Jump to content

Ռամալլա

Քաղաք
Ռամալլա
արաբերէն՝ رام الله
եբր.՝ רמאללה
Դրօշակ

Երկիր  Պաղեստին[1]
Issa Kassis?
Հիմնադրուած է՝ 16-րդ դար
Տարածութիւն 16,3 քմ²
ԲԾՄ 847 մեթր
Պաշտօնական լեզու Palestinian Arabic?
Բնակչութիւն 43 880 մարդ (2024)[2]
Ժամային գօտի UTC+2 և UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 02 29
Փոստային ցուցանիշ P600-P609
Անուանուած է Ալլահ?
Պաշտօնական կայքէջ ramallah.ps(արաբ.)

«Ռամալլա» կամ «Ռամալլահ» (արաբերէն՝ رام الله), Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի կեդրոնական մասը գտնուող քաղաք մը՝ Պիրէի մօտ, Երուսաղէմէն դէպի հիւսիս շուրջ 60 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Ռամալլան այժմ Պաղեստինեան ինքնավարութեան վարչական մայրաքաղաքն է. բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը մահմետական արաբներ են։

Վաղ շրջանի պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռամալլան հիմնադրուած է 16-րդ դարուն՝ արաբ քրիստոնեայ Հատատեան (Hadadeens) տոհմին կողմէ։ Քաղաքը կը պարծենայ աւելի վաղ դարաշրջաններէ մնացած հնագիտական մնացորդներով։ Ռամալլայի մօտակայքը գտնուած են ժայռափոր հին դամբարաններ։ Բնակելի տարածքէն դէպի հարաւ կը գտնուի Թել էն-Նասպէն (Tell en-Nasbeh) հնագիտական վայրը, ուր հաւանաբար գտնուած է աստուածաշնչեան Բենիամինի ցեղի Մասփա (Mizpah) քաղաքը։

Ռամալլայի քանի մը շէնքերուն մէջ օգտագործուած են քարեր, որոնք կը թուագրուին Հերովդէս Մեծի թագաւորութեան շրջանին (Ք.Ա. 37–4)։ Հոն գտնուած են նաեւ խաչակիրներու, Այուպեաններու եւ վաղ օսմանեան ժամանակաշրջաններու խեցեղէնի բեկորներ։ Ռամալլան նոյնացուած է խաչակիրներու Ռամալի (Ramalie) կոչուած վայրին հետ։ Յայտնաբերուած են խաչակիրներու դարաշրջանէն մնացած կամարակապ դուռով շէնքի մը մնացորդները, որ կը կոչուի Ալ-Պուրժ (al-Burj), սակայն շէնքին նախնական նպատակը անորոշ կը մնայ։

Օսմանեան Ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռամալլայի տարածքը, ամբողջ Պաղեստինի հետ մէկտեղ, Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ ներառուեցաւ 1517-ին։ Արդի Ռամալլան հիմնադրուած է 1500-ականներու կիսուն Հատատեաններու (նաեւ՝ Haddadeen) կողմէ. եղբայրներէ բաղկացած տոհմ մը, որոնք սերած էին Ղասանեան քրիստոնեաներէն։ Հատատեանները (որոնք այժմու Ժատալլա ընտանիքին եւ ուրիշներու նախնիներն են) եւ իրենց առաջնորդը՝ Ռաշիտ էլ-Հատատինը, եկած էին Յորդանան գետի արեւելեան կողմէն՝ Քարաքի եւ Շոպաքի շրջաններէն։ Հատատեաններու գաղթը կը վերագրուի այդ տարածքի տոհմերու միջեւ տեղի ունեցած կռիւներուն եւ անհանգստութիւններուն։

Հատատինը հրապուրուեցաւ Ռամալլայի լեռնային դիրքով, որովհետեւ այն կը նմանէր իր ծննդավայրի լեռնային գօտիներուն։ Բացի այդ, խիտ անտառապատ տարածքը կրնար իրեն հայթայթել առատ վառելանիւթ՝ իր դարբնոցներուն համար։ 1596-ին, Ռամալլան յիշատակուած է հարկային մատեաններուն մէջ որպէս Քուտսի (Երուսաղէմ) նահիէի (գաւառակ) մէկ մասը, որ կը պատկանէր Քուտսի լիուային (նահանգ)։ Այն ունէր 71 քրիստոնեայ եւ 9 մահմետական տնտեսութիւն։ Բնակչութիւնը կը վճարէր 25% հաստատուն հարկ՝ ցորենի, գարիի, ձիթապտուղի, որթատունկերու կամ պտղատու ծառերու, ինչպէս նաեւ այծերու կամ փեթակներու համար. ընդհանուր՝ 9,400 աքչէ։ Ամբողջ հասոյթը կը յատկացուէր վաքըֆի (կրօնական կալուած)։

1838-ին, ամերիկացի աստուածաշնչագէտ Էտուարտ Ռոպինսընը այցելեց այս տարածքը՝ նշելով, որ բնակիչները «յունական ծիսակարգի» քրիստոնեաներ էին։ Կային 200 հարկատու տղամարդիկ, ինչ որ թոյլ կու տայ ենթադրել, թէ ընդհանուր բնակչութիւնը կը հաշուէր 800–900 հոգի։ Գիւղը «կը պատկանէր» Երուսաղէմի Հարամ ալ-Շարիֆին, որուն տարեկան կը վճարէր 350 միտ հացահատիկ։ 1883-ին, Պաղեստինի հետազօտական հիմնադրամի (PEF) կողմէ կատարուած «Արեւմտեան Պաղեստինի հետազօտութիւնը» Ռամալլան նկարագրած է հետեւեալ ձեւով.

«Քարաշէն լաւ կառուցուած տուներով քրիստոնէական մեծ գիւղ մը, որ կը գտնուի բարձր բլուրի վրայ. արեւմուտքէն տեսարան մը կը բացուի մինչեւ ծով։ Այն շրջապատուած է պարտէզներով ու ձիթենիներու այգիներով. ունի երեք աղբիւր հարաւը եւ մէկ հատ՝ արեւմուտքը. հիւսիսը կան եւս երեք աղբիւր՝ գիւղէն մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Արեւելքը կայ ջրհոր մը։ Հիւսիս-արեւելքը կան ժայռափոր դամբարաններ՝ լաւ կերտուած մուտքերով, բայց ամբողջութեամբ լեցուած աղբով։ Գիւղին մէջ կայ յունական եկեղեցի մը, իսկ արեւելքը՝ լատինական վանք մը եւ բողոքական դպրոց մը. բոլորն ալ արդի շէնքեր են։ Գիւղի հողերը վաքըֆ են կամ եկեղեցական սեփականութիւն՝ պատկանելով Երուսաղէմի Հարամին։ Բնակիչներուն մօտ մէկ քառորդը հռոմէական կաթողիկէներ են, իսկ մնացեալը՝ ուղղափառ յոյներ»։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. archINFORM — 1994.
  2. https://www.pcbs.gov.ps/statisticsIndicatorsTables.aspx?lang=en&table_id=701
  3. (անգլերեն) Ramallah, 2025-12-27, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Ramallah&oldid=1329719364, վերցված է 2026-03-24