Jump to content

Յակոբ Այնթապլեան

Յակոբ Այնթապլեան
Ծնած է 18 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-18)[1] (84 տարեկան)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
Ուսումնավայր Հռոմի Սապիենզա համալսարան?
Կոչում փրոֆեսոր
Մասնագիտութիւն բժիշկ, սրտաբան
Անդամութիւն Նյու Յորքի գիտությունների ակադեմիա?

Յակոբ Գէորգ Այնթապլեան (18 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-18)[1], Հալէպ, Սուրիա), հայ բժիշկ, սրտաբան։

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, Դեկտ.18, 1939 թվականին։ Հօր անունը՝ Գէորգ, Մօր անունը՝ Մարիամ, ծնած են Հռոմկլա, Կիլիկիա (Թուրքիա)։ Ունեցած է 4 եղբայրներ եւ 1 քոյր։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է, Հալէպի ՀԲԸՄ-Վարդանեան վարժարանը, ապա Հալէպի Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան 1953-1954 թուականներուն։ Իր ուշիմութեան եւ ջանասիրութեան շնորհիւ, վարժարանի տեսչութիւնը, իտալաբնակ բարերար Երեւանդ Հիւսիսեանի հովանաւորութեամբ, զինք կ'ուղարկէ Վենետիկ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը կ'աւարտէ 1958-ին բարձրագոյն նիշերու արժանանալով եւ տեսչութիւնը նոյն բարերարի հովանաւորութեամբ կը յատկացնէ համալսարանական կրթաթոշակ։ Մուրատ Ռսփայէլեան վարժարան ուսանած շրջանին հակում կ'ունենայ Գրականութեան, Հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան եւ գեղարուեստի։ Կը վարէ վարժարանի «Կռունկ» պարբերականի քարտուղարի պաշտօնը, միաժամանակ կը թղթակցի Փարիզի «Յառաջ» թերթի հետ։ Իր ընթերցասիրութեան եւ ուսումնասիրութեան համար կը նշանակուի վարիչ վարժարանի գրադարանին։ Մուրատ Ռափայէլեան ուսումնավարտ 1958-ին, իր 6 դասընկերներու հետ կը յաճախեն Հռոմի պետական համալսարան ուր 3 տարի ձրիավարժ կ'ուսանի իր բարձր նիշերու համար եւ կը հետեւի բժշկութեան մասնագիտութեան։ Համալսարանական ուսումը աւարտելով կ'ամունանայ Իրանահպատակ Լուտովիկա Թադէոսեանի հետ, Վատիկանի մէջ Հայկական ծէսով, Ս. Ղազարէն ուղարկուած Մխիթարեան միաբանի պսակադրութեան ծիսակատարութեամբ Սեպտ. 1966-ին։ Միացեալ նահանգներու բժշկութեան պետական քննութիւնը հեռակայ կարգով Հռոմի մէջ յաջողութեամբ աւարտելով Հոկտ.1966-ին, կ'ընդունուի Նիւ Եորքի Լոնկ Այլընդ Ճուիշ Մեդիկալ Սենտըր (Long Island Jewish Medical Center) իր մասնագիտեւթիւնը շարունակելու, Ներքին հիւանդութիւններու եւ Սրտաբանութեան մէջ, 1966-1973 թուականներուն։ Մասնագիտութիւնները աւարտելով կը մնայ նոյն հիւանդանոցի մէջ որպէս սրտաբանութեան տնօրէնի օգնական՝ վերահսկելով սրտաբանութեան եւ անօթագրութեան մասնագիտացողներու, միաժամանակ հետազօտութիւններ կատարելով։ Մինչեւ 1980 թ. առանձին եւվ խմբովին կը հրատարկեն 27 սրտաբանականգիտական յօդուածներ, որոնցմէ 12-ը կը ներկայացուի Ամերիկեան եւ միջազգային տարեկան համաժողովներու։ 1980-ին կը հրաւիրուի Իստ Տենեսիի (East Tennessee) համալսարանի բժշկական համալսարանի սրտաբանութեան եւ անօթագրութեան բազինը վարելու որպէս տնօրէն եւ օգնական փրոֆեսորի տիտղոսով։ Լիբանանի քաղաքական կռիւներու պստճառով ծնողքըեւ եղբայրները կը տեղափոխուին Քալիֆորնիա, որոնց կը միանայ կնոջ հետ եւ բժշկական դարմանատուն կը հաստատէ 1981 թ.‑ին Հոլիվուդ եւ Կլենդէյլի մէջ։ 2021 թ․ սկսեալ հաստատուած է տիկնոջ հետ Հայաստանի մէջ՝ ծավալելով ազգային, կրթական և համահայկական գործունէութիւն։ Բժիշկ Այնթապլեանի բանաստեղծութիունները 2023 թ․ սկսեալ վերածուեցան երգերու, որոնք կը կատարեն Հայաստանի նշանաւոր երգիչ-երգչուհիները։ [2]

Հանրային գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական միջավայրի մէջ յօդուածներով, բանախօսութիւններով եւ հեռատեսիլի ելոյթներով կ'անդրադառնայ ազգային պահանջատիրութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, Հայոց լեզուի եւ սրտանօթային հարցերու... Միաժամանակ օգտակար ըլլալով Հայաստանէն արտագաղթող հազարաւոր Հայերու առողջապահահական եւ ընկերային հարցերը լուծման։

Օգտակար կ'ըլլայ ձրիաբար բուժելով եւ դեղորայք հայթայթելով հարիւրաւոր Հայաստանէն եւ Արցախէն առողջակսն հարցերով Լոս Անճելըս ժամանած մտաւորական գրագէտ-արուեստագէտ եւ քաղաքական գործիչներու (Գէորգ Էմին, Էդ. Յովանէսեան, Էդ. Միրզոյեան, Լուսինէ Զաքարեան, Վ. Դաւթեան, Հ. Սահեան, Զ. Պալաեան եւ այն)։

Հայաստանի Երկրաշարժէն եւ Արցախի Հայ-Ատրպէյճանական հակամարտութենէ տուժած ընտանիքներուն եւ անոնց զաւակներուն տարիներով նպաստած է Հայաստանի ընկերային ապահովութեան նախարարութեան միջոցով։

Ծնողազուրկ եւ կարիքաւոր 104 ուսանող, ուսանողուհիներու համալսարանական ծախսերը հոգացած է, որոնք մասնագիտացած են իրաւաբանութեան, բժշկութեան, երաժշտութեան, հաշուապահութեան, վարչարարութեան, մանկավարժութեան, բազմարուեստից (Polytechnic) համալսարանի եւ այլ ճիւղերու մէջ։

Սերտօրէն գործակցած է «Սփիւռքի Կոմիտէի», Կ. Դալլագեանի, Համազապեանի, Վ. Դաւիթեանի եւ այլ պետական անձերու հետ, անհատբերու միջոցով դեղորայք ուղարկելով Հայաստանի երկրաշարժէն մինչեւ 1996 թուականները։

Նշանակալի է Փրոֆ. Հրանդ Թամրազեանի եւ Հրայր Պապեանի սրտի գործողութիւններու նպաստը։

Որպէս Քալիֆորնահայ բժշկական միութեան Հայաստանի նպաստի ատենապետ, Հայաստան մեկնող առաջին բժիշկներէն մին էր, որ երկրաշարժէն վնասուածներու դեղորայք եւ բժշկական օգնութիւն հասցուց եւ 2 շաբաթ անձնական բուժական նպաստով եւ խորհուրդներով շատերու սրտաբանական հարցերը լուծեց[3]։

Հանրային եւ Միութենական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Նաւասարդ գրական-Մշակութային պարբերականի խմբակրական կազմի անդամ եւ նիւթապէս նպաստող։
  • Մխիթարեան մշակութային միութեան ատենապետ։
  • Քալիֆորնիահայ բժշկակակ միութեան փոխ ատենապետ եւ Հայաստանի օգնութեան ատենապետ։
  • Լոս Անճելըսի Հայ միութեան (Իրանահայ միութեան) ատենապետ։


ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

  • Համաժողով Երևանի մէջ «Ազգային պահանջատիրութիւն և համահայկական պետականութիւն» խորագրով, Երևան 2024։
  • Համաժողով Երևանի մէջ «Միասնական գրական հայերէնի քերականութիւն» խորագրով, Երևան 2024։
  • Բանախօսութիւններ Վանաձորի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2023։
  • Բանախօսութիւններ Երևանի Խ․ Աբովեանի թանգարանի մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Երևանի Ա․ Սպենդիարեանի թանգարանի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Գորիսի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Դիլիջանի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Իջևանի Առաջնորդարանի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Աշտարակի Պերճ Պռոշեանի թանգարանի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Լիբանանի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, Բեյրութ, Այնճար 2024։
  • Բանախօսութիւններ Երևանի Ավ․ Իսահակեանի տուն-թանգարանի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Ջավախքի և Թբիլիսիի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Պոլսոյ մէջ՝ Հայրենատիրութեան և միասնական հայերէնի նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Գյումրի քաղաքի մէջ՝ Հայրենատիրութեան նյութի շուրջ, 2024։
  • Բանախօսութիւններ Հայաստանի դպրոցներու մէջ՝ Հայրենատիրութեան և հայոց լեզուի անաղարտութեան մասին, 2023-2024։
  • Հայրենատիրութիւն և Հայոց լեզուի հարցերու մասին հեռուստատեսային շարքեր Հայաստանի և Սփյուռքի լրատվամիջոցներով, 2023-2024։

Գրական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայերէն յօդուածներ- Յառաջ, Ասպարէզ, Նոր Կեանք, Հայ Կեանք, Նոր Օր,Նաւասարդ թերթ-պարբերականներու մէջ 1984-2014։
  • Վերադարձ -բանաստեղծութիւններու գրքոյկ - 2000[3]։
  • Արդի Հայերէնի համապարփակ բառարան, փրոֆ. Արտէմ Սարգսեանի համահեղինակութեամբ։ Երեքհատորեայ 120.000 բառերէ կազմուած եւ վերանայուած Ստ. Մալխասեանցի, Էդ. Աղայեանի եւ այլ բացատրական բառարանները։
  • Անհարկի յաճախակի գործածուող օտար բառերու հայերեն համարժէքներու բառարան, Տոքթ․ Յակոբ Այնթապլեան, Փրոֆ․ Արտեմ Սարգսեան։ Շուրջ 1800 բառ։ Լոս Անճելոս 2017։
  • Միասնական գրական հայերէնի քերականութիւն, (Արևելահայերէնի և Արևմտահայերէնի միավորում), 2024։

Սրտաբանական ուսումնասիրանակ եւ հետազօտական յօդուածներ եւ գիտական զեկուցումներ համաժողովներու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 27 Հրատարակուած յօդուածներ սրտաբանական նիւթերու։
  • 12 Միացեալ նահանգներու եւ միջազգային համաժողովներու զեկուցումներ։

Բարեգործութիւններ (1981- 2020)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տասնեակ մը գրքերու - Գրական, լեզուաբանական, Հայ ճարտարապետական եւ բառարաններու։

Հովանաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 104 Հայ ծնողազուրկ եւ կարիքաւոր ուսանող-ուսանողուհիներու համալսարանական եւ մասնագիկական ծախսերը հոգալով, Բժշկութեան, Մաթեմատիկայի, իրաւաբանութեան, Հաշուապահութեան, Բնագիտութեան, Բանասիրաւթեան, Երաժշտութեան, Ճարտարագիտութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու մէջ։
  • 105 Ծնողազուրկ եւ բազմազաւակ ընտանիոներու նպաստ

Կրթական կեդրոններ եւ եկեղեցաշինութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ավանի 87 միջնակարգ դպրոցը անուանված է «Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեան թիվ 87 միջնակարգ դպրոց»։
  • Արցախ -Ստեփանակերտ, Գրիգոր Նարեկացի համալսարսնի մէջ «Արեւմտահայերէնի, Գրաբարի եւ Հայագիտութեան Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան գիտահետազօտական ուսումնական կեդրոն»[4]:
  • Էջմիածին -«Ակունք» Տոքթ. Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեան կեդրոն, որ պիտի ծառայէ՝ Արեւմտահայերէնի, Գրաբարի ուսուցման եւ յառաջած համակարգչային տեղեկատուութեան ուսուցման[5]: Այս կեդրոնը յանձնուած է «Միասնութեան Խաչ» կազմակերպութեան տնօրէնութեան։
  • Արցախ-Աստղաշէնի եկեղեցւոյ նորոգութիւն։

Հանրային նպաստներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Լոս Անճելէսի Մխիթարեան վարժարանի, նշանանակալի գումար։
  • Տարեկան նպաստներ
    • Հայկական թերթերու, մշակութային միութիւններու,
    • Մաշտոց Գոլէճի սաներու հովանաւորութիւն
  • Հովանաւորում
    • US Armenia Հայկական «Մեր լեզուն մեր խօսքը» ծրագրի հովանաւորութիւն։
    • American University of Armenia - Ուսանողի հովանաւորութիւն
    • Իրանահայ միութեան նշանակալի պարտամուրհակի պարտքի վճարում։
    • Հայաստանի հանրային դպրոցներու բաշխուած ցուցապաստառներ «Հայոց լեզուն անաղարտ պահենք» վերտառութեամբ և Հայաստանի պատմական քարտեզ։ Բաշխուած է ավելի քան 350 դպրոցներու։
  • Քարտուղար։ «Հռոմի ուսանողական միութեան»,
  • Փոխ Ատենապետ «Քալիֆորնիահայ բժշկական միութեան»,
  • Ատենապետ «Քալիֆորնիոյ Մխիթարեան մշակութային միութեան»,
  • Վարչական «Նաւասարդ» գրական-Մշակութային պարբերականի,
  • Ատենապետ, «Մեսրոպեան Ուխտ լեզուապահպանական միութեան»,
  • Ատենապետ «Լոս Անճելէսի Հայկական միութեան «(Իրանահայ միութիւն)


ՊԱՐԳԵւՆԵՐ

  • Շնորհավորագիր Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապի կողմէն՝ ծաւալած հանրօգուտ գործունեութեան համար։
  • Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ բարձրագոյն մեդալ՝ իր ազգօգուտ գործունեութեան համար։
  • Լոս Անճելէս գավառապէտի կողմե շնորհավորագիր իր հանրօգուտ գործունեութեան համար։
  • Ռուսաստանի կառավարութեան կողմէ մեդալ՝ 1988 թ․ երկրաշարժին տուժողներու բժշկական և բարեգործական օգնութեան համար։
  • 1988 թ․ երկրաշարժի տուժածներու բերած օժանդակութեան համար գնահատանքի մեդալ։
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Սփյուռքի նախարարութեան կողմէ Ոսկե մեդալ՝ իր լեզուական և մշակութային գործունէութեան համար։
  • ՀՀ Ընկերային ապահովութեան նախարարութեան կողմէ Շնորհակալագիր իր նիւթական աջակցութեան համար ավելի քան 100 ծնողազուրկ և կարոտեալ ուսանողներու համալսարանական ծախսերը հոգալու համար։
  • Գյումրու համայնքապետի կողմե Շնորհակալագիր՝ իր ծաւալած գործունեութեան համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]