Մանտալաներ
Մանտալաները շատ գեղեցիկ, խրթին եւ օրհնեալ արուեստի գործեր են, որոնք առիթ կը ստեղծեն ստեղծագործելու եւ մարդոց երեւակայութիւնը զարգացնելու[1]:
Մանտալաները սկիզբ առած են Հնդկաստանէն:
Սկզբնական շրջանին անոնք կը ծառայէին մարդոց միտքը զբաղեցնելու կեանքի փոքրիկ հարցերով:
Մանտալա բառը եկած է սանսկրիտ լեզուէն` Հնդկաստանի օրհնեալ լեզուէն, որ կը նշանակէ`«Անիւ» կամ «շրջանակ», «գունդ», «միջավայր» եւ «համայնք»: Մէկ բառ` չորս տարբեր գաղափարներու համար: Մէկ խօսքով՝ տիեզերքը, որ կը խորհրդանշէ ամբողջականութիւնն ու միասնութիւնը:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներկայիս մանտալաները անպայմանօրէն կրօնի մը հետ չեն կապուած: Անոնք կ'օգտագործուին կեանքի տարբեր իրավիճակներու եւ նպատակներու համար: Հոգեբանութեան եւ տարբեր հիւանդութիւններու համար նախատեսուած մանտալաներ գոյութիւն ունին: Անոնք կ'օգնեն անդրադառնալու անցեալին ու պատկերացնելու ապագան: Կ'օգնեն դրական կերպով ընդունելու իրադարձութիւնները եւ լսելու մարդու ներաշխարհին մեղեդին[2]: Անոնք կը գործածուին բժիշկներուն կողմէ` զբաղեցնելու համար այն հիւանդները, որոնք լաւ տրամադրութեան մէջ չեն գտնուիր:
Շատ կարեւոր է մանտալայի ստեղծման ընթացքը: Անիկա հանգստացնող աշխատանք մըն է: Իւրաքանչիւր մանտալա իր մէջ կը պարունակէ ստեղծողին ներուժէն մաս մը:
Մանտալա ստեղծողը ընթանալով կեդրոնական կէտէ մը, ազատ կ'արձակէ իր երեւակայութիւնը` այդ կէտին շուրջ գծագրութիւններ ստեղծելով, միշտ շրջանակի ձեւը պահելով:
Մանտալան ոչ միայն նախշ կամ նկար է, այլեւ՝ սրբազան նշան: Անիկա ունի բարդ երկրաչափական կառոյց մը, որ կ'արտայայտէ տիեզերքի պատկերը կամ քարտէսը: Անիկա կը խորհրդանշէ հոգեւոր, զգացական եւ տիեզերական կարգապահութիւն, արտայայտելով աստուածային ներդաշնակութիւնը, որուն կը հակադրուին մարդը շրջապատող նիւթական աշխարհի անկանոնութիւնն ու անկարգութիւնը:
Մանտալաներուն մէջ յաճախ առկայ է ճառագայթային հաւասարակշռութիւնը:
Մանտալաներ կարելի է ստեղծել ասեղնագործութեան մէջ: Մանտալաներ կարելի է փորագրել նաեւ քարի, փայտի եւ մետաղի վրայ:
Հինտուները ունին նաեւ իրենց մանտալաները, զորս կը կոչեն «եանդրա»: Անոնք գոյութիւն ունէին մանտալաներէն առաջ, սակայն անոնց մասին նուազ կը խօսուի: «Եանդրա»ները կը տարբերին մանտալաներէն. անոնք կազմուած են միայն երկրաչափական ձեւերէ, եռանկիւններէ, քառակուսիներէ եւ շրջանակներէ:
Հայկական մշակոյթին մէջ անիկա կը կոչուի «վարդեակ», որուն կարելի է հանդիպիլ մանրանկարչութեան մէջ, խաչքարերու վրայ, ասեղնագործութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ: Իմաստը բոլոր մշակոյթներուն մէջ նոյնն է, անուններն ու մատուցման ձեւերը կը տարբերին։
Մանտալաներուն շրջանը կատարելութեան եւ ամբողջութեան խորհրդանիշ է:
Կրօնական ծէսերուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրօնական ծէսերուն մէջ մանտալան կը նկարուի գունաւոր փոշիներով, աւազով, ծաղիկներով, քարերով, զորս աւելի ուշ կ'ոչնչացնեն: Ոչնչացնելու աւանդութեան մէկ բացատրութիւնը այն է, որ գեղեցկութիւնը կը ստեղծուի, բայց անիկա յաւերժ չէ: Անոր համար ալ այդ մանտալաները պէտք է ազատ արձակել՝ ոչնչացնել:[3]:
Թիպեթ ապրող պուտտայական վանականներուն համար աւազէ մանտալաներուն ստեղծագործութիւնը շատ կարեւոր շրջան մըն է: Անոնք կ'օգտագործեն քարերու մանրացումէն գոյացած աւազը: Կը գործածեն տարբեր գործիքներ զանոնք ճշգրիտ ձեւաւորելու համար: Երբ գոյացած բարդ գեղարուեստական գործը վերջանայ, անոնք կը ձգեն, որ աւազը թռչի, ցոյց տալու համար, որ պէտք չէ առարկաներու կապուիլ[4][5]:
Պուտտիստներու կողմէ մանտալային ոչնչացումը կը յուշէ, որ աշխարհի մէջ ոչ մէկ բան կայուն է. կեանք՝ մահ, ժամանում՝ մեկնում: Ամէն սկիզբ ունի իր վախճանը:
Պուտտայական ճարտարապետութիւնը յաճախ կ'օգտագործէր մանտալան իբրեւ պուտտայական կառոյցներու նախագիծ, ներառեալ տաճարային համալիրը:
Մանտալայի նմուշներ կարելի է տեսնել նաեւ Քամպոտիոյ, Թայլանտի եւ Միանմարի մէջ:
Աւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գունաւոր փոշիէ պատրաստուած մանտալաները կ'օգտագործեն ծէսերու մէջ: Հնդկաստանի մէջ աւանդութիւն մը կայ պատերը, տուները եւ տան ուղիները մանտալաներով զարդարել:
Կ'ենթադրուի, որ մանտալան ընտանիքին երջանկութիւն կը բերէ: Չար աչքերէ հեռու կը պահէ: Հնդիկ կանայք, աւազ թափելով, արտասովոր նախշեր կը ստեղծեն: Արուեստի այս տեսակը կը կոչուի «ռանգոլի»:
Մանտալային գոյները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանտալայի իւրաքանչիւր գոյն իմաստ մը ունի:
Կարմիրը կեանքի եւ ուժի գոյնն է, կիրքի գոյնն է, կրակ յարուցանող եւ զգացումները բուժող գոյնը:
Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ ջերմութիւն, ուժգնութիւն եւ կրակ: Հպարտ գոյն է, որ կը զարգացնէ ինքնաճանաչումը:
Դեղինը լոյսի, ջերմութեան եւ արեւու գոյնն է: Անիկա լոյսի աղբիւր է:
Կանաչը իր անթիւ երանգներով բնութեան մասնիկն է եւ կը խորհրդանշէ առողջութիւն, աճ եւ նորափթթում:
Կապոյտը կը խորհրդանշէ հաւատարիմ սէր, հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն: Անիկա կարեկցանքով լի, խորապէս հանգստացնող գոյն է:
Երկնագոյնը կը խորհրդանշէ ճշմարտութիւնը:
Մանիշակագոյնը կեանքի գոյնն է, աշխուժութեան եւ ուժգնութեան գոյնը: Անիկա վեհութիւն ու հեղինակութիւն կը խորհրդանշէ:
Ճերմակը լոյսի, անմեղութեան եւ մաքրութեան խորհրդանիշն է: Անիկա կը ներկայացնէ աստուածային էութիւնը[6]:
Գոյները պուտտայականութեան մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պուտտայականութեան մէջ մանտալա ստեղծելու համար կ'օգտագործուի հինգ գոյն. ճերմակը՝ իբրեւ ջուրի խորհրդանիշ, կանաչը՝ քամիի խորհրդանիշ, կապոյտը՝ Տիեզերքի, դեղինը՝ Երկիրին, իսկ կարմիրը՝ կրակին:
Հինգ գոյները կը խորհրդանշեն նաեւ իմաստութեան հինգ տեսակ. առաջինը՝ դատարկութիւն, երկրորդը` պարզութիւն, երրորդը`կարեկցանք, չորրորդը`արագութիւն եւ հմտութիւն, հինգերորդը`մեծ անիւ (Mahayana), որ կը միաւորէ բոլոր նախորդները[7]:
Մանտալային նախշերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանտալային նախշերը նոյնպէս իմաստալից են: Ամէնէն տարածուած նախշերն են շրջանակները, պարուրաձեւը, եռանկիւններն ու քառակուսիները:
Մանտալայի երկրաչափական ձեւերը՝ շրջանակը, քառակուսին եւ եռանկիւնը, սուրբ կը համարուին աշխարհի բոլոր կրօններուն մէջ:
Ծաղիկները իբրեւ ամբողջութիւն կը ներկայացնեն մեր գիտակցութիւնը, այնուամենայնիւ ծաղիկի իւրաքանչիւր տեսակ կը խորհրդանշէ այնպիսի յատկութիւններ, ինչպիսիք են՝ իմաստութիւնը, մաքրութիւնը, բարութիւնը, հաստատակամութիւնը, սէրը, ընկերութիւնը եւ այլն:
Պարուրաձեւը կը խորհրդանշէ աճը եւ ուսումը: Անոնք նոր հեռանկարներ կը բերեն:
Եռանկիւնը կապուած է երազներու, նպատակներու եւ մտապատկերներու հետ:
Քառակուսին կայունութիւնն է եւ ամրութիւնը, ցոյց կու տայ ապահովութիւն եւ միտքերու հաստատում: Քառակուսին կառուցողական ընթացքը կը ներկայացնէ:
Աստղերը բացառապէս տղամարդ կը խորհրդանշեն:
Խաչը ցոյց կու տայ ուղիի ընտրութիւնը:
Ծաղիկը կին կը խորհրդանշէ:
Մանտալա նկարելու «ճիշդ» կամ «սխալ» ձեւ չկայ: Կանոններ չկան։
Բնութեան մօտիկ արուեստ մը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանտալաներու պատկերները կարելի է գտնել նաեւ բնութեան ամէնէն գեղեցիկ ձեւերուն մէջ: Կարելի է զանոնք տեսնել պարուրաձեւ աստղահոյլերու մէջ կամ արեգակնային դրութեան մոլորակներուն կատարած շրջանակներուն, կամ` ձիւնի փաթիլներուն եւ ծաղիկներուն մէջ:
Շրջանակը ձեւ մըն է, որ միշտ ներշնչած է մարդիկը: Այս ձեւին կարելի է հանդիպիլ ամէնէն ծանօթ արուեստի գործերուն, ինչպէս նաեւ` պաշտամունքի վայրերուն մէջ:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մանտալաները գեղեցիկ արուեստի գործեր են:
- ↑ Մանտալաները
- ↑ Մանտալան կրօնական ծէսերուն մէջ
- ↑ Մանտալաները պուտտայականութեան մէջ
- ↑ «Մանտալաները Թիպեթ ապրող վանականներուն համար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-15-ին։ արտագրուած է՝ 2023-09-12
- ↑ «Մանտալային գոյները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2023-09-26
- ↑ Գոյներու խորհրդանիշը[permanent dead link]