Jump to content

Կռունկ Հայոց Աշխարհին

«Կռունկ Հայոց Աշխարհին», գրական, բանասիրական, վիճակագրական, բարոյախօսական եւ տեղեկատու ամսօրեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1860-1863 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրն էր Մ. Աղաբեկեանը, հրատարակիչը՝ Համբարձում Էնֆիաճեանը։ Հանդէսը հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան հիմնական գործօնները համարած է լեզուն, պատմութիւնը եւ կրօնը։ Կարեւոր դեր կատարած է աշխարհաբար գրական հայերէնի ձեւաւորման գործին մէջ՝ տպագրելով Խ. Աբովեանի («Ովսանա»), Պերճ Պռօշեանի («Սոս եւ Վարդիթեր», «Աղասի»), Դ. Շերմազանեանի, Ռ. Պատկանեանի, Ե. Սահակեանի, Հ. Ամիրբեկեանի եւ ուրիշներու գեղարուեստական երկերը, Մ. Մամուրեանի «Անգլիական նամականի»-ի առաջին բաժինը։ Թարգմանաբար ներկայացուցած է Պուշկինի եւ Հաֆեգի ստեղծագործութիւններէն, բազմաթիւ գլուխներ Ռուսթաւելիի «Վագրենաւորից»։ Ամսագիրը աւանդ ունի նաեւ հայ բանասիրութեան զարգացման բնագաւառին մէջ (Մ. Տէր-Ազարեանցի, Մ. Աղաբեկեանի ուսումնասիրութիւնները, Յովսէփ կաթողիկոսի «Յիշատակարանք»-ը եւ այլ գործեր)։ Անդրադարձած է արեւմտահայ քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններուն, Զէյթունի ապստամբութեան[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։