Մահմուտ Տէրուիշ


արաբերէն՝ محمود درويش
Mahmoud Darwish tag.jpg
Ծնած է 13 Մարտ 1941
Ծննդավայր Պաղեստին
Մահացած է 9 Օգոստոս 2008
Մահուան վայր Հիւսթըն
Քաղաքացիութիւն Պաղեստինցի
Ազգութիւն Արաբ
Մայրենի լեզու Արաբերէն
Կրօնք Իսլամ
Ուսումնավայր Ծննդավայրի մէջ
Ազդուած է Աբու Սալմա? եւ Ziyad Abd al-Fattah?[1][2]
Մասնագիտութիւն Լեզու
Աշխատավայր Հրապարակագիր, յօդուածագիր, բանաստեղծ եւ արձակագիր:
Ամուսին Rana Kabbani?
Կայքէջ darwish.ps

Մահմուտ Տէրուիշ (արաբերէն՝ محمود درويش‎, անգլերէն՝ Mahmoud Darwish, 13 Մարտ 1941 - 9 Օգոստոս 2008), պաղեստինցի արաբ բանաստեղծ եւ արձակագիր:

Կենսագրական Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պաղեստինցի բանաստեղծ[3], Պաղեստինի Ազատագրման Կազմակերպութեան Ազգային Խորհուրդի անդամ՝ Մահմուտ Տէրուիշ ծնած է 1941-ին, Պաղեստինի Ալ Ճալիլ քաղաքի շրջակայ Ալ Պարուա գիւղը, Աքքայի ծովափին, ուր ընտանիքին հետ կը բնակէր մինչեւ 1948, երբ պատերազմի պատճառով կը տեղահանուի դէպի Լիբանան, ուրկէ կը վերադառնայ տարի մը անց՝ 1949-ին, հաշտութեան պայմանագրին ստորագրութենէն ետք, ականատես ըլլալով ծննդավայրին աւերման, եւ բնակութիւն կը հաստատէ Ալ Ճատիտէ գիւղին մէջ։ Տեղւոյն երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք Մահմուտ Տէրուիշ խմբագրական աշխատանք կը սկսի ծաւալել կարգ մը կուսակցական հրատարակութիւններու համար, անդամակցելով պաղեստինեան կուսակցական շարքերուն: Գրել սկսած է ուսանողական գրասեղանէն եւ իր բազմաբեղուն ստեղծագործական վաստակին հրատարակութիւնը սկսած է 1960-ին:

Թափառումներ, Պատերազմ Ու Գրական Աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր հրապարակած յանդուգն յօդուածներուն պատճառով եւ մանաւանդ կուսակցական գործունէութեան համար 1961էն սկսեալ բազմիցս կը ձերբակալուի հրեայ ղեկավարներու որոշումով մինչեւ 1972, երբ ուսման միտումով կ’ուղղուի Ռուսաստան, ապա նոյն տարուան ընթացքին կուսակցութեան որոշման ենթարկուելով, որպէս գաղթական, կ’անցնի Գահիրէ, ապա Լիբանան, ուր կը շարունակէ խմբագրական աշխատանքը եւ 1981-ին կը հիմնէ «Ալ Քարմէլ» թերթը:

1973-1983 ժամանակամիջոցին կը բնակի Պէյրութ ի մէջ, ուր կը ծաւալէ բազմաթիւ խմբագրական աշխատանքներ, որոնց զուգահեռ նաեւ կը ստեղծագործէ։ 1977-ին իր բանաստեղծական հատորներու միլիոնաւոր օրինակներ արդէն իսկ կը վաճառուին, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին (1975-1991) պատճառով 1982-ին կը հեռանայ Պէյրութէն եւ ինքզինք կը զգայ «աքսորուած, կորսուած», կը շրջի Սուրիա, Կիպրոս, Գահիրէ, Թունուս եւ կը հաստատուի Փարիզ:

Փարիզի մէջ զինք կը յայտնաբերէ եւ կը հռչակէ լիբանանցի փիլիսոփայ, բանաստեղծ՝ Րոպէր Ղանէմ, որ կը խմբագրէր «Ալ Թահրիր» թերթը, ուր ան լոյս ընծայեց Մահմուտ Տէրուիշի քերթուածներէն մի քանին: Մահմուտ Տէրուիշի հռչակումով անուանի արաբ գրողներու ստեղծագործութիւնները եւս հռչակուեցան նոյն թերթին մէջ լոյս տեսնելով, որոնք մտերիմ բարեկամներն էին Մ. Տէրուիշին, որոնցմէ յիշենք՝ Սուտանէն Մուհամմատ Ալ Ֆէյթուրին, Սուրիայէն Նիզար Գապպանին եւ արաբական աշխարհին մէջ սփռուած բազմաթիւ այլ տաղանդաւոր գրիչներ:

Մահացած է 2008-ին Մ. Նահանգներու Հիւսթըն նահանգի մէկ հիւանդանոցը[4], բաց սրտի վիրահատութենէն ետք[5]: Թաղման ներկայ գտնուող հազարաւոր մարդոց մէջ ներկայ էր նաեւ Պաղեստինի ղեկավար՝ Մահմուտ Ապպաս, որ մահուան գոյժը ստանալուն պէս Պաղեստինի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց ի պատիւ հանգուցեալին[6], զայն որակելով՝ «Պաղեստինի սիրահար» եւ «Նոր ոճի զարգացման առաջնորդ», «Ազգի անուանի ու նուիրեալ հրամանատար»[7]: Մարմինը հողին յանձնուեցաւ Պաղեստինի Րամ Ալլահ քաղաքի պալատին մէջ, որմէ ետք պալատը կոչուեցաւ «Մահմուտ Տէրուիշի պալատ»:

Գիրքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Թռչուններ Առանց Թեւերու» բանաստեղծութիւն, 1960.
  • «Ձիթենեաց Տերեւներ» բանաստեղծութիւն, 1964.
  • «Հայրենիքէն բան մը» բանաստեղծութիւն.
  • «Անցեալի ներկայութեան մէջ» արձակ, 2006.
  • «Ինչո՞ւ ձին առանձին ձգեցիր», 1995.
  • «Դուն այսուհետեւ ուրիշ մըն ես» բանաստեղծութիւն, 17 Յունիս, 2008.
  • «Թիթեռնիկին հետքը» բանաստեղծութիւն, 2008.

Տէրուիշի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու:

Մտորումներ Մահմուտ Տէրուիշէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արդեօք կարելի՞ է ընտրութիւն կատարել երազներուս մէջ, որպէսզի կարենամ երազել այն ինչի մասին, որ չ'իրականանար:
  • Տարի մը կ'անցնի եւ ուրիշ մը կու գայ եւ ամէն ինչ հետզհետէ կը վատանայ, ով հայրենի՛ք:
  • Սէր մը կրնայ մեզ այցելել, երբ ոչ սէրը կը զգայ, ոչ ալ մենք այդ այցելութեան մասին:
  • Որքան գեղեցիկ է պատահականութիւնը, քանի որ սպասումէ զուրկ է:
  • Անցեալին ազատութեան բացակայութենէ կը տառապէինք... այժմ՝ սիրոյ... կը սոսկամ վաղուընէ, քանի որ պիտի տառապինք մարդկայնութեան բացակայութենէն[8]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]