Jump to content

Նոր Հոսանք

Նոր Հոսանք
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Նիկոլ Աղբալեան
Հիմնադրուած է 1913

«Նոր Հոսանք», հասարակական-քաղաքական, գրական-գիտական ամսագիր։

Լոյս տեսած է 1913-1915 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչները եղած են Արշակ Ղազարեանը, Նիկոլ Աղբալեանը[1]։

Պարբերականը ունեցած է ռամկավարական ուղղուածութիւն։ Լուսաբանած է Այսրկովկասի, Թուրքիոյ, Պարսկաստանի, Ռուսաստանի հայկական համայնքներու առօրեան, անդրադարձած միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն, ազգային հարցի լուծման ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ուղիներուն։

Գրական բաժինին մէջ տպագրուած են Յովհաննէս Թումանեանի, Լեւոն Շանթի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Միքայէլ Մանուէլեանի եւ ուրիշներու գործերէն, Յարութիւն Սուրխաթեանի, Ա. Տէրտէրեանի գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւնները։

«Նոր Հոսանքը» ներկայացուցած է համաշխարհային գրականութեան դասականներու (Ճ. Պայրոն, Հ. Իպսէն, Ճ. Լոնտոն եւ ուրիշներ) գործերէն, ինչպէս նաեւ ժողովրդական կրթութեան, բժշկութեան ու բնագիտութեան, արուեստի տեսութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Թիֆլիսի «Նոր հոսանք» ամսագիրը
Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։