Յովհաննէս Ինճիկեան

Յովհաննէս Ինճիկեան
Ծնած է 25 Սեպտեմբեր 1913
Ծննդավայր Ախալցխա, Վրաստան
Մահացած է 5 Ապրիլ, 1990 (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Մոսկուայի Փիլիսոփայութեան, Գրականութեան եւ Պատմութեան Հիմնարկ[2]
Կոչում փրոֆեսոր[1]
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արեւելագէտ
Աշխատավայր Մոսկվայի Լենինի անվան ռազմաքաղաքական ակադեմիա?[2]
Կարմիր Բանակ[2]
Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւն[2]
Երեւանի Պետական Համալսարան
Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան
ՀՀ ԳԱԱ արևելագիտության ինստիտուտ?
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[2]

Յովհաննէս Գրիգոր Ինճիկեան (25 Սեպտեմբեր 1913, Ախալցիխէ- 5 Ապրիլ, 1990, Երեւան), պատմաբան, արեւելագէտ, պատմական գիտութիւններու մասնագէտ (1974), մասնագէտ (1984

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհաննէս Ինճիկեան, ծնած է Ախալցխայի մէջ 1913-ին, տոհմիկ էրզրումցիներու ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ախալցխայի հայկական դպրոցին մէջ։ 1925-1926-ններուն, աւարտելով եօթներորդ դասարանը՝ մեկնած է Թիֆլիս, ընդունուած է տեղի մանկավարժական ուսումնարանը, աւարտելէ ետք վերադարած է ծննդավայր եւ աշխատած է Ախալցխայի շրջանի գիւղերու հայկական դպրոցներուն մէջ։ 1934-1939-ններուն սորված է Մոսկուայի պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան հիմնարկներուն մէջ, որ աւարտելէ ետք աշխատանքի նշանակուած է Մոսկուայի Լենինի անուան ռազմա-քաղաքական ակադեմիոյ մէջ՝ որպէս դասախօս։ 1941-ին զինուորագրուած է խորհրդային բանակի շարքերուն մէջ եւ 50-րդ բանակի կազմին մէջ մասնակցած է Մոսկուայի պաշտպանութեան։ 1942-ին 89-րդ Թամանեան բաժինի մէջ հրամանատարութեան կողմէ 390-րդ հրաձգային գունդի ռազմական պատուիրակ նշանակուած է։

Զօրացրուումէն ետք հաստատուած է Հայաստանի մէջ, ուր շարք մը պատասխանատու պաշտօններ գրաւած է։ 1974-ին «Օսմանեան կայսրութեան ազգային քաղքենիքի ձեւաւորման ու զարգացման առանձնայատկութիւնները» թեմայով կատարած է իր մասնագիտական ատենախօսութիւնը։ 1952-1954-ններուն եղած է ՀԿԿ կենտկոմի վիճաբանութեան եւ քարոզչութեան բաժինի վարիչ, 1955-1958-ններուն միաժամանակ դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւ Երեւանի Վալերի Պրյուսովի անուան մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1958-1971-ններուն՝ ՀԽՍՀ ԳԱ արեւելագիտութեան բաժանմունքի վարիչ, 1971-1984-ններուն՝ Արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխտնօրէն[3][4]:

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին Օսմանեան կայսրութեան սոցիալ-տնտեսական խնդիրներուն, դրամատիրուեան զարգացման առանձնայատկութիւններուն։

Հեղինակ է Թուրքիոյ պատմութեան նոր շրջանին վերաբերող աշխատութիւններու։ «Օսմանեան կայսրութեան քաղքենիք» (1977, ռուսերէն) մենագրութեան մէջ վերլուծած է Օսմանեան կայսրութեան բազմազգ քաղքենի զարգացման ուղիները, ցոյց տուած այդ ընթացքի առանձնայատկութիւնները, նշած է, որ այլազգի, ոչ թուրք քաղքենը (հատկապէս հայ, յոյն եւ այլն) նշանակալի տեսակարար կշիռ ունեցած է երկրի տնտեսութեան զարգացման մէջ, իր քաղաքական դիրքորոշմամբ եղած է պակաս պահպանողական, քան թուրք քաղքենը։ Ձեւաւորուող թուրք ազգային քաղքենը հակամարտութեան մէջ մտած է այլազգի քաղքենի խումբերու հետ եւ, ի վիճակի չըլլալով դուրս մղած է անոնց տնտեսական մրցակցութեամբ, հաճախակի կերպով գրաւած է այդ ազգերու, առաջինը հայ քաղքենի, հարստութիւնը, արգիլած եւ խոչընդոտած է անոր գործունէութիւնը՝ ընդհուպ մինչեւ ֆիզիքական ոչնչացումը։ «Օսմանեան կայսրութեան անկումը» (1984) աշխատութեան մէջ արծարծած է 20-րդ դարու սկզբի Օսմանեան կայսրութեան քայքայման եւ անկման սոցիալ-տնտեսական պատճառները, ցոյց տուած է, որ 1908-ի երիտթրքական յեղաշրջումը չկեցուց քայքայման ընթացքը եւ կայսրութեան փլուզումը, որովհետեւ երկրին մէջ սոցիալ-տնտեսական քիչ թէ շատ շոշափելի վերափոխութիւններ չէին կատարուած։ Երիտթուրքերը, շարունակելով ոչ թուրք, միջին դասակարգային տնտեսութենէն դուրս մղելու քաղաքականութիւնը, ան հասցրուն ընդհուպ մինչեւ քրիստոնիայ բնակչութեան, հատկապէս հայերու, զանգուածային ոչնչացման։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։