Յօրանջել
Յօրանջել, Յօրանջելու գործողութիւնը կը պարփակէ՝ ակամայ բերանը բանալ եւ երկար ու խորունկ շնչել, այլ խօսքով յօրանջոց ունենալ: Յօրանջելու եւ յօրանջոցի հոմանիշներն են՝ երեժկտալ եւ յօրանջ-երեժկտուք (yawning): Անցեալին գիտնականներ չէին գտած յօրանջելու ճշգրիտ պատճառները: Սակայն բժշկական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, յօրանջոցը հետեւանքն է թթուածինի նուազումին թոքերու եւ ուղեղին մէջ:
Թթուածինի նուազումով ուղեղը կը գրգռուի եւ արագօրէն կը հրահանգէ, որ տեղի ունենայ յօրանջը: Ան կը տեւէ 5-7 երկվայրկեան: Ուրեմն այս ժամանակամիջոցին, ուղեղին հրամանով, բերանը կը բացուի լայնօրէն, ստոծանին (diaphram) կ'ուղղուի դէպի վար, թոքերը կ'ընդլայնին եւ տեղի կ'ունենայ արագ շնչառութիւն: Յօրանջոցը անդրադարձ (response) գործողութիւն մըն է, որ կը յառաջացնէ արթնութիւն եւ խորունկ ու երկար շնչառութիւն: Անոր միջոցաւ բաւարար թթուածին կը հասնի թոքերուն եւ ապա՝ ուղեղին:
Յօրանջոցը կը յատկանշուի մեղմ ուժգնութեամբ ձայնով մը, որ սուլոցի կը նմանի:
Յօրանջող անձին քով գտնուողները ընդհանրապէս իրենք ալ կը սկսին յօրանջել: Այլ խօսքով յօրանջոցը փոխանցիկ է: Մինչեւ օրս չէ յայտնուած այս երեւոյթին գիտական դրդապատճառը: Կոյրեր կը յօրանջեն երբ լսեն մէկու մը յօրանջոցը: Ուրեմն ան միայն տեսնելով փոխանցիկ չէ, այլ նաեւ լսելով:
Աճող սաղմը (embryo) 15 շաբաթէն ետք կը յօրանջէ: Նորածինը առաջին շունչը առնելէ ետք շուտով կը յօրանջէ: Մանուկները առաջին ամիսներուն շատ կը յօրանջեն: Մարզիկներէն շատերը մրցումէ անմիջապէս առաջ կը յօրանջեն, որպէսզի բնականէն աւելի թթուածին հասցնեն իրենց ուղեղներուն: Շուները օտար անձի մը վրայ յարձակելէ առաջ կը յօրանջեն, որպէսզի բաւարար թթուածին հասնի իրենց ուղեղին:
Հաւաքական միջավայրի մէջ եւ ընկերային շրջանակի մէջ յօրանջելը կը նկատուի տգեղ երեւոյթ մը: Յանձնարարելի է յօրանջելու ընթացքին բաց բերանը գոցել ձեռքով:
Յօրանջելու ընթացքին անհատը կրնայ ունենալ ընդհանուր յօդերու ցաւ, սակայն քնքածնօտային յօդն (temporomandibular joint) է, որ առաւելաբար կը ցաւի:
Ազդակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնական պայմաններու մէջ բոլորս կը յօռանջենք օրական մի քանի անգամ, որ բնական երեւոյթ է: Յօրանջոցը ա՛լ աւելի կը պատահի հետեւեալ ազդակներու գոյութեամբ՝
- Քնոտութիւն՝ քունի պակաս, անկանոն եւ կրճատուած քուն,
- Լուսաւորութիւն՝ քնանալու սկզբնաւորութեան,
- Մտային, ֆիզիքական եւ հոգեկան յոգնածութիւն,
- Նստակեաց կեանք,
- Ճարպակալում-գիրութիւն,
- Յուզում եւ անձկալի վիճակ:
Հիւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարունակական եւ մնայուն (chronic) յօրանջոցը հիւանդագին երեւոյթ է: Ան հետեւանքն է որոշ հիւանդութիւններու, որոնք պատճառ կը դառնան օդի եւ հետեւաբար թթուածինի նուազ ներշնչումին: Այս հիւանդութիւններէն կարեւորագոյններն են.
- Սրտա-թոքային հիւանդութիւններ,
- Սրտի տկարացում եւ յոգնածութիւն,
- Ճնշուածութիւն, ընկճուածութիւն եւ առանձնութիւն,
- Քունի շնչադադար (sleep apnea),
- Արեան տկարացում (anemia),
- Գլխացաւ եւ Անգար (migraine),
- Ուղեղային հարուած-վնաս,
- Ուղեղային Խլիրդ,
- Լուսնոտութիւն (epilepsy)
- Նուաղում (shock)
- Մահաքուն (coma)
- Որոշ դեղեր, որոնք շնչառութիւնը կը տկարացնեն եւ նուազ օդի-թթուածինի ներշնչումին պատճառ կը դառնան:
Շարունակական յօրանջոցը կրնայ պատահիլ մի քանի վայրկեանը անգամ մը, որ կը դառնայ յոգնեցուցիչ: Ան կը յառաջացնէ սրտի անկանոն զարկ, ոտքերու եւ արմուկներու ցաւ, կեդրոնացումի դժուարութիւն, ուժասպառութիւն, յաւելեալ յոգնածութիւն, գլխացաւ եւ անձկալի վիճակ:
Կասեցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոչ-հիւանդագին յօրանջը կարելի է կասեցնել դիմելով հետեւեալ միջոցառումներուն.
- Բերանը շուտով գոցել,
- Ծնօտները եւ ակռաները իրարու սեղմել:
Նուազագոյնի իջեցնել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոչ-հիւանդագին յօրանջը կարելի է նուազագոյնի իջեցնել եւ կամ արգելք հանդիսանալ դիմելով հետեւեալ միջոցառումներուն.
- Օրինաւոր եւ չափաւոր քնանալ,
- Քնանալ լոյսէ հեռու՝ մթութեան մէջ,
- Չգիրնալ, քիչ ուտել,
- Առողջապահական սննդականոնի հետեւիլ,
- Առատ պտուղ եւ կանաչեղէն շատ ուտել,
- Շաքար եւ ճարպ քիչ սպառել,
- Նստակեաց կեանք չունենալ,
- Մարմնամարզանքի հետեւիլ:
Հիւանդագին յօրանջը կը վերանայ դարմանելով անոր դրդապատճառ հիւանդութիւնը:
Տե'ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ականջ
- Փայծաղ
- Ականջային Արիւնահոսութիւն
- Գլխապտոյտ
- Մանկական Անդամալուծութիւն
- Ողնայարի Կողմնածռութիւն
- Ջղային Անախորժակութիւն