Յովսէփ Ալահայտոյեան

Յովսէփ Ալահայտոյեան
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Ուռհա, Թուրքիա
Մահացած է 1982
Մահուան վայր Լիբանան
Մասնագիտութիւն դեղագործ

Յովսէփ Ալահայտոյեան (1895, Ուռհա, Թուրքիա - 1982, Լիբանան), վերապրած հայ դեղագործ։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Եդեսիա (Ուրֆա)՝ համիտեան ջարդերու օրերուն: Ան զաւակն է Պետրոս եւ Եղիսաբեթ Ալահայտոյեաններուն: Յովսէփ ունեցած է երկու եղբայրներ՝ Մովսէս եւ Յարութիւն, եւ չորս քոյրեր՝ Ֆէրիտէ, Հռիփսիմէ, Եղիսաբեթ եւ Մարի, որոնք բոլորն ալ ազատած են ջարդէն եւ հասած են Հալէպ:

Ալահայտոյեան գերդաստանին բուն մականունը եղած է Եկներեան, սակայն կենցաղային պատճառով մը փոխուած է եւ եղած է Ալահայտոյեան: 1915-ի Սեպտեմբերին Յովսէփին հայրը՝ Պետրոս Ալահայտոյեան, ձերբակալուած է իր տան մէջ եւ եղբօրը հետ սպաննուած է տան բակին մէջ[1]:

Յովսէփ յաճախած է ծննդավայրին Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը եւ շրջանաւարտ եղած է 1910-ին: 1910-1912-ին, իբրեւ դեղագործի օգնական, աշխատած է Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցին մէջ բժիշկ Ֆիշըրի եւ Եագոպ Քիւնցլերի հետ: 1912-ին Դամասկոս մեկնած է իր ընկերոջ` Յովհաննէս Նագգաշեանի հետ եւ ուսանած է բժշկական դպրոցին մէջ[2]:

Յովսէփ գերմանական հիւանդանոցի հիւանդապահուհիներուն հետ Միլլէթ Խան գացած է, հայ վիրաւորները բուժած եւ հարիւրաւոր հայ աղջիկներ ազատած է: Ան  հոն գտած է իր մայրը, քոյրերը եւ երկու եղբայրները եւ գերմանական հիւանդանոց տեղաւորած է:

Եդեսիոյ հերոսամարտի օրերուն, Յովսէփ ձերբակալուած է թուրքերուն կողմէ ու կը բանտարկուի բժիշկ Արմենակ Ապուհայթայեանի հետ: Տարի մը բանտարկուած մնալէ ետք, 1916-ին ղրկուած է Հալէպի զօրանոց ծառայելու համար թրքական բանակին մէջ՝ իբրեւ դեղագործ զինուորական:

Թուրք իշխանութեան արտօնութեամբ մեկնած է Պէյրութ, շարունակելու համար իր բժշկական ուսումը: Ուսանած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի դեղագործութեան դպրոցին մէջ եւ վկայուած է 1916-ի վերջերը։

Ֆրանսական ռազմանաւով փոխադրուած է Մերսին եւ ապա՝ Ատանա, ուր ծառայած է ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Շուտով միացած է Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցի անձնակազմին, իբրեւ դեղագործ:

Եդեսիոյ հայերուն երկրորդ գաղթի ատեն՝ դէպի Հալէպ, Յովսէփ եւս լքած է Եդեսիան եւ երեք ընկերներով հասած է Հալէպ, հոնկէ՝ Պէյրութ, ուր հաստատուած է իր սեփական դեղատունը[3]:

Դեղարանը գործած է մինչեւ 1975-ի վերջերը, երբ ծագած է Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը: Դեղարանը կողոպտուած է պատերազմի վատ օրերուն եւ դադրած է գործելէ[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2023-01-19։ արտագրուած է՝ 2023-03-27 
  2. «Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն (en-US)։ 2023-02-06։ արտագրուած է՝ 2023-03-27 
  3. «Հայերի Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-02-01։ արտագրուած է՝ 2023-03-27