Նորվան Արք. Զաքարեան

Նորվան Արք. Զաքարեան
Ծննդեան անուն Արմէն Զաքարեան
Ծնած է 3 Ապրիլ 1940(1940-04-03) (84 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Փարիզի Կաթոլիկ Հիմնարկ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Alliance Française?
Մասնագիտութիւն կղերական
Աշխատավայր Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Յառաջ
Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարան
Վարած պաշտօններ Եպիսկոպոս եւ արքեպիսկոպոս?

Նորվան Արք. Զաքարեան (Պէյրութ, Լիբանան- 1940): Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորական, Արքեպիսկոպոս, Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական նախկին պատուիրակ[2]:

Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1940-ին: Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքը, ապա իր ուսումը շարունակած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց ընծայարանին մէջ:

1967-ին կը մեկնի ֆրանսա, ուր կը մասնագիտանայ աստուածաբանական եւ հայրաբանական գիտութեանց մէջ:

Ան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1968-ին:

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսայի Թեմի կազմաւորման եւ հիմնադրութեան մէջ ան կ'ունենայ գործօն դերակատարութիւն:

  • Մինչեւ 1975 կը պաշտօնավարէ Փարիզի Ս. Յովհ. Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ նախագահ կը նշանակուի Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Շինարարական Յանձնախումբին։ Եկեղեցւոյ կառուցումէն ետք՝ 1975-1980 շրջանին առաջին հոգեւոր հովիւը կը դառնայ։
  • 1980-ին կը նշանակուի Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ Ռոն-Ալփեան Շրջանի։
  • 14 Փետրուար 1982-ին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս ձեռամբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին։
  • 1987-ին Լիոնի «Էնսթիթիւ Քաթոլիք»-ի մէջ կը հիմնէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» անուամբ ամպիոնը Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան դասաւանդութեան համար։
  • 1988-ին կը հիմնէ Մարգարեան-Փափազեան ամէնօրեայ մանկապարտէզ-նախակրթարան վարժարանը։ Գործօն մասնակցութիւն կը բերէ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու, տեղական եւ միջազգային մակարդակով։
  • Իր եպիսկոպոսական տարիներուն կը կառուցուին Շարվիէօ Փոն Տը Շէրիւի Ս. Նշան եւ Սէն թ'Էթիէնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, կը հիմնուին Վիէնի եւ Կրընոպլի ծուխերը, ինչպէս նաեւ ձեռք կը բերուի Ռոմանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, շնորհիւ Վալանսի եպիսկոպոսարանին եւ Ռոմանի քաղաքապետութեան։
  • 23 Յունիս 2007-ին, կ'ընտրուի Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ կը նշանակուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ[3]:
  • Մայիս 2009-ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառին տնօրինութեամբ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ կը նշանակուի:

Ան 45 տարի իր հեզահամբոյր եւ խոնարհ նկարագիրով եւ երկար տարիներու վաստակով կը վայելէ բացառիկ վարկ եւ սէր իր ժողովուրդին կողմէ[4]: Իբրեւ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ ապացուցած է իր կարողութիւնները եւ արժեւորած իր հոգեւոր պաշտօնը ու մանաւանդ իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու ներդրումը ունեցած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, միշտ համախմբելով բոլորը, բանիւ եւ գործով հանդիսանալով միասնականութեան ջատագովը:

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Norvan Zakarian, Jean-Michel Hornus et Philippe S. Sukiasyan, chap. XVIII «L’Église dans l'Arménie contemporaine (1921-2007)», dans Gérard Dédéyan, Histoire du peuple arménien, Privat, 2007, 991 p. (ISBN 978-2-7089-6874-5), p. 741-786
  • Norvan Zakarian, «Բանաստեղծութիւնը որպէս տեղագրութիւն, La poésie comme topographie», dans Anaïd Donabedian, Siranush Dvoyan et Victoria Khurshudyan (dir.), Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine, Paris, INALCO Presses,‎ 2021, 412 p. (ISBN 978-2-85831-382-2), p. 177-190

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]