Jump to content

Յարութիւն Սուրխաթեան

Յարութիւն Սուրխաթեան
Ծնած է 5 Մայիս 1882(1882-05-05)
Մահացած է 9 Ապրիլ 1938(1938-04-09) (55 տարեկանին)
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, թարգմանիչ, հանրային գործիչ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Յարութիւն Սուրխաթեան (Յարութիւն Թումանեան, 5 Մայիս 1882(1882-05-05) - 9 Ապրիլ 1938(1938-04-09)), հայ գրականագէտ, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Խրիմ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, սակայն փոքր տարիքէն կորսնցնելով իր հայրը ուսումը կիսատ ձգելով անցած է աշխատանքի:

Փոքր տարիքէն ծանր աշխատանքներ կատարելով Սուրխաթեան բռնուած է թոքախտի հիւանդութեամբ. այդ վիճակով որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք մեկնած է Թիֆլիս՝ մաս կազմելու Կարա-Մուրզայի երգչախումբին, ինչ որ հիւանդութեան պատճառով չէ կրցած շարունակել:

Սուրխաթեան ապա մեկնած է Աշխապատ եւ տեղի հայկական դպրոցէն ներս ստանձնած ուսուցչութեան պաշտօն. առողջական վիճակի պատճառով երկար չմնալով ուսուցչութեան պաշտօնի վրայ դարձեալ վերադարձած է Թիֆլիս, ուր սկսած է ուսուցչագործել Յովնանեան դպրոցին մէջ:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրխաթեան 1918 թուականէն սկսած է աշխատակցիլ «Պահակ» եւ «Կարմիր Ծիլեր» պարբերականներուն:

Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք նշանակուած է Վրաստանէն ներս Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ աշխատանք տարած է դասագիրքերու պատրաստման աշխատանքին մէջ. 1930-ական թուականներուն հայկական գրեթէ բոլոր վարժարանները օգտագործած են Սուրխաթեանի պատրաստած դասագիրքերը:

Սուրխաթեան հրատարակած է իր գործերէն «Մելքոն աղայի սթորիան», «Մելքոն աղայի վերջաբանութիւնը», «Մեր մայրերն ու աղջիկները», «Հոմերոս-Շէյքսփիր», «Հին յունական գրականութիւն» եւ այլ աշխատութիւններ:

Սուրխաթեան զոհ դարձած է Ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնադատուելով գնդակահարութեամբ մահուան դատապարտուած է[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԽԱԹԵԱՆ (1882-1938)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-11 
  • Գրական տեղեկատու, Եր., 1981, 544 էջ։