Աղամեմնոնասին Դիմակը
«Աղամեմնոնասին Դիմակը» (յուն․՝ Το προσωπείο του Αγαμέμνονα)․ այդպէս անուանուած է ոսկեայ դիմակը յայտնաբերուած 1876-ին Հենրիխ Շլիման հնաբանին կողմէն Միկինեսի մէջ կատարած հնաբանական պեղումներուն ընթացքին։ Այժմ կը ցուցադրուի Աթէնքի Հնաբանական Թանգարանին մէջ։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղամեմնոնասին Դիմակը, թաղման ոսկեայ դիմակ մըն է, որ գտնուած է Միկինեսի թագաւորական գերեզմանատան Ե․ (Ε’) դամբանին մէջ (դամբանը այդպէս անուանուած է), թաղուած մարմնի մը դէմքին վրան։ Ըստ Շլիմանի յայտնաբերած դիակը Աղամեմնոնաս առասպելական թագաւորին կը պատկանի եւ այդ պատճառով դիմակը այդպէս անուանած է։
Այժմէական տարիներուն եղած ուսումնասիրութիւնները փաստած են թէ դիմակը կը պատկանի Ք․Ա․1550-1500 թուականներուն, Աղամեմնոնասի ապրած ժամանակաշրջանէն (Տրոյան / Տրովադայի պատերազմ) 300 տարի առաջ։
Դիմակը Միկինեսի մէջ յայտնաբերուած 5 դիմակներէն մէկն է։ Կ՛ենթադրուի թէ ոսկեայ դիմակները կը պատէին թագաւորներուն դէմքերը, որպէսզի մեռեալներուն գէշ ազդեծութիւններէն պաշտպանեն։ Դամբանները թագաւորական են, որովհետեւ գործածուած ոսկիի քանակը եւ որակը բացառիկ արուեստի են։
Վաւերականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ի․ դարավերջերուն եւ ԻԱ․ դարասկիզբին, դիմակին վաւերականութիւնը պաշտօնապէս վիճելի կը դառնայ։ «Հնաբանութիւն» պարբերաթերթին մէջ այս ուղղութեամբ լոյս տեսած են յօդուածներու շարք մը։
Միկինեսի մէջ կատարուած հնաբանական պեղումներուն ընթացքին, Յունաստանի Հնաբանական Սպասարկութիւնը, Փանայոթիս Սթամաթաքիս հնաբանին կը յանձնէ հնաբանական պեղումներուն հսկողութիւնը, վախնալով վաւերականութեան հարցեր, այդպէս ինչպէս մէջտեղ ելած էին Շլիմանի կողմէն Տրոյայի (Տրովատայի) պեղումներուն ընթացքին։ Շատեր Շլիմանը ամբաստանած էին թէ ան իր յայտնաբերումները կը ճոխացնէր ուրիշ պեղումներէ յայտանաբերուած իրերով։ Իսկ շատեր ալ զայն պաշտպանած էին, հաստատելով թէ ժամանակ չունէր դարբնելու, խարդախութիւն ընելու, որովհետեւ դիմակը գտնուած է բազմաթիւ վկաներու առջեւ, իրողութիւն մը զոր Սթամաթաքիս հաստատած է իր օրագիրին մէջ։
Շլիմանը պաշտպանողները, կը յիշատակեն նաեւ թէ դիմակին յատկորոշումները հար ու նման են պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած մնացեալ իրերուն հետ, ինչպէս օրինակ առիւծի ոսկեայ գլուխը՝ գտնուած Դ․ (Δ') դամբանին մէջ, եւ թէ ամբաստանողները իրենց անձնական շահերէն մղուած այդպիսի գուշակութիւններ կ՛ընեն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ cliophoto - Աղամեմնոնասին դիմակը, 10/67 (ֆր.)
- ↑ Աղամեմնոնասի Դէմքը․ Տիքինսոն 2005, Hesperia. 74: 299–308(անգլերէն)
- ↑ Archaeology - Աղամեմնոնասի Դիմակին ետեւը․ Վերջաբան, Սփենսըր Հարինկթոն, 8-8-2012 (անգլերէն)
- ↑ Archaeology - Աղամեմնոնասի Դիմակին ետեւը․ Դիմակը արդեօք պատրա՞նք է, Ուիլիամ Քալտըր, 24-3-2011 (անգլերէն)
- ↑ Archaeology - Աղամեմնոնասի Դիմակին ետեւը․ վաւերականութիւնը, Քաթի Տեմաքոփուլու, 11-3-2011(անգլերէն)
- ↑ Archaeology - Աղամեմնոնասի Դիմակին ետեւը, Սփենսըր Հարինկթոն, հատոր 52 գիրք 4, Յուլիս/Օգոստոս 1999 (անգլերէն)