Jump to content

Մարկոս Աղաբէգեան

Մարկոս Աղաբէգեան
Ծնած է 1830[1][2]
Ծննդավայր Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 1908[1][2]
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան[1]
Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, հանրային գործիչ, Խմբագիր, մանկավարժ
Աշխատավայր Կռունկ Հայոց Աշխարհին[1]
Ծիլն Ավարայրի?[1]

Աղաբէգեան Մարկոս (1830[1][2], Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 1908[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]), նշանաւոր հայ հրապարակախօս-խմբագիր։

Ծնած Զմիւռնիա 1830 թուականին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն Ս․ Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, իսկ 1843-ին ուղարկուեցաւ Փարիզ՝ Մուրատեան վարժարան, ուր 1849-ին ուսումը աւարտելով վերադարձաւ Զմիւռնիա եւ ընկերանալով Մատթէոս Մամուրեանին հետ («Արեւելեան Մամուլ- հանգ․ խմբագիրը) սեփական ուսումնարան բացաւ, զոր ժամանակին կը մրցէր Ս․ Մեսրոպեան վարժարանին հետ։ Այս մրցումէն ձերբազատելու համար՝ վարժարանի վարչութիւնն Աղաբէգեանին տեսուչի պաշտօն կու տայ։ Ան Զմիւռնիայէն Կ․ Պոլիս անցաւ եւ հասարակական գործունէութեան ասպարէզ մտաւ եւ 1859-ին, նորընտիր Մատթէոս կաթողիկոսին հետ, քարտուղարի պաշտօնով Էջմիածին եկաւ։ Ներսեսեան դպրոցին վարչութեան կողմէ ուսուցչական պաշտօն վարելու հրաւէր ստանալով եկաւ Թիֆլիս, շփուեցաւ ժամանակակից հայ գործիչ երիտասարդութեան շրջանին եւ 1860 թուականին սկսաւ խմբագրել «Կռունկ Հայոց Աշխարհի» ամսագիրը, որուն հրատարակիչն էր Հ․ Էֆէնջեանցը։ «Կռունկ»ը մեծ դեր խաղացած է մեր պարբերական մամուլին մէջ, ան աշխատակիցներ ունեցաւ՝ Գ․ Մուրատեանը, Յ․ Կարինեացը, Գ․ Շերմազանեանը, Ե․ Բաստամեանը, Առաքել Արարատեանը, Մ․ Մամուրեանը, Մելիք-Ազարեանը եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ յայտնի մարդիկ էին եւ մինչեւ այսօր ծանօթ անուններ են։

Ամուսնանալով Դօլգեանի աղջկան հետ չորս տարի հրատարակելէ ետք, 1861-ի Յունուարէն դադրեցաւ հրատարակելէ եւ 1865-ին գնաց Կ․ Պոլիս։ Այնտեղ եւս գրեթէ «Կռունկ»-ի ծրագիրով սկսաւ1866-էն հրատարակել «Ծիլն Աւարայրի» անունով ամսագիրը, սակայն նիւթական անյաջողութեան պատճառով 1867-ին դադրեցուց[3][4]։ Այդ ընթացքին, ինչպէս յայտնի է, տաճկահայերը զբաղուած էին 1862 թուականին տեղի ունեցած Զէյթունի իրադարձութիւներով, որուն համար կազմուեցաւ «Քննիչ Յանձնաժողով» եւ Մարկոսն ալ ընտրուելով անդամ 1867-ին իբրեւ քննիչ Զէյթուն գնաց, ուրտեղէն Պոլիս երթալով՝ Նուպար-Շահնազարեան վարժարանի դասատու անուանուեցաւ։ Այդ պաշտօնի մէջ ալ երկար չմնաց, որովհետեւ Վանի մեծ հրդեհի պատճառները ստուգելու համար քննիչ նշանակուեցաւ եւ միեւնոյն ժամանակ ընդհանուր վերաքննիչի պաշտօն ստանձնելով գնաց Վան։ Հրդեհի մասին զեկուցումներ տալով, իր պաշտօնը շարունակեց. սակայն քիչ ժամանակ անց գնաց Կ․ Պոլիս։ Հայոց Միացեալ ընկերութիւնը մեծ գործ կը կատարէր Տաճկաստանի մէջ, Մարկոսին յանձնարարեց գրել Հայոց պատմութիւն աշխարհաբար եւ ընդարձակ, զոր կատարեց Աղաբէդեանը 14 տարի աշխատելով, բայց այդ կարեւոր աշխատութիւնը կը մնայ անտիպ։ Ան աշխատակցած է «Լումա»յին, «Բիւզանդիոն»-ին եւ այլն։

  • Հայկական թատրոն Գարեգին Սրուանձտեաց (4 մասն, 1867 Կ․ Պոլիս)
  • Յայտարարութիւն կանոնաց Ս․ Մեսրոպ Վարժարանի (Զմիւռնիա 1858)
  • Թուղթ Հայոց աշխարհի, ազգի եւ եկեղեցու ազգայնութեան մասին առ պատրիարք Տ․ Ներսէս արքեպ․ (Կ․ Պոլիս 1878)

Թարգմանած է՝

  • Գիզոյի Քաղաքակրթութեան պատմութիւն
  • Ծրագիր պատմութեան Հայաստան աշխարհին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։