Պետրոս Ալահայտոյեան

Պետրոս Ալահայտոյեան
Ծնած է 1934
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 12 Սեպտեմբեր 2022(2022-09-12)
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն դեղագործ, երաժշտագէտ

Պետրոս Ալահայտոյեան (1934, Պէյրութ, Լիբանան - 12 Սեպտեմբեր 2022(2022-09-12)[1]) հայ դեղագործ, հայ ժողովրդային երգեր հաւաքագրող եւ ազգագրական երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Մեծ եղեռնէն վերապրած ուրֆացի ընտանիքի մը մէջ։ Նախ կ՛աւարտէ տեղւոյն Նշան Փալանճեան ճեմարանը, ապա կ՛անցնի Պելճիքա եւ Լուվենի համալսարանէն կը վկայուի որպէս դեղագործ։

Երաժշտասէր Ալահայտոյեան, Նշան Փալանճեան ճեմարանի աշակերտական գրասեղաններուն վրայ իսկ երգերով խանգարած է դասարանը, իր միակ երազը եղած է երաժշտագէտ դառնալը, եւ ոչ թէ իր դեղագործ հօրը ասպարէզը ընդգրկելը:

Ան կը մեկնի Պրիւքսել, ուր Պետական համալսարանէն կը ստանայ իր երաժշտագիտութեան վկայականը։ Պաշտօն կը ստանձնէ Պրիւքսէլի պետական ռատիօ կայանէն ներս:

1985էն 1994 ան իր ազատ օրերն ու արձակուրդները տրամադրած է փնտռելու 1915էն վերապրած հայ ծերունիներ Եւրոպայի հայաբնակ աւաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ամերիկայի՝ այցելելով հայկական ծերանոցները եւ հանգստեան տուները[2]։

Հայ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած իր սէրը, Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդին հետզհետէ անգտանելի դարձող յուշագրութիւնները զինքը կը մղեն գէթ մասամբ փրկելու ժողովրդական հայ երգի բեկորները, որոնք տակաւին կ՛երգուէին վերապրողներու կողմէ, հետեւելով, ինչպէս ինք կը նշէ, «Կոմիտասի վեհ օրինակին»[3]:

70ականրէն, ան Պէյրութի «Ազդակ»ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ին ու այլ թերթերու էջերուն հետեւողական ներկայութիւն եղած է երաժշտագիտական իր յօդուածներով ու երաժշտական ձեռնարկներու (նաեւ արուեստի յարակից կալուածներու) գնահատական-քննադատական իր սիւնակներով[4]։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հեղինակած է բանասիրական գեղեցիկ հատոր մը, «Բալուի (եւ տարածքաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» ուսումնասիրութիւնը (2009)[2][5], որ կը մէկտեղէ աւելի քան 25 տարիներու երախտաշատ աշխատանքի մը արդիւնքը։

  • Առաջին մասով, եւ բաւական ծաւալուն նախաբանէ մը ետք, «Պատմական ակնարկներ» խորագիրին տակ կը ներկայացնէ.
    • Բալուի նուիրուած մենագրութիւններուն երգային պարունակութիւնը:
    • Բալուն եւ բալուցին, նաեւ` 1913 թուականի Բալուի քարտէսը:
    • Փորձ` վերակազմելու Բալուի հարսանեկան երգերու շարքը:
    • Մարօ Նալպանտեան` երգասաց:
    • Լուսանկարներ Բալուէն. պատկերագրութիւն (11 պատկեր):
    • Բալուի եւ այլ երգերու մէկտեղման հանգրուանները:
    • Ազգագրական մատենաքաղ (նմուշային): Արեւմտահայաստանին նուիրուած պատմայուշագրութիւններէ, Ակնէն Քղի, այբբենական շարքով:
  • Երկրորդ մասով` կը կատարէ Մարօ Նալպանտեանի կողմէ երգուած Բալուի եւ այլ շրջաններու 72 երգերուն[6] բնագրային եւ երաժշտական հակիրճ եւ մատչելի քննարկումները:
  • Երրորդ մասով կու տայ գաւառի յատուկ գաւառաբարբառային բառերու բառարանը-մատենագիտութիւնը, երգերուն տարբերակային լրիւ համակարգը, եւ ներդիր երկու խտասալիկներուն մասին տեղեկութիւններ (արձանագրուած եւ խազահանուած) ցանկագրական ընդհանուր պատկերը, մատենագիտութիւնը, եւ այս ծաւալուն գործին կենսագրականը: Յաւելեալ երկու էջերու մէջ կու տայ նաեւ այս վերջինին անգլերէն թարգմանութիւնը:

Իր հեղինակած երկրորդ հատորն է «Վան-Վասպուրականի ազգագրական երգերու բնորոշ նմուշներ» խորագրեալ հատորը (2015)։ Փոքրածաւալ, «գրպանի գիրք»-ի ծաւալով եւ 192 էջերու վրայ տարածուող հատոր մըն է, հիւսուած`շուրջ 50 երգերու եւ պարեղանակներու վրայ [7]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]