Յովան Թաշճեան

Յովան Թաշճեան, ծնած Պէյրութ, Լիբանան, 23 Մայիս 1963-ին, Գէորգ եւ Հերմինէ Թաշճեաններու ընտանիքին մէջ։ Ան ծնողներու երրորդ զաւակն էր։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղի Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանին մէջ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, շրջան մը կը յաճախէ Այնճարի Ազգային Յառաջ նախակրթարանը։ Այնուհետեւ կ'ընդունուի Անթիլիասի կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքը, որուն միջնակարգ եւ բարձրագոյն դասընթացքները կ'աւարտէ 1986-ին, երեքամեայ կամաւոր ընդմիջումէ մը ետք, որուն ընթացքին աշխոյժ գործունէութեամբ կը մասնակցի ՀՅԴ ԼԵՄի «Դրօշակ» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան աշխատանքներուն՝ վարելով պատասխանատու պաշտօններ։

1987-1988 եւ 1988-1989 տարիներուն, յաջորդաբար կը պաշտօնավարէ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Յառաջ վարժարաններուն մէջ իբրեւ հայոց գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ։

1990 թուականին կը մեկնի Նիւ Եորք իբրեւ Ազգային առաջնորդարանի քարտուղար եւ գրատան վարիչ։

1992 թուականին կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս եւ առաջին երեք տարիներուն կը պաշտօնավարէ Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին մէջ, որպէս հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի ուսուցիչ։ Ապա, մինչեւ 1998 թուականի Յունուար ամիսը կը վարէ Ազգային առաջնորդարանի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը։

1998 թուականէն ի վեր, Յովան Թաշճեան ձեռնհասօրէն կը վարէր Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի վարիչ գործավարի պաշտօնը։

2010 թուականի Մայիսին կ'ամուսնանայ Լուսին Գանտահարեանի հետ եւ մէկ տարի ետք կը բախտաւորուին աղջիկ զաւակով մը՝ Արենի-Լոռի։

Յովան Թաշճեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ ստանձնած է կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ Ան բազմաթիւ անգամներ եղած է կոմիտէի անդամ եւ ներկայացուցիչ։ Յովան մաս կազմած ու ղեկավարած է Կեդրոնական կոմիտէի բազմաթիւ յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական մարմինի անդամ։ Ան մասնակցած է 1996-2010 բոլոր Շրջանային ժողովներուն եւ ՀՅԴ 29րդ, 30րդ, եւ 31րդ Ընդհանուր ժողովներուն։

Իր հիմնական մանկավարժական, կազմակերպական եւ կուսակցական գործունէութեան հետ համատեղ, Յովան Թաշճեան իր գրական, հրապարակախօսական եւ վերլուծական յօդուածներով ու ելոյթներով մնայուն ներկայութիւն էր սփիւռքահայ մամուլին մէջ եւ հանրային ձեռնարկներու ընթացքին։ Վերջին տարիներուն, Յովան Թաշճեան մեծ յաջողութեամբ հանրութեան ներկայացաւ նաեւ իր «Անդրադարձ», «Փարոս» եւ «Զարթօնք» հեռատեսիլի ծրագիրներով եւ հաղորդումներով՝ արձագանգելով հայրենի եւ սփիւռքահայ մեր առօրեան յուզող այժմէական հարցերուն։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]