Մոլորակներ
Մոլորակ (անգլերէն՝ planet, յունարէն՝ πλανήτης, այլ ձեւ՝ հին յունարէն՝ πλάνης - «ճամբորդ»), երկնային մարմին մըն է, որ կը դառնայ ուղեծիրով՝ աստղի մը կամ անոր մնացորդներուն շուրջ։ Ան ունի բաւարար զանգուած, որպէսզի իր սեփական ձգողականութեան ազդեցութեան տակ ստանայ կլորաձեւ տեսք, բայց ոչ բաւարար՝ ջերմամիջուկային հակազդեցութիւն սկսելու համար։ Նաեւ, ան կրցած է իր շրջակայքը մաքրել մոլորակակերպերէ։
Մոլորակները կարելի է բաժնել երկու հիմնական խումբերու. մեծ, նուազ խտութիւն ունեցող կազային հսկաներ եւ աւելի փոքր՝ երկրային խումբի մոլորակներ, որոնք ունին պինդ մակերես։ Համաձայն Միջազգային աստղագիտական միութեան սահմանման՝ Արեգակնային դրութեան մէջ կայ 8 մոլորակ։ Անոնք են (ըստ Արեգակէն ունեցած հեռաւորութեան)՝ չորս երկրանման՝ Փայլածու (Մերկուրի), Արուսեակ (Վեներա), Երկիր, Հրատ (Մարս), ապա չորս կազային հսկաներ՝ Լուսնթագ (Ճուբիթըր), Երեւակ (Սադուրն), Ուրան եւ Նեբդուն։
Արեգակնային դրութեան մէջ կան նաեւ առնուազն 5 թզուկ մոլորակներ՝ Պղուտոն (որ մինչեւ 2006 թուական մոլորակ կը համարուէր), Մակեմակէ, Հոմեա, Էրիս եւ Սերես։ Բացի Փայլածուէն եւ Արուսեակէն, բոլոր մոլորակներուն շուրջ կը դառնայ առնուազն մէկ արբանեակ[1]։
Փայլածու եւ Արուսեակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փայլածուն եւ Արուսեակը յարաբերաբար փոքր, բայց խտամարմին երկրանման մոլորակներ են: Փայփլուն Արեւին ամէնամօտիկ մոլորակն է:
Փայլածու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փայլածուն 4878 քմ. ի տրամագիծ մը ունի: Արեւէն 58միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, ան 88 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: Ամէնէն արագ մոլորակն է: Դառնալով Արեւին շուրջ, Փայլածուն նաեւ կը դառնայ ինքն իր շուրջ 65 օրուան մէջ: Փայլածուի մէկ օրը քիչ մը աւելի երկար է քան երկրային 58 օրերը: Բազմաթիւ խոռոչներ պարունակող Փայլածուի մակերեսը կը յիշեցնէ Լուսինը: Փայլածուի մթնոլորտը շատ ցած խտութիւն ունի: Այդ պատճառ կը դառնայ, որ հողին ջերմաստիճանը ցերեկին հասնի 450 °C ի, ինչ որ լիովին բաւարար է կապար հալեցնելու: Ընդհակառակն, գիշերները շատ ցուրտ կ'ընէ հոն՝ -180 °C : Ամերիկեան Մարինըր տիեզերաչափը զայն նկարած է 1947-ին եւ կրցած է ստուգել, որ ան կը պարունակէ Լուսնին մեծութեամբ կրակէ կորիզ մը:
Արուսեակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արուսեակը, Փայլածուէն ետք, Արեւին երկրորդ ամէնէն մօտիկ մոլորակն է: Մեծութեամբ նման է երկրին (12.012 քմ. ), որ յաճախ կը նկատուի անոր երկուորեակը: Արեւէն 108 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, անոր շուրջ կը դառնայ 225 օրէն: Ինքն իր վրայ կը դառնայ 243 օրէն, միւս մոլորակներու շարժումին հակառակ ուղղութեամբ: Արուսեակը, որ յաճախ կոչուած է «Հովիւին աստղ»ը, արեգակնային դրութեան ամէնէն լուսաւոր մոլորակն է: Արուսեակը երբեմն կ'երեւի արեւնամուտէն անմիջապէս ետք, իսկ երբեմն՝ արեւածագէն առաջ: Շրջապատուած է ամպային խիտ խաւով մը, որ գլխաւորաբար կազմուած է բնածխային կազէ: Այս 100 քմ. թանձրութիւն ունեցող խաւը արեւի ջերմութեան կը թոյլատրէ թափանցնել մինչեւ իր մակերեսը, սակայն չ'արտօներ, որ կրկին դառնայ միջոց (ջերմանոցի ազդեցութիւն): Այդ պատճառաւ, Արուսեակի հողին ջերմաստիճանը շուրջ 480 °C է:
Հրատ եւ Լուսնթագ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրատն ալ Փայլածուին եւ Արուսեակին նման վտամարմին եւ երկրանման մոլորակ մըն է: Ան Երկրէն աւելի փոքր է: Լուսնթագը, սակայն, արեգականային դրութեան ամէնամեծ մոլորակն է: Ան երկու անգամ աւելի մեծ է, քան միւս բոլորը միասին առած:
Հրատ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրատը երկրէն ետք մեծութեամբ չորրորդ մոլորակն է արեգակնային դրութեան: Իր տրամագիծն է 6794 քմ.: Արեւէն 228 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ 687 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: Ինքն իր շուրջ կը դառնայ 24 ժամէն եւ 37 վայրկեանէն: Իր մակերեսը ժայռոտ եւ անապատային է: Հրատը շրջապատուած է բնածխային կազի բարակ մթնոլորտով մը: Ունի ջուր՝ սառած ձեւի տակ, ծովեր, մարած հսկայ հրաբուխներ, խորունկ ձորեր եւ երկու լուսիններ ( Ֆոպոս եւ Տէյմոս): Հրատը կոչուած է «Կարմիր Մոլորակ»՝ ընդարձակ գօտիներ ծածկող իր կարմրորակ մետաղեայ փոշիին պատճառով: Գետնին ջերմաստիճանն է միջին հաշուով -23 °C:
Լուսնթագ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]142700 քմ. չափող իր տրամագիծով՝ Լուսնթագը արեգակնային դրութեան ամէնամեծ մոլորակն է: Արեւէն 778 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան գրեթէ 12 տարիներու պէտք ունի մէկ անգամ անոր շրջանը ընելու համար. մինչ ինքն իր վրայ կը դառնայ 9,8 ժամուան մէջ:
Ունի 16 արբանեակներ, որոնց գլխաւորները կը կոչուին Իօ, Եւրոպա, Կանինէտ եւ ԳԱլլիստօ: Մակերեսը ծածկուած է կազային ամպով մը: Ձգողական ոյժը իր մակերեսին վրայ Երկրին կրկնապատիկն է: Այսինքն՝ մարդ մը հոն պիտի կշռէր իր երկրային կշիռքին կրկինը: Իր մթնոլորտի արտաքին խաւը շատ պաղ է (-24 °C), մինչ ցած խաւերուն ջերմաստիճանը կրնան մինչեւ 27 °C հասնիլ:
Երեւակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեւակ օղակաւոր մոլորակը արեգակնային դրութեան վեցերորդն է: Երէւակը ամէնէն նուազ խիտ մոլորակն է, սակայն 35 անգամ աւելի ծանր է, քան Երկիրը:
Իր 120660 քմ. չափող Երեւակը արեգակնային դրութեան երկրորդ ամէնախոշոր մոլորակն է: Արեւէն 1430 միլիոն հեռաւորութեան վրայ՝ անոր շրջանը կ'ընէ 30 տարիէն: Սակայն ինքն իր վրայ լման դարձուածք կը կատարէ 10 ժամ 24 վայրկեանէն: Ան ինքն իր առանցքին շուրջ կը դառնայ այնպիսի արագութեամբ մը, որ իր հասարակածին վրայ գոյացուցած է կորնթարդ մակերես մը: Երեւակը ունի հաստատուն կորիզ մը՝ շրջապատուած հեղուկ ջրածինի խաւով մը: Ջրածինով հարուստ մթնոլորտը մասնաւորապէս անհանդարտ է: Միջին ջերմաստիճաննէ -190 °C:
Երեւակը կը բնորոշուի նաեւ իր արբանեակներուն թիւով (առնուազն 20): Ամէնակարեւորը՝ Տիտան աւելի մեծ է քան Փայլածու մոլորակը:
Իր գծաւոր մակերեսով եւ իր լայն գունաւոր օղակներով՝ Երեւակը մոլորակներուն ամէնաշքեղն է: Հինգ օղակներ, բաղկացած միլիոնաւոր սառուցապատ ժայռի կտորներէ, կը դառնան մոլորակին շուրջ տարածութեան մը վրայ, որ աւելի մեծ է քան նոյնինքն Երեւակը:
Ուրանոս, Նեբդուն, Պղուտոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրանոս, Նեբդուն եւ Պղուտոն մոլորակները կը գտնուին արեգակնային դրութեան սահմաններուն մօտ: Երկրէն դէպի Ուրանոս ճամբորդութիւն մը քոնքորտ օդանաւով պիտի տեւէր առնուազն 150 տարի:
Ուրանոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրանոսը հսկայական մոլորակ մըն է (հասարակածային տրամագիծը 51,200 քմ.) բաղկացած մանաւանդ ջրածինէ եւ հելիումէ։ Իր ժայռային կորիզը շրջապատուած է սառոյցով: Արեւէն շատ հեռու (2870 միլիոն քմ.) գտնուելուն համար, ան շատ պաղ է (միջին ջերմաստիճան -220̊C): Շրջապատուած է բարակ օղակներով եւ ունի 15 արբանեակներ, որոնցմէ յիշենք Միրանտան: Իր առանցքին վրայ պտոյտը կը տեւէ 16 ժամ (Ուրանոսի օրը), իսկ արեւին շուրջ իր թաւալումը՝ 84 տարի: Իր բեւեռներէն իւրաքանչիւրը արեւին ցուցադրուած կը մնայ 42 տարի շարունակ:
Նեբդուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրանոսէն անդին, արեւէն 4,500 միլիոն քմ. հեռաւոդութեան վրայ, Նեբդունը ունի 50,000 քմ. հաշուող տրամագիծ մը: Արեւին շուրջը կը դառնայ 165 տարիէն: Ինքն իր առանցքին վրայ՝ 18 ժամէն: Ունի դժուար նշմարելի օղակներ եւ 8 արբանեակներ: Մակերեսին ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ մինչեւ -220̊Cի: Նեբդունը կ'ըդգրկէ նաեւ բաց կապոյտ սկաւառակ մը եւ լայնածաւալ ամպի գօտիներ:
Պղուտոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պղուտոն պզտիկ սառած մոլորակ մըն է՝ կազմուած ժայռէ եւ մեթանէ։ Ան աւելի պզտիկ է, քան մեր Լուսինը (իր տրամագիծն է միայն 2300 քմ.): Արեւէն 5900 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, 250 տարի կը դնէ անոր շուրջը մէկ անգամ դառնալու համար: Բոլոր մոլորակներուն մէջ՝ Պղուտոնը ունի ամէնէն երկարաձիգ ուղեծիրերը: Այնպէս որ մերթ ընդ մերթ ան կը մտնէ Նեբդունի ուղեծիրերէն ներս: Պղուտոն իր առանցքին վրայ կը դառնայ 6 օր եւ 10 ժամէն:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Մոլորակ, 2024-04-05, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%B8%D5%AC%D5%B8%D6%80%D5%A1%D5%AF&oldid=9749939, վերցված է 2025-12-19
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մշակութային Իմ Առաջին հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 20, 21, 24, 25, 26, 27, 28, 29, 30, 31։
| ||||||