 Ապրիլին կը հասնի Հիրճ գիւղը։ Անոնք երբ կը գիշերեն Հիրճ գիւղին մէջ, ոստիկանները Իշխանն ու երկու ընկերները կը սպաննեն:
Ինքնապաշտպանութեան պատրաստութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այդ պայմաններուն տակ հայերը կը ստիպուին Վանէն մինչեւ Շատախ եւ Արմշատ ինքնապաշտպանութեան դիմել։ Շատախի Թաղ աւանին մէջ կը կազմուի հայկական զինուորական մարմին մը, որ կը կազմակերպէ շրջանի հայկական բոլոր զինեալ ուժերը: Արմշատ (Շատախի հարաւ-արեւմեան մասի հայկական միակ մեծ գիւղը) իր ուժերը կը կազմակերպէ այս ծիրին մէջ:
Պատասխանատուներուն մտահոգութիւնն էր ո՛չ միայն Թաղի բնակչութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ գաւառի հայկական գիւղերը՝ թիւով 58, որոնք փռուած էին ընդարձակ տարածութեան վրայ՝ դաշտերու, լեռներու ու ձորերու մէջ։ Անհրաժէշտ էր անոնց երթեւեկութեան ճանապարհները կտրել։
Թաղի պահակագունդերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թաղը կռիւներու կենդրոնը կը հանդիսանար, որովհետեւ հոն եւ շուրջը կեդրոնացած էին երկու կողմերուն գլխաւոր ուժերը։ 29 Մարտի եղելութիւններէն ետք, Ջրաղացի թաղի հայերը կը տեղափոխուին Վերին եւ Ներքին թաղերը․ Ջրաղացը թուրքերուն ձեռքը կը մնայ (տե՛ս Շատախ, Նկարագրութիւն՝ Թաղ բաժին[1])։ Հայերուն ռազմական ուժերը (պահակագունդերը) գլխաւորաբար կը կեդրոնանան հետեւեալ կէտերուն մէջ․-
- Տէր-Մարգարեանի տունը. Տիգրիսի աջ ափին (Թաղ)․ դիմացը կը գտնուէր կառավարատունը՝ թշնամիին ուժեղ դիրքերէն։
- Գարունեանի տունը (Թաղ)․ կը հսկէր Վան տանող ճանապարհը։
- Հաջի Միրզիկի տունը (Թաղ), որ կը հսկէր Քարէ կամուրջին վրայ, որպէսզի կասեցնէ թշնամին։
- Այվազեանի տունը (Թաղ). կը գտնուէր Վերին թաղի արեւմտեան կողմը․ այս դիրքը կարեւոր կը դառնայ երբ Սոզուանց գիւղէն հայերը ետ կը քաշուին։
- Ամրկի Յակոյի տունը (Թաղ), այս դիրքը կը հսկէր Տախտակէ կամուրջին վրայ. երկու թաղամասերուն գլխաւոր անցքն էր եւ կոչուեցաւ «Տախտակէ կամուրջի դիրք»։
- Գլկանց տունը (Թաղ) կը հսկէր կառավարատան եւ Բերդ կոչուող բլուրի դիրքերուն վրայ։
- Ազգային քարայրը (այր) կը գտնուէր Ներքին թաղի կռնակը, Քիւրէկ լեռան հարաւ-արեւելեան լանջին, Թաղէն 100 մեթր բարձրութեան վրայ։ Կը տիրէր թրքական քանի մը դիրքերուն, ինչպէս նաեւ միացեալ Տիգրիսի հոսքին զուգահեռ գացող գլխաւոր ճանապարհին վրայ։
Ապրիլ 1-3 երթեւեկութիւնը Ջրաղացի եւ միւս թաղերուն միջեւ խզուած էր. երկու կողմերն ալ իրենց դիրքերը կ'ամրացնէին։
Գաւառին տարածքին պահակագունդեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թաղէն զատ, գաւառին տարածքին հայկական ռազմական գլխաւոր դիրքերն էին՝
- Շահրուրա բերդը, գաւառի հիւսիսային մաս. Արտոս լերան հարաւային լանջին վրայ։ Այս դիրքը կը տիրէր Փեսանդաշտ եւ Խորզանք հացառատ լեռնադաշտերուն եւ անոնց քրտական գիւղերուն վրայ, ուր 22 հայ ընտանիքներ կ'ապրէին։ Ինչպէս նաեւ Վանէն եւ Ոստանէն եկող ճանապարհներուն վրայ։ Հայ զինիալներուն պարտականութիւնն էր Սիւտկնա ձորը անվտանգ դարձնել։
- Խլքտան կամուրջը․ կը գտնուէր Տիգրիսի վրայ (երկու ժամ հեռու Թաղէն՝ դէպի հարաւ) եւ կը հանդիսանար գաւառի հարաւային մասի հաղորդակցութեան գլխաւոր կէտը։ Դէպի հարաւ գտնուող երկու միւս կամուրջները՝ Ջալկանց եւ Հէշաթի, փայտէ ըլլալով, հայկական կողմը ապահովութեան համար քակեց։
- Բոլս (կամ Պոլս) գիւղը, (Թաղէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Մոկսի սահմանին մօտիկ). Վարեսար կոչուող լերան լանջին։ Այս դիրքը երկու պաշտօն ունէր. պիտի հսկէր Մոկսէն եկող ճանապարհին վրայ եւ Ճըվկատան գիւղին մօտ Սիւտկին գետին վրայ գտնուող կամուրջը՝ ուրկէ քրտական գիւղերու սպառնալիքը կար։
- Հաշկանց գիւղը․ կը գտնուէր Թաղէն հիւսիս, ժամ մը հեռու, Սիւտկին գետի ձախ եզերքին բլուրի մը վրայ։ Պիտի փակէր Ծառնոս ու անոր շուրջը գտնուող քրտական գիւղերուն ճանապարհը, որ կ'երկարէր Կասր կոչուող կամուրջին վրայով։
- Սոզաւանց գիւղը․ կը գտնուէր Թաղէն դէպի արեւմուտք կէս ժամ հեռու, Քիւրէկ լերան լանջին վրայ։ Խիստ կարեւոր կէտ էր, որովհետեւ կը պաշտպանէր Թաղի կռնակը եւ կը հանդիսանար միակ կէտը, ուրկէ յարաբերութիւնը, հաղորդակցութիւնը կը պահուէր մնացեալ շրջաններուն հետ։
«ժամ մը հեռու․․․»․ պէտք է սեպենք ոտքով ճամբայ կտրելը։
Սուրհանդակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նաեւ գոյութիւն ունէր թռուցիկ խումբ մը, բաղկացած՝ 30 եւ աւելի հոգիներէ, որոնք սուրհանդակի դերը կը կատարէին։
Արմշատ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիւրտերը Արմշատի հարաւը, Տիգրիսի միւս ափին գտնուող ասորական չորս գիւղերու վրայ կը յարձակին: Ասորիները հայերէն օգնութիւն կը խնդրեն: Արմշատի հայ երիտասարդները այդ չորս գիւղերու ասորի բնակիչները (140 հոգի), գերաններու օժանդակութեամբ գետէն կ'անցընեն ու Արմշատ կը բերեն ու հայկական տուներուն մէջ կը պատսպարեն: Մօտակայ ուրիշ գիւղերէ հայեր ալ փախչելով Արմշատ կու գան: Թրքական եւ քրտական վտանգը կը սաստկանայ:
Ընդհարումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շատախի գաւառակի զինուորական մարմինը բոլոր գիւղերու հայութեան կը հրահանգէ հաւաքուիլ որոշուած վայրերու մէջ, մասնաւորաբար կեդրոնական եւ հիւսիսային Շատախ: Արմշատ, Հինենց, Ճնուկ եւ Ծիծանց Վանք գիւղերու հայերը Կաղպի (կամ Կաղբի) հայկական գիւղը կը մէկտեղուին: Կռիւները կը սաստկանան․ հայերուն վիճակը կը ծանրանայ, երբ Շատախ կը շրջապատուի՝ արեւմուտքէն, արեւելքէն եւ հարաւէն բացի թրքական, այլ նաեւ քրտական ռազմական ուժերէ։ Անոնք, օղակը կը նեղցնեն։ Իսկ Շատախի հիւսիսային կողմը հայերը անպարտելի են ու անառիկ կը պահեն լեռնանցքները։
Քսան օր ետք, հայկական զինուորական մարմինը կ'որոշէ՝
- Կարեւոր ուժ մը ղրկել Շատախի Թաղ:
- Արմշատցին պէտք է Արմշատ վերադառնայ եւ արեւմտեան ճակատը պաշտպանէ:
- Մնացեալ ուժերը Խոլքտան կամուրջն ու Կաղպիի հիւսիսային սահմանները պէտք է որ պաշտպանեն։
1915-ի Մայիսին Կաղպի լուր կը հասնի, թէ արմշատցիք պէտք է իրենց գիւղը վերադառնան, զինուած երիտասարդներու առաջնորդութեամբ: Գիւղացիները Ս. Սարգիսի բերդին մէջ կը տեղաւորուին ապահովութեան համար: Նոյն ժամանակ հայ զինեալները Արմշատի արեւմտեան ճակատը կը պաշտպանեն: Ժողովուրդը կը վերսկսի իր դաշտային գործերով զբաղիլ։ Արմշատ կ'ունենայ իր զինուորական մարմինը։
Կամաւորական գունդերու մուտքը Շատախ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայիսին, Դրոյի եւ Արմէն Գարոյի գլխաւորած կամաւորական գունդերը Շատախ կը հասնին, կը մտնեն Թաղ։ Խանդավառութիւնը մեծ է, երբ կը լսուի թէ ռուսական ուժերը կ'առաջանան արեւմտեան Հայաստանի տարածքին։
Կացութիւնը կռիւներէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիւսիսային Շատախ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թուրքերուն փախուստէն եւ Թաղի յաղթանակէն ետք, Շատախը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր․-
- Արեւելեան շրջանի հայ գիւղախումբը քանդուած էր եւ ժողովուրդը փախած էր միւս շրջանները։
- Արեւմտեան շրջանի գիւղերը նոյնպէս քանդուած էին եւ ժողովուրդը այս ու այն կողմ ցրուած էր։
- Քանդուած էին գիւղերուն մեծ մասը, նաեւ հարաւային շրջանի։ Ժողովուրդը համախմբուած էր Կաղպիի ձորը՝ Կարճէթ եւ Արմշատ գիւղերը, իսկ մաս մը՝ Մոկս, Թաղ եւ Սիւտկին անցած էր։
Սակայն ժողովուրրդին մեծ մասը Փեսանդաշտ ապաստանած էր։ Այդտեղի չորս հայկական գիւղերուն մէջ՝ ընդամէնը 122 տուն, կ'ապաստանի հայերու մեծ թիւ մը դրացի գաւառակներէն՝ Գեաւաշէն, Հայոց-ձոր, Թիմար, ինչպէս նաեւ Ներքին Շատախէն։ Ընդհանուր թիւը՝ 7000 հոգի։ Արագօրէն կը սպառի Փեսանդաշտի ամբողջ պաշարը՝ հացը, կենդանիները։ Ոչինչ կը մնայ։
Տեղ տեղ կռիւները կը շարունակուէին։ Այս կացութեան առջեւ կ՛որոշուի կազմակերպել «պաշար հայթայթող արշաւանքներ»։ Մայիս ամսուան մէջ կը կատարուին հինգ արշաւանքներ, Յիլի, Պատկանանց, Տրշող, Մուշիկ գիւղերուն վրայ։ Այս գիւղերուն թուրք զինեալները փախուստի կը դիմեն։
Արմշատ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թուրքերը նոր բանակով եւ արդի զինամթերքով կը յարձակին հարաւէն։ 7 Յուլիս 1915-ի առաւօտեան արեւածագին, Արմշատ կը հասնի հետեւեալ լուրը՝ «ձգել ամէն ինչ վայրկեան առաջ եւ նահանջել դէպի Շատախի Թաղ եւ Վան»։
Ժողովուրդին մեծ մասը կը բռնէ գաղթի ճամբան․ Սեւտկին գիւղ, Հայոց Ձորի Հիրճ գիւղը եւ երկու օր ետք կը հասնի Վանի մօտակայ Ծվստան գիւղը ու անկէ անցնելով կը մտնէ Վան, որ արդէն ամայացած էր: Գաղթի կարաւանը ճամբան կը շարունակէ դէպի Բերկրի` անցելով Թիմարի եւ Գէօլի գիւղերէն: Ետեւ մնացած կարաւանը աշնան վերջը կը յաջողի անցնիլ Պարսկաստանի Սալմաստ գաւառը: Գաղթական հայերը Սալմաստի Ղալասար, Փայաջուկ, Մահլամ եւ Հավթուան հայկական գիւղերը կը հաստատուին:
Շատախը հայերէն կ'ամայանայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1917-ի ապրիլին, երբ տեղի կ’ունենայ Ալեքսանտր Քերենսքիի ուժերուն մակընթացութիւնը դէպի Հայաստանի արեւմտեան հատուածը, արմշատցիները ետ Վան կ'անցնին ու անկէ ծննդավայր կը վերադառնան եւ կրկին կը լծուին դաշտային աշխատանքներու: Սակայն նոյն տարուան Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան պատճառով, վասպուրականցիները կրկին կը նահանջեն: Անոնց կը հետեւին Շատախ մնացած հայերն ալ։ Կը լքուի նաեւ Կարինը: Այդուհանդերձ, Վանի մէջ որոշ թիւով հայութիւն կը մնայ եւ առժամեայ կառավարութիւն մը կը կազմուի։
Իսկ Արմշատցիները երկու ամիս յարատեւ կռուելէ ետք, ռազմամթերքի եւ սնունդի պակասին պատճառով կը նահանջեն ու կը հասնին Սալմաստ, ուր եւս իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն ինքնապաշտպանութեան: Անգլիական հովանաւորութեան տակ անոնք կ'անցնին Պաաքուպա (Իրաք): Անոնց մեծ մասը յետագային Խորհրդային Հայաստան կը ներգաղթէ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Շատախ (գաւառ), 2021-06-12, https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%87%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%AD_(%D5%A3%D5%A1%D6%82%D5%A1%D5%BC)&oldid=191953, վերցված է 2021-06-12
- ↑ Ազդակ- Հայկական Դիմադրութիւնն Ալ Իր Տեղը Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ, 4-7-2017․ Մելիք Ազիզեանի «Հերոսական Շատախի Արմշատ Գիւղը» յուշագրութիւնը եւ ականատեսի վկայութիւնը
- ↑ Շատախի հերոսամարտը եւ շրջանը[permanent dead link]
- ↑ [https://alikonline.ir/component/k2/itemlist/user/43-?start=8180 Ալիք - ՎԿԱՅԱԳԻՐ - Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատես-վերապրողների վկայութիւններ, Հաւաքագրեց ՎԵՐԺԻՆԷ ՍՎԱԶԼԵԱՆԸ, Անդրէաս Եսայու Գիւլանեանի պատմածը (Ծնւ. 1905 թ. Շատախ)][permanent dead link]
- ↑ AUA - ԿՌԻՒՆԵՐԸ ՓԵՍԱՆԴԱՇՏՈՒՄ, ՏԷՐ-ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (Ա-ԴՕ)
- ↑ AUA - Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թուականներին. Հեղ․՝ ՏԷՐ-ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (Ա-ԴՕ) (1867-1954)
- ↑ Շատախի ինքնապաշտպանութիւնը
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայրենագիտութիւն, Սօս Վանի․ Քոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի արխիւ