Յուշամատեան (միութիւն)
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Կազմակերպություն
Յուշամատեան, ոչ-կառավարական, ոչ-շահաբեր՝ հանրօգուտ միութիւն, հետազօտական ցանցկայք՝ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերու կեանքի ուսումնասիրութեան, տեղական պատմութիւններու քննութեան եւ հայերու յիշողութեան ու ընկերային միջավայրի վերականգման համար։
Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան միութիւնը հիմնուած է 2010-ին, Պերլինի մէջ (Գերմանիա)։ Միութեան նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն ապրած կեանքն յիշողութիւնը։ Նպատակի իրականացման գլխաւոր միջոցն է www.houshamadyan.org ցանցկայքը։
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան ցանցկայքը կը բովանդակէ հեղինակային եւ խմբագրեալ յօդուածներ, լուսանկարներ, գծագրութիւններ, ձայնագրութիւններ, ֆիլմեր, եւ այլ միջոցներով ստեղծուած նիւթեր՝ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերու կեանքին մասին։ Նիւթերը կը վերաբերին Օսմանեան կայսրութեան հայկական բնակավայրերու տեղագրութեան, Օսմանեան հայերու կենցաղին, նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան, կրօնական կեանքին եւ ընկերա-քաղաքական միջավայրին։ Անոնք կ՛ընդգրկեն լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, կենցաղային եւ արուեստի առարկաներ, երգեր, հեքիաթներ, ճաշատեսակներ, աւանդապատումներ եւ այլն։
Անձնակազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան միութեան վարչութեան անդամներն են՝ Էլքը Հարթմանն՝ նախագահուհի, Մելինէ Փեհլիւանեան՝ ատենադպրուհի եւ Օլիվըր Նեհուս՝ գանձապահ։
Խմբագրական կազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան կայքի խմբագրական կազմի անդամներն են՝ Վահէ Թաշճեան (Գերմանիա)՝ ծրագիրի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր, Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան (Գերմանիա)՝ արուեստի պատասխանատու, Էլքը Հարթմանն (Գերմանիա)՝ խմբագիրի տեղակալ, Նայիրի Արզումանեան, Հրանդ Կատարիկեան, Արա Ստեփան Մելքոնեան՝ անգլերէնի թարգմանիչներ, Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ Առլէթ Ինճիտիւզէն՝ թրքերէնի թարգմանիչներ, Շողեր Մարկոսեան՝ դպրոցներու հետ համագործակցութեան ծրագրի համակարգող։
Հովանաւորներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան միութեան գլխաւոր հովանաւորն է Հրեշտակեան ընտանիքը՝ ի յիշատակ երկու անձերու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Հրեշտակեանին (Ուրֆայէն) եւ Ատուր «Փաշա» Լեւոնեանին (Այնթապէն)։ Այլ հովանաւորներ են՝ Պերճ Գալայճեան, ի յիշատակ իր հօր՝ Պօղոս Գալայճեանին եւ Տիտիզեան ընտանիքը, ի յիշատակ Յակոբ եւ Խնկաբեր (ծն. Խաշխաշեան) Տիտիզեանին (Կիւրինէն) եւ Վարդան եւ Շաքէ (ծն. Պետրոսեան) Ազիրեանին։
Յունուար 2015-էն ի վեր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը կը հովանաւորէ երկու ծրագիրներ՝ ցանցկայքի գրաւոր նիւթերուն թրքերէն թարգմանութիւնն ու դպրոցներու հետ համագործակցութեան ծրագիրը։
Համագործակցութիւն հանրութեան հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան կայքի լուսանկարներուն կարեւոր մէկ մասը տրամադրուած են այցելուներու կողմէ, որուն շնորհիւ, ցանցկայքը դարձած է համագործակցութեան միջոց մը, ուր օսմանեան հայկական յիշողութիւնը կը վերականգնուի միասնական ճիգերով։ Յուշամատեանը իր այցելուներէն կը ստանայ նաեւ անտիպ յուշեր, յիշողութեան առարկաներ, օսմանեան տարիներուն գրուած նամակներ եւ այդպիսով ընտանեկան արխիւներու մէջ պահուած եւ օսմանեան հայերու ժառանգութեան վերաբերող կարեւոր նիւթեր կը դարձնէ հանրութեան սեփականութիւնը։
Այցելութիւններ եւ ձեռնարկներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսմանեան հայերու վերաբերող ժառանգային նիւթեր հաւաքելու համար Յուշամատեանի խումբը պարբերաբար կը շրջագայի հայկական Սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ։ Այս նպատակով ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ կոչ կ՚ուղղուի տեղական ժողովուրդին, որ հանդիպումներուն իրենց հետ բերեն իրենց նախնիներէն լուսանկարներ, անտիպ յուշեր, վաւերաթուղթեր, յիշողութեան առարկաներ։ Բոլոր նիւթերը տեղւոյն վրայ կը թուայնացուին եւ կը վերադարձուին իրենց տէրերուն։ Այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպուած են Պուրճ Համուտի, Երեւանի, Փարիզի, Պրիւքսէլի եւ Վիեննայի մէջ։
Աշակերտական ծրագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան ցանցկայքին մէջ կը գործէ աշակերտական մասնակցութեան բաժին, ըստ որուն, հայ աշակերտներ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ, կը կատարեն ուսումնասիրական աշխատանքներ եւ կը ներկայացնեն ցանցկայքի հետապնդած նպատակներուն համապատասխանող նիւթեր։
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուշամատեան միութիւնը 2014 թուականին լոյս ընծայեց իր առաջին գիրք/ալպոմը՝ Ottoman Armenians: Life, Culture, Society։ vol. 1 (Օսմանեան հայեր. Կեանք, մշակոյթ, ընկերութիւն- հատոր 1)։ Երկրորդ հատորին հրատարակութիւնը նախատեսուած է 2016-ի սկիզբը։