Jump to content

Մարսել Փրուսթ

Մարսել Փրուսթ
ֆրանսերէն՝ Marcel Proust
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Valentin Louis Georges Eugène Marcel Proust
Ծնած է 10 Յուլիս 1871(1871-07-10)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Auteuil, Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[4]
Մահացած է 18 Նոյեմբեր 1922
Մահուան վայր Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[5]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[3][1]
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Ուսումնավայր Քաղաքական գիտությունների ազատ դպրոց? և Փարիզի Համալսարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ À l'ombre des jeunes filles en fleurs?, Կորուսյալ ժամանակի որոնումներում? և Jean Santeuil?
Տեսակ novel sequence?, pastiche? և նախափորձ
Մասնագիտութիւն վիպասան, ակնարկագիր, գրագէտ, գրաքննադատ, բանաստեղծ և արձակագիր
Ծնողներ հայր՝ Ադրիան Պրուստ?[6][7], մայր՝ Jeanne-Clémence Proust?[4]
Ստորագրութիւն

Վալանթին Լուի Ժորժ Էօժէն Մարսել Փրուսթ (ֆրանսերէն՝ Valentin Louis Georges Eugène Marcel Proust, ֆրանսացի նշանաւոր վիպասան, ակնարկագիր եւ քննադատ, մոտեռնիզմի ներկայացուցիչ։ Փրուսթի գլխաւոր երկը «Կորսուած ժամանակի փնտռտուքներու մէջ» (ֆրանսերէն՝ À la recherche du temps perdu) 7 վէպէ բաղկացած վիպաշար է (հատորներ 1-16, 1913-1927, վերջին 6 հատորները հրատարակուեր են յետ մահու), որ կը նկատուի 20-րդ դարու համաշխարհային գրականութեան ամէնակարեւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը։

1907 թուականին կը սկսի գրել իր մեծ ստեղծագործութիւնը՝ «Կորուսեալ ժամանակը փնտռելով», որու եօթ գլուխները կը հրատարակուին 1913 եւ 1927 թուականներուն, այսինքն՝ իր մահէն յետոյ: Երկրորդ մասը՝ «Ծաղկեալ երիտասարդ աղջիկներու ստուերի մէջ», կը շահի Կոնքուղ մրցանակ 1919 թուականին:

Մարսել Փրուսթը կը մահանայ 1922 թուականի Նոյեմբերի 18-ին՝ ցնցղատապէն (bronchitis): Թաղուած է Փարիզի Փեր Լաշեզ գերեզմանատան մէջ:

Փրուսթի վիպական աշխատանքը ժամանակի եւ յիշողութեան մասին խորհրդածութիւններ են, ինչպէս նաեւ արուեստի գործառոյթներու, որ պէտք է իր սեփական աշխարհները առաջարկէ, բայց նաեւ այդ աշխատանքը սիրոյ եւ նախանձի մասին մտորումներ են գոյութեան դատարկութեան զգացողութեամբ, որ կը գունաւորէ փրուսթեան գորշ տեսիլքը, ուր համասեռամոլութիւնը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ: «Կորուսեալ ժամանակը փնտռելով»-ը նմանապէս մարդկային մեծ կատակերգութիւն է աւելի քան երկու հարիւր դերասանի մասնակցութեամբ:

Մարսել Փրուսթը ծնած է Փարիզ, 16-րդ շրջանի Օթոյ թաղամասին մէջ, իր մայրական կողմի մեծ հօր տան մէջ, որ յետագային քանդեր են նոր բնակելի շէնքեր կառուցելու նպատակով:

Ռոպերթ եւ Մարսել Փրուսթները, 1876 թ.

Մայրը՝ Ժան Քլեմանս Վայլը (ծնած է 1849 թ. Փարիզ եւ մահացեր 1905 թ.), ալզասեան եւ լորենեան հրեաներէն էր եւ պիրժայի գործակալ: Հայրը՝ բժիշկ Ատրիան Փրուսթը (ծնած է Իլիէր՝ 1834 թ. եւ մահացեր Փարիզ՝ 1903 թ.), Իլիէրի բարգաւաճ առեւտրականներէն էր: Մարսելը նաեւ ունէր աւագ եղբայր՝ Ռոպերթը (ծն.՝ 1873 թ. եւ մահացեր է 1935 թ.), վիրաբոյժ էր: Մարսելի հովանաւորն էր նմոյշահաւաք էoժէն Միւթիաքսը:

Մարսելի փխրուն առողջութիւնը հետեւանք էր իր մայրիկի յղութեան ժամանակ կրած զրկանքներուն: Առողջական թերութիւններով ծնած երեխան կը փրկէ իր բժիշկ հայրը, որ ծննդաբերութեան օրը վիրաւորուեր էր ցուցարարի մը արձակած կրակէն: Ծնողքը կը վախնար, որ նորածինը չ'ապրիր, սակայն ծնողական խնամքի շնորհիւ Մարսելը կը փրկուի մահէն: Տարուայ եղանակներէն գարունը շատ վատ կ'ազդէր անոր առողջութեան վրայ ու նոյնիսկ անգամ մը, երբ ան 9 տարեկան էր, շնչահեղձ կ'ըլլայ ծաղիկներու ծաղկափոշիի յարուցած ասթմային նոպայի պատճառով:

Կաթոլիկ հօր եւ հրեայ մօր զաւակը կը մկրտուի Փարիզի Սեն-Լուի-տ'Անթըն եկեղեցւոյ մէջ: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ան ինքզինք «հաւատացեալ» չի համարեր, քանի որ այդ ժամանակ հակասեմականութիւնը վառ արտայայտուած էր, զինք կը քննադատեն այլ յայտնի հակասեմիսթ գրողներ:

Երիտասարդութեան տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փրուսթը՝ ձախէն առաջինը, երկրորդ շարք, Քոնտողսէի լիսէ, 1888-89 թթ.

Նախնական դասարանի մէջ սորված է երաժշտահան Ժորժ Պիզէի տղուն՝ Ժաք Պիզէի հետ, որուն մայրը՝ Ժնէվիէւ Ալեւին, իր քեռիի տան մէջ սրահ ունէր, ուր կը հաւաքուէին դերասաններ: Ժնեւիէւը կրկին կ'ամուսնանայ 1886 թ., պահպանելով իր սրահը, որու մշտական այցելուն դարձեր էր Փրուսթը:

Մարսելը այնուհետեւ կ'ուսանի Քոնտորսէ լիսէին մէջ 1882 թ. սկսեալ: Հինգերորդ ուսումնական տարին կը կրկնէ ու կը մնայ նոյն կարգը, սակայն առաջին անգամ ըլլալով անոր անունը կը գրեն գերազանցներու ցուցակին մէջ 1884 թ.: Ան դասերէն կը բացակայէր առողջական խնդիրներու պատճառով, սակայն արդէն անգիր գիտէր Վիքթոր Հիւկոյի, Միւսէի եւ Ժան Սանթոյի ստեղծագործութիւնները: Ան նաեւ կ'ուսանի փիլիսոփայ Ալֆոնս Տառլիուի մօտ:

Գրողի մանկական եւ երիտասարդական առաջին սէր՝ Մարի տը Պենարտաքիի հետ ան ներկայացումներ կ'ունենայ Ելիսէեան դաշտերուն մէջ: Անոնք կը դադրին հանդիպիլ 1887 թ.: Փրուսթը իր գրական առաջին քայլերը կը կատարէ դեռ լիսէի մէջ ուսանած վերջին տարիներուն: Աւելի ուշ՝ 1882 թ. ան կը հիմնադրէ փոքր հանդէս մը Քոնտորսէի նախկին նոյն ուսումնական կարգի համալսարանականներուն հետ՝ «Պանքէթ»-ը: Ասիկա սկիզբ կը դնէ իր ցուցամոլ հռչակին: Այդ ընթացքին կը ծանօթանայ Լիւսիէն Տոտէի՝ վիպասան Ալֆոնս Տոտէի տղուն հետ:

1889-90 թթ. կը ծառայէ բանակին մէջ, Օրլեան, որու մասին յետագային հաճելի յիշողութիւններ ունէր: Իսկ յաջորդած ժամանակաշրջանին Փարիզի մէջ կը ծանօթանայ Կասթոն Արման տը Քայավէի հետ, որ կը դառնայ անոր մտերիմ ընկերը: Ան նաեւ կը ծանօթանայ վերջինիս նշանածի՝ Ժաննա Փուքէի հետ, որուն կը սիրահարուի յետագային:

Զինծառայութիւնէն յետոյ կը յաճախէ Ալպեռ Սորելի եւ Անաթոլ Լըռուա-Պոլիոյի քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքին ազատ դպրոցին մէջ, որ զինք կը համարէ շատ խելացի: Ան իր հօրը կ'առաջարկէ դիւանագիտական մրցոյթի մասնակցիլ հնագիտութեան դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ կ'աւարտէ Սորպոնի համալսարանի Պսակաւոր Արուեստի աստիճանով 1895 թ.:

1896 թ. կը հրապարակէ «Հաճոյքները եւ օրերը» արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ գրաքննադատներու եւ յատկապէս գրող Ժան Լորէնի կողմէ բարձր գնահատականի կ'արժանանայ: Վերջինիս հետ նոյնիսկ մենամարտի դուրս կու գայ, որ կ'աւարտի առանց որեւէ կողմ վնասուելու: Այնուհետեւ կը հրատարակէ «Կորուսեալ ժամանակը փնտռելով» վէպի առաջին գլուխները:

Յայտնի է, որ Փրուսթ համասեռամոլ էր. անոր սեռականութիւնը եւ տղամարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւնները յաճախ կը քննարկուին իր կենսագիրներուն կողմէ: Թէեւ անոր տանտիկինը՝ Սելեսթ Ալպարէն, իր յուշերուն մէջ կը ժխտէ Փրուսթի սեռականութեան այս կողմը, անոր ժխտումը հակասութեան մէջ է Փրուսթի շատ մը բարեկամներու եւ ժամանակակիցներու հաստատումներուն հետ, ներառեալ իր գրչակից ընկերոջ՝ Անտրէ Ժիտի, ինչպէս նաեւ իր սպասաւորին՝ Էրնեսթ Ա. Ֆորսկրէնի:

Փրուսթ երբեք բացայայտօրէն չէ հռչակած իր համասեռամոլութիւնը, թէեւ իր ընտանիքը եւ մտերիմ բարեկամները գիտէին կամ կասկած ունէին այդ մասին: 1897-ին ան մենամարտեցաւ գրող Ժան Լորէնի հետ, որ հրապարակաւ կասկածի տակ դրած էր Փրուսթի եւ իր սիրեկանին՝ Լիւսիէն Տոտէի յարաբերութեան բնոյթը. երկու մենամարտողներն ալ ողջ մնացին: Չնայած Փրուսթի հրապարակային ժխտումներուն, անոր սիրային յարաբերութիւնը երգահան Ռէյնալտօ Հաննի հետ եւ անոր հմայուածութիւնը իր վարորդին ու քարտուղարին՝ Ալֆրետ Ակոսթինելիի հանդէպ լաւ փաստագրուած են: 11 Յունուար 1918-ի գիշերը, Փրուսթ այն տղամարդոցմէ մէկն էր, որոնց ոստիկանութիւնը նույնականացուց Ալպեր Լը Քիւզիայի կողմէ ղեկավարուող տղամարդոց հասարակաց տան մը վրայ կատարուած արշաւանքի ընթացքին: Փրուսթի բարեկամը՝ Փոլ Մորան, բացայայտօրէն կը կատակէր Փրուսթի հետ՝ տղամարդ մարմնավաճառներուն այցելելուն համար: Իր օրագիրին մէջ Մորան կը յիշատակէ Փրուսթը, ինչպէս նաեւ Ժիտը, իբրեւ «անհանգիստ որսորդներ, որոնք երբեք չեն կշտանար իրենց արկածախնդրութիւններէն... յաւերժական թափառաշրջիկներ, անխոնջ սեռային արկածախնդիրներ»[9]:

Փրուսթի սեռականութեան ճշգրիտ ազդեցութիւնը իր գրութիւններուն վրայ բանավէճի նիւթ է: Այնուամենայնիւ, «Փնտռտուք Կորսուած Ժամանակի» երկին մէջ երկարօրէն կը քննարկուի համասեռամոլութիւնը, եւ հոն կան քանի մը գլխաւոր կերպարներ՝ թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ՛ կիներ, որոնք կամ համասեռամոլ են, կամ երկսեռամոլ. օրինակ՝ պարոն տը Շարլիւսը, Ռոպէր տը Սէն-Լուն, Օտէթ տը Քրեսին եւ Ալպերթին Սիմոնէն: Համասեռամոլութիւնը կը հանդիպի իբրեւ թեմա նաեւ «Հաճոյքներ եւ Օրեր» (Les plaisirs et les jours) գործին եւ անոր անաւարտ վէպին՝ «Ժան Սանթէօյ»-ի մէջ:

Փրուսթ ժառանգեց իր մօր քաղաքական հայեացքներուն մեծ մասը, որոնք կը զօրակցէին Ֆրանսական Երրորդ Հանրապետութեան եւ մօտ էին ֆրանսական քաղաքականութեան ազատական (լիպերալ) կեդրոնին: 1892-ին Le Banquet թերթին մէջ հրատարակուած «Պետական Անկրօնութիւնը» յօդուածին մէջ, Փրուսթ դատապարտեց ծայրահեղ հակակղերական միջոցառումները, ինչպէս կրօնաւորներու (կուսակրօն աբեղաներու) արտաքսումը, նկատել տալով, որ «մարդ կարող է պարզապէս զարմանալ, թէ կրօնի ժխտումը ինչպէս իր հետ կը բերէ նոյն մոլերանդութիւնը, անհանդուրժողականութիւնն ու հալածանքը, ինչ որ ինքնին կրօնը»: Ան պնդեց, որ սոցիալիզմը աւելի մեծ սպառնալիք է հասարակութեան համար, քան Եկեղեցին: Ան նոյնքան քննադատաբար կը վերաբերէր աջակողմեաններուն՝ խստօրէն քննադատելով «պահպանողականներու տխմարութիւնը», որոնց կը համարէր «նոյնքան համր եւ ապերախտ, որքան Շարլ Ժ.-ի օրօք», եւ Պիոս Ժ. Պապին հաստատակամութիւնը անուանեց յիմարութիւն: Փրուսթ միշտ մերժեց այն ատելավառ եւ ոչ-ազատական հայեացքները, որոնք ունէին այն ատենուան շատ մը քահանաներ, բայց կը հաւատար, որ ամենալուսաւորեալ հոգեւորականները կրնան նոյնքան յառաջադէմ ըլլալ, որքան ամենալուսաւորեալ աշխարհականները, եւ երկուքն ալ կրնան ծառայել «յառաջադէմ ազատական Հանրապետութեան» դատին: Ան հաւանութիւն տուաւ 1906-ին Արիսթիտ Պրիանի որդեգրած աւելի չափաւոր դիրքորոշման, որուն նկարագրեց իբրեւ «հիանալի»[10]:

Փրուսթ ամենաառաջին «Տրէյֆիւսականներէն» էր. ան նոյնիսկ մասնակցեցաւ Էմիլ Զոլայի դատավարութեան եւ հպարտութեամբ կը պնդէր, որ ինքն էր այն անձը, որ խնդրած էր Անաթոլ Ֆրանսէն ստորագրել Ալֆրետ Տրէյֆիւսի անմեղութիւնը պաշտպանող հանրագիրը: 1919-ին, երբ աջակողմեան «Action Française» շարժման ներկայացուցիչները հրապարակեցին մանիֆեստ մը, որ կը պաշտպանէր ֆրանսական գաղութատիրութիւնը եւ Կաթոլիկ Եկեղեցին իբրեւ քաղաքակիրթ արժէքներու մարմնացում, Փրուսթ մերժեց անոնց ազգայնական եւ շովինիստական հայեացքները՝ ի նպաստ ազատական բազմակարծիք (pluralist) տեսլականի մը, որ կընդունէր Քրիստոնէութեան մշակութային ժառանգութիւնը Ֆրանսայի մէջ: Ժիւլիէն Պենտան իր «Մտաւորականներու Դաւաճանութիւնը» (La Trahison des clercs) գիրքին մէջ դրուատեց Փրուսթը իբրեւ գրող մը, որ առանձնացաւ իր սերունդէն՝ խուսափելով ազգայնականութեան եւ դասակարգային աղանդաւորութեան (հատուածականութեան) զոյգ թակարդներէն[11]:

Իր գերզգայնութիւններուն եւ շնչարգելութեան յաճախակի նոպաներուն, ինչպէս նաեւ այն ատեն հիւանդութեան սխալ ընկալման պատճառով, բժիշկները Փրուսթը կը համարէին հիւանդագին կասկածամիտ: Անոր նամակագրութիւնը որոշակի տեղեկութիւններ կու տայ անոր ախտանիշներուն մասին: Ըստ Եէլոուլիզ Տակլասի՝ Փրուսթ կը տառապէր Էհլերս-Տանլոսի համախտանիշի անօթային ենթատեսակէն[12]:

Րասքինի թարգմանութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մարսել Փրուսթ, 1982 թ. լուսանկար
  • Քնջութն ու ջրաշուշանները
  • Ամիէնի Աստուածաշունչը

Փրուսթը կը թարգմանէ Ճոն Րասքինի «Ամիէնի Աստուածաշունչը» 1904 թ. եւ զայն կը նուիրէ նախորդ տարի մահացած իր հօրը: Այս աշխատանքը, ինչպէս նաեւ իր երկրորդ թարգմանութիւնը՝ «Քնջութն ու ջրաշուշանները» (թարգմանուած 1906 թ.) գովասանքի կ'արժանանան քննադատներու կողմէ:

Այս ընթացքը ապագայ գրողի համար բեղմնալից էր, որմով եւ յետագային հաստատուեցաւ իր անձը: Փաստացի իր թարգմանութիւնները Փրուսթը կը հարստացնէր լիուլի ծանօթագրութիւններով եւ երկար նախաբաններով, որոնք բնագիրին հետ նոյնչափ կարեւորութիւն ձեռք կը բերեն: Րասքինի ստեղծագործութիւնները թարգմանելով Փրուսթը քայլ առ քայլ կը դառնայ անոր քննադատներէն մէկը, որ յատկապէս կ'երեւի թարգմանուելիք բնագրի՝ իր գրած նախաբանին մէջ:

«Կորսուած ժամանակի փնտռտուքով»[13]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1909-ին սկսած, երբ Փրուսթ 38 տարեկան էր, «Կորսուած ժամանակի փնտռտուքով» (À la recherche du temps perdu) վէպը բաղկացած է եօթը հատորներէ, որոնք ընդհանուր առմամբ ունին շուրջ 3200 էջ (իսկ The Modern Library-ի թարգմանութեան մէջ՝ մօտ 4300 էջ)։ Կրահամ Կրին Փրուսթը անուանած է «քսաներորդ դարու մեծագոյն վիպասանը, ինչպէս Թոլսթոյը տասնիններորդ դարունն էր», իսկ Ու․ Սոմերսեթ Մոմը վէպը կոչած է «մինչ օրս գրուած մեծագոյն գեղարուեստական գործը»։ Անտրէ Ժիտ սկզբնապէս այնքան ալ տպաւորուած չէր անոր գործով։ Առաջին հատորը մերժուեցաւ «Կալիմար» (Gallimard) հրատարակչութեան կողմէ՝ Ժիտի խորհուրդով։ Աւելի ուշ ան նամակ գրեց Փրուսթին՝ ներողութիւն խնդրելով այդ մերժման մէջ իր ունեցած դերին համար եւ զայն համարելով իր կեանքի ամենալուրջ սխալներէն մէկը։ Ի վերջոյ, գիրքը հրատարակուեցաւ հեղինակին սեփական միջոցներով՝ «Կրասէ» (Grasset) հրատարակչատան կողմէ, եւ Փրուսթ վճարեց քննադատներուն, որպէսզի անոնք դրական արտայայտուին գործին մասին։

Փրուսթ մահացաւ նախքան վերջին հատորներու սեւագրութիւններն ու սրբագրութիւնները ամբողջացնելը․ վերջին երեք հատորները հրատարակուեցան յետմահու՝ իր եղբօր՝ Ռոպերթի խմբագրութեամբ։ Գիրքը անգլերէնի թարգմանուեցաւ Ս․ Ք․ Սքոթ Մոնքրիֆի կողմէ՝ լոյս տեսնելով «Անցեալի յուշեր» (Remembrance of Things Past) վերնագիրով 1922-էն 1931 թուականներուն միջեւ։ Սքոթ Մոնքրիֆ թարգմանեց եօթը հատորներէն առաջին վեցը եւ մահացաւ նախքան վերջինը աւարտելը։ Այս վերջին հատորը տարբեր ժամանակներու թարգմանուեցաւ այլ թարգմանիչներու կողմէ։ Երբ Սքոթ Մոնքրիֆի թարգմանութիւնը աւելի ուշ վերանայուեցաւ (նախ՝ Թերենս Քիլմարթինի, ապա՝ Տ․ Ժ․ Էնրայթի կողմէ), վէպին վերնագիրը փոխուեցաւ աւելի հարազատ տարբերակի՝ «Կորսուած ժամանակի փնտռտուքով» (In Search of Lost Time)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. ↑ Valentin Louis Georges Eugène M Proust — ministère de la Culture.
  3. 1 2 RKDartists
  4. 1 2 Deutsche Nationalbibliothek Record #118596799 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  5. ↑ Пруст Марсель // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  6. ↑ Painter G. D. Encyclopædia Britannica
  7. ↑ Fringes S. Schriftsteller Marcel Proust: Archäologe der Erinnerung / Hrsg.: Deutschlandfunk Kultur — 2022.
  8. ↑ (անգլերեն) Marcel Proust, 2026-09-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Marcel_Proust&oldid=1373617046, վերցված է 2026-09-18
  9. ↑ Morand, Paul. Journal inutile, tome 2: 1973 – 1976, ed. Laurent Boyer and Véronique Boyer. Paris: Gallimard, 2001; Carter (2006)
  10. ↑ Watson, D. R. (1968). "Sixteen Letters of Marcel Proust to Joseph Reinach". The Modern Language Review. 63 (3): 587–599. doi:10.2307/3722199. JSTOR 3722199.
  11. ↑ Hughes, Edward J. (2011). Proust, Class, and Nation. Oxford University Press. pp. 19–46.
  12. ↑ Douglas, Yellowlees (1 May 2016). "The real malady of Marcel Proust and what it reveals about diagnostic errors in medicine". Medical Hypotheses. 90: 14–18. doi:10.1016/j.mehy.2016.02.024. ISSN 1532-2777. PMID 27063078.
  13. ↑ (անգլերեն) Marcel Proust, 2026-04-09, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Marcel_Proust&oldid=1347854822, վերցված է 2026-04-13