Մեծամօրի պատմահնաբանական արգելոց-թանգարան

Մեծամօրի պատմահնաբանական արգելոց-թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Վայր Արարատեան Դաշտ, Տարօնիկ գիւղին մօտ
Հիմնադրուած է 1968

Մեծամօրի պատմահնաբանական արգելոց-թանգարան կամ՝ Մեծամօրի թանգարան․ հիմնադրուած է 1968-ին եւ կը գտնուի Երեւանէն 35 քլ․ հարաւ-արեւմուտք, Մեծամօր գետի ափին, Տարօնիկ գիւղին մօտ։  Թանգարանին մէջ կը պահուին հնագոյն գտածոյ ոսկիներ եւ ուրիշ արժէքաւոր իրեր։

Մեծամօր պատմահնաբանական արգելոց -թանգարանը կը գործէ «Պատմամշակութային արգելոց -թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի (պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն) կազմին մէջ։

Պատմական տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծամօրի բնակավայր, պարիսպ

1965-էն ի վեր, Մեծամօր բնակավայրի տարածքին պարբերաբար պեղումներ կը կատարուին։  Պեղուած մշակութային շերտերը կը վերաբերին պրոնզեայ (Ք․Ա․3300 – 1200) եւ երկաթեայ (Ք․Ա․ 1200 – 600) դարաշրջաններուն եւ գտնուած իրերը պատմամշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն։  Շնորհիւ կատարուած գիտական պրպտումներուն եւ հնագիտական պեղումներուն Մեծամօրը այսօր Հայաստանի հնագիտական հարստութիւններէն մէկն է։

Տարօնիկ գիւղի տարածք

Թանգարանին մէջ հաւաքուած են եւ կը ցուցադրուին հնաբանական վայրէն պեղուած աւելի քան 28․000 առարկայ։ Առաջին յարկին վրայ կը ցուցադրուին Մեծամօր բնակավայրի ամրոցին եւ դամբարանադաշտին մէջ յայտնաբերուած նիւթերը, որոնք կը վերաբերին վաղ պրոնզէ շրջանէն մինչեւ ուշ միջնադար։ Երկրորդ յարկին վրայ կը ներկայացուին հին Մեծամօրի արհեստներն ու ծէսերը։ Իսկ նկուղային յարկին մէջ կը գտնուի «Զետեղարան»ը, ուր ձեւաւորուած է «Մեծամօրի ոսկին» ցուցահանդէսը:

Գտնուած նիւթերէն, իրերէն, հնաբանները կը պարզեն թէ Մեծամօրը եղած է խոշոր բնակատեղի։  Անոր տարածքին մէջ գտնուած են միջնաբերդ մը շրջապատուած բարձր պարիսպով եւ վայր մը, որ այսօրուան չափանիշներով աստղադիտարան կարելի է նկատել:

1979-ին կատարուած պեղումներուն ընթացքին գտնուած են Բաբելոնի թագաւորներու պատկանող բացառիկ իրեր (Ք․Ա․ 16-րդ եւ 15-րդ դար)։ Այս գտածոները կը վկայեն, թէ Մեծամօրը հնագոյն ժամանակներէն ի վեր եղած է առեւտրական ճանապարհներու խաչմերուկ․ կապած է Հիւսիսային Կովկասը Միջին Արեւելքին։

Նկար Թանգարանէն
Նկար թանգարանի հաւաքածոյէն

Ըստ ցուցադրուած իրերուն, կը հասկցուի թէ կեանքը այդ տարածքին վրայ՝ Արարատեան դաշտ, շատ բարձր մակարդակ ունեցած է, ոսկին պատուաւոր տեղ գրաւած է բնակիչներու կեանքին մէջ: Յայտնի է, որ 3-4 հազար տարի առաջ հին հայերը ոսկին այնպիսի մշակումներու ենթարկած են, որ հողին տակ հրաշալիօրէն պահպանուած են թէ՛ նիւթը, թէ՛ անոր վրայի նախշերը, դրուագները, ագոյցները…։

Պեղումները պարբերաբար կը շարունակուին եւ ոսկեայ իրեր կը գտնուին: 2021-ին կատարած պեղումներէն, հնագէտները Մեծամօրի մէկ դամբարանէն յայտնաբերած են 83 կտոր մեծ ու փոքր ոսկեայ առարկայ: Հակառակ որ դամբարանը թալանուած է գանձահէններու կողմէ, սակայն բաւարար ոսկի եւ ուրիշ առարկաներ պահպանուած են անոր խաւերուն մէջ: Նոյն դամբարանին մէջ 2000-էն աւելի անագէ ուլունքներ յայտնաբերուած են, 150-ի չափ անագէ ճարմանդներ, քանի մը հազար այլ ուլունքներ եւ 5-6 կտոր սաթէ ուլունք:

«Մեծամօրի ոսկին» ժամանակաւոր ցուցադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2021-ի վերջերուն սկսած «Մեծամօրի ոսկին» պիտակին տակ եւ 2022 տարեշրջանին շարունակուող ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը, կ՛ ընդգրկէ բնակավայրին տարածքին գտածոյ ոսկիներ եւ այլ արժէքաւոր նիւթեր, առարկաներ։

ժամանակաւոր ցուցադրութեան մէկ հատուածը նուիրուած է 2016-էն ետք գտնուած ոսկեայ եւ այլ իրերուն: Ըստ մասնագէտներուն, միայն այդ հնգամեակի ընթացքին պեղուած հնագիտական նիւթերը կը վերաբերին մօտաւորապէս քսան իրերայաջորդ դարերու: Կը ցուցադրուի նաեւ Հայաստանի ամենահին ոսկին, որ հնաբանները գտած են Մեծամօրի վաղ պրոնզեայ դարու շերտէն՝ մանկան դամբարանի մը մէջ: Ոսկիին եւ մանկան կմախքին դիրքը այնպէս եղած է, որ մասնագէտները զայն նկատած են իբրեւ մանկան վարսերու զարդ․ 5․23 կրամ կշռող ոլորաձեւ այս հերազարդը, ամենահինը կը նկատուի։

Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ արծաթով, անագով, սաթով, սարդիոնով պատրաստուած պերճանքի եզակի առարկաներ՝ զարդակոճակներ, ճակատակալեր, ճարմանդներ, ոսկեայ թիթեղով պատրաստուած կախիկներ, որոնք կ՚արտացոլացնեն նախնադարեան ամբողջ դարաշրջանի մը արուեստը, մշակոյթը, արհեստները, առեւտուրը, կենցաղը՝ Արարատեան դաշտի տարածքին վրայ:

Մեծամօրի «աստղադիտարան»ը

«Մեծամօրի ոսկին» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը այցելողը կը նկատէ թէ ոսկերչութիւնը՝ ոսկի ձուլելու եւ զարդեր պատրաստելու վարպետութիւնը, որքան զարգացած էր եւ տարածուած հնադարեան տարիներուն (Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակէն սկսեալ) Արարատեան դաշտի տարածքին։ Գտնուած ոսկեայ իրերը կը պատմեն շրջանի մշակոյթին մասին։ Յայտնաբերուած ձիերու կախիկները, կը վկայեն թէ զարդեր պատրաստուած են նաեւ կենդանիներուն համար։

Զետեղարանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծամօրի թանգարանի նկուղային յարկին մէջ կը գտնուի յատուկ զետեղարանը, ուր ներկայացուած են Վանի թագաւորութեան շրջանէն ոսկեայ, արծաթեայ, սաթէ, կիսաթանկարժէք քարերէ պատրաստուած եզակի մշակութային արժէքներ։ Զետեղարանը յատուկ ժայռի մէջ կառուցուած է՝ թանգարանին բացումէն մօտաւորապէս տասը տարի ետք։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Մեծամօր» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան/Metsamor Museum
  2. «Պատմամշակութային արգելոց -թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն»