Մամմա Մի՛ա! (ժապաւէն)

Մամմա Մի՛ա!
Մամմա Մի՛ա! ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարներն ու ABBA
Mamma Mia!
Բեմադրիչ Ֆիլիտա Լօյտ
Արտադրիչ Universal Pictures
Երաժշտութիւն Պենի Անտերսըն, Պիորն Իւլվաես
Մոնտաժ Լեզլի Ուոքըր
Արտադրող
ընկերութիւններ
Littlestar Productions,Playtone,Relativity Media
Թողարկման
թուական
(առաջին) 30 Յունիս 2008 (Մեծն Բրիտանիա), 3 Յուլիս 2008 (Յունաստան) եւ 18 Յուլիս 2008 (Ա․Մ․Ն․)
Տեւողութիւն
108 վայրկեան
Երկիր Մեծն Բրիտանիա եւ ԱՄՆ
Լեզու Անգլերէն
Պիւտճէ 52 միլլիոն տոլլար

«Մամմա Մի՛ա!» (անգլերէն՝ Mamma Mia!), շարժարուեստի ամերիկեան/անգլիական ժապաւէն, 2008-ի արտադրութիւն: Բեմադրիչն է՝ Ֆիլիտա Լօյտ, իսկ գլխաւոր դերակատարներն են՝ Մերիլ Սթրիփ, Փիրս Պրոսնան, Քոլին Ֆըրթ, Սթելան Սքարսգարտ, Ճիւլի Ուոթըրս, Տոմինիք Քուփըր, Ամանտա Սայֆրիտ, Քրիստին Պարանսքի։ Ժապաւէնը ամբողջութեամբ նկարահանուած է Սքոփելոս կղզիին մէջ (Սփորատես, Յունաստան), 2007-ի Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն ընթացքին։

«Մամմա Մի՛ա!» ժապաւէնը համանուն տիտղոսով Ուեստ Էնտի եւ Պրոտուէյի երաժշտական ներկայացման պատշաճեցումն է, յենուած ABBA նուագախումբին երգերուն եւ առաւել անոր մէկ անդամին՝ Պենի Անտերսընին յօրինումներուն վրայ։ Միջազգային համագործակցութեան արտադրութիւն մըն է՝ Գերմանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Ա․Մ․Ն․ միջեւ, ինչպէս նաեւ Littlestar Productions ու Playtone արտադրող ընկերութիւններուն միջեւ։

«Մամմա Մի՛ա!» Պրոտուէյի դերակատարները, բեմին վրայ

«Մամմա Մի՛ա!» առաջին անգամ մեծ յաջողութեամբ կը ցուցադրուի Լոնտոն, 30 Յունիս 2008-ին։ Կը յաջորդէ Սթոքհոլմի (Շուէտ) մէջ ցուցադրութիւնը՝ 4 Յուլիս 2008, ուր ներկայ գտնուած են նաեւ ABBA նուագախումբին անդամները՝ Պենի Անտերսըն, Պիորն Իւլվաես, Անի-Ֆրիդ Լինկսթատ եւ Ագնեթա Ֆալցքոկ։

Այիոս Իոանիս մատուռ, Սքոփելոս․ հոն ուր Սոֆիին հարսանիքը տեղի ունեցաւ

Ժապաւէնին նիւթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ մարդիկ կ՛այցելեն յունական Սքոփելոս կղզին եւ կը մնան Villa Donna, ներկայ գտնուելու համար պանդոկին տանտիրուհիին՝ Տոնա Շերիտանին 20 տարեկան աղջկան՝ Սոֆիին հարսանիքին։ Սակայն Տոնային համար անակնկալ է ներկայութիւնը երեք տղամարդոց, որոնց հետ ան 20 տարի առաջ թեթեւ յարաբերութիւններ ունեցած է։ Սոֆին, զանոնք չէր ճանչնար, սակայն կարդալէ ետք մօրը օրացոյցը կը յայտնաբերէ թէ մայրը յղի մնացած է երբ միեւնոյն ժամանակ անոնց հետ յարաբերութիւն ունեցած է։ Սոֆի կ՛ուզէ իմանալ անոնցմէ ո՞վ է հայրը, որպէսզի ան, ամուսնութեան օրը զայն եկեղեցի առաջնորդէ․․․։

Նուագակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Mamma Mia» ժապաւէնին նիւթին գործողութեան ընթացքին, այս ծովափին վրայ տեղի ունեցած են բաւական նկարահանումներ

«Մամմա Մի՛ա!» ժապաւէնին մէջ կը լսուին հետեւեալ յօրինումները (ժապաւէնին ալպումը հասարակութեան տրուած է 25 Նոյեմբեր 2008-ին)․-

  • «I Have a Dream»
  • Դէպի Այիոս Իոանիս մատուռ, Սքոփելոս․
    «Honey, Honey»,
  • «Money, Money, Money»,
  • «Mamma Mia»,
  • «Chiquitita»
  • «Dancing Queen»
  • «Our Last Summer»,
  • «Lay All Your Love on Me»,
  • «Super Trouper»,
  • «Gimme! Gimme! Gimme! (A Man After Midnight)»
  • «Voulez-Vous»
  • «SOS»,
  • «Does Your Mother Know»,
  • «Slipping Through My Fingers»,
  • «The Winner Takes It All»
  • «I Do, I Do, I Do, I Do, I Do»,
  • «When All Is Said and Done»,
  • «Take a Chance on Me»
  • «Mamma Mia»
  • «I Have a Dream»,
  • «Dancing Queen»,
  • «Waterloo»,
  • «Thank You for the Music»

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Մամմա Մի՛ա․ պաշտօնական կայքէջ(անգլերէն)
  2. IMDb - Մամմա Մի՛ա ժապաւէնը(անգլերէն)