Ազատ Օր
Ազատ Օր Azat Or | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հրատարակիչ | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Երկիր | Յունաստան |
Կայք | azator.gr |
«Ազատ Օր» հայ օրաթերթ է։ Կը հրատարակուի Աթէնքի մէջ, Յունաստան, շաբաթը հինգ անգամ։ Թերթը կը հանդիսանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական օրգան, Յունաստանի մէջ։ Թերթը 25 Փետրուար 2019 թեւակոխեց «Ազատ Օր» անունով իր հրատարակութեան 75-րդ տարին։
«Նոր Օր» անունով 25 Մարտ 1923-ին ճամբայ ելլելէ աւելի քան քսանամեակ մը ետք, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի աւարտին՝ 25 Փետրուար 1945-ին, յունահայ գաղութի յառաջապահ եւ առաջնորդող թերթը իր ընթերցողներուն ներկայացաւ «Ազատ Օր» վերանուանումով։
Եթէ անցեալ դարու քսանականներու սկզբնաւորութեան թերթը հայ ժողովուրդի տարագիր հատուածին «Նոր Օր»ը աւետելու եւ յունաւորելու առաքելութեամբ գործի լծուած էր, ապա 1945-ին արդէն ինքզինք կը զինուորագրէր յունահայ գաղութին ազատ մտքի եւ ազատ խօսքի անկեղծ դրօշակիրն ու ընդհանրական բեմը ըլլալու առաքելութեան եւ ծառայութեան։
«Ազատ Օր» իր կարգին կը ներկայանայ խիտ՝ բայց առոյգ, նիւթական միջոցներու եւ մարդոյժի անձկութեան մատնուած, բայց իր առաքելութեան եւ ծառայութեան անմնացորդ նուիրուելու եւ հայապահպանման ու հայակերտման իր երթը անխափան շարունակելու վճռականութեամբ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ազատ Օր» օրաթերթը հիմնադրուած է 25 Մարտ1923-ին, Աթէնքի մէջ, Փերիքլէուս փողոցին վրայ գտնուող «Փարասքեվա Լէօնիսի տպարան»-ին մէջ։ Թերթի հիմնադիրներն են Գաբրիէլ Լազեանը, Անտոն Կազելը, Արամ Շիրինեանը եւ Պօղոս Սվաճեանը: Տպագրման օրէն մինչեւ 1940-ը Գաբրիէլ Լազեանի եւ Անտոն Կազելի գլխաւորութեամբ թերթը լոյս կը տեսնէ 17 տարի անընդմէջ:
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, մենատէր Իոաննիս Մեթաքսասի Ioannis Metaxas կառավարութեան օրօք, Յունաստանի մէջ կը դադրին գործելէ բոլոր օտար թերթերը, ինչպէս նաեւ «Նոր Օր»ը: 1945-ին, Յունաստանի վերագրաւումէն ետք, 25 Փետրուարէն կը հրատարակուի «Ազատ Օր»-ը, նախ երկօրեայ, ապա օրաթերթ եւ իբրեւ սեփականութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Առաջին խմբագիրները եղած են Վազգէն Եսայեանը, Սեդրակ Գոհարունին եւ Անտոն Կազելը։ 1969-ին «Ազատ Օրը» օժտուեցաւ Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Հայրենիք» օրաթերթի 1956 թ ֊ին գնուած ու թերթին ծառայաց Linotype machine տողաշար մեքենայով, ինչ որ անձնակազմի լուրջ խնայողութեան առաջնորդեց, թերթի վարչական եւ միաժամանակ արդիականազուրկ տեսքը, ճզմուած գիրերը փոխարինելով օրը-օրին կապարէ տողաշերտերով տպուող թարմ տառերով: 1973-ին դարձեալ «Հայրենիք» օրաթերթէն հասաւ երկրորդ տողաշար մեքենան, առաջինէն համեմատաբար աւելի նոր ու արդիական յարմարութիւններով օժտուած: Այդ ժամանակ թերթը կը տպուէր Փլաքայի Նաւարինիի Նիկոտիմիի 39 հասցէին վրայ, Խրիսթօ Սիրասիսի տպարանին մէջ։ Երբ 1973-ին Աթէնքի կեդրոնէն դուրս գալով փոխադրուեցաւ վարձու տպարան, Սարքուտինուի 116, Նէոս Գոզմոս (Աթէնքի շրջան), շարունակեց պահել տպագրական սեփական մամուլը։ 1980-էն, թերթը սկսաւ հրատարակուիլ համակարգչային: Ինչպէս «Նոր Օր»-ի, այդպէս ալ «Ազատ Օր»ի պարագային, թերթի սեփականութիւնը, հովանաւորութիւնը եւ մատակարարումը կը պատկանի Յունաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, «Ազատ Օր»ը դարձնելով յունահայ գաղութի հրատարակուող միակ օրաթերթի ու հայանպաստ իրողութեան, իրար զօդող արժէքներով, սկզբունքներով ու յարգալիր կապերով։
Թերթի խորհրդանշանի փոփոխութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«ԱԶԱՏ ՕՐ» իր պատմութեան ընթացքին, չորս տարբեր առիթներով փոփոխութեան ենթարկած է թերթի խորհրդանշանը: Սկզբնական շրջանին խորհրդանշանի փոփոխութիւնը կը կատարուի 3 Յունիս 1983-ին, կ'աւելցուի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սասունցի Դաւիթի գծանկարները՝ գիր ու գրականութիւնը, միաժամանակ պայքար եւ արդիականութիւն խորհրդանշելով: Երկրորդ փոփոխութիւնը կը կատարուի 26 Մայիս 1994-ին: Բոլոր այդ տարիներու ընհթացքին թերթի ծաւալը շատ ընդարձակ կ'ըլլայ, օրական 4 էջ բովանդակութեամբ: Երրորդ փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ 13 Յունուար 1995-ին: Այն ժամանակ թերթի ծաւալը կը փոխուի եւ 8 էջի սահմաններու մէջ կը բարձրանայ բովանդակութիւնը: Նաեւ կը սկսի հրատարակուիլ գրական-մշակութային 15 օրեայ յաւելուածով: Վերջին փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ 5 Յունուար 2009-ին: