Ճo Պայտըն

Ճոզըֆ Ռոպինէթ Պայտըն
ԱՄՆի 47րդ Փոխնախագահ, 2013
Ծնած է 11 Նոյեմբեր, 1942
Ծննդավայր Սքրանթըն, Փէնսիլվէնիա
Քաղաքացիութիւն Ամերիկացի
Կուսակցութիւն ԱՄՆի Դեմոկրադական Կուսակցութիւն

Ճոզըֆ Ռոպինէթ Պայտըն (անգլ.՝ Joseph Robinette Biden Jr., BY-dən; ծնած 20 Նոյեմբեր, 1942) Ամերիկացի քաղաքական գործիչ մըն է, որ ծառայած է իբր Ամերիկայի Միացեալ Նահանցներու 47րդ Փոխ Նախագահի պաշտօնը Պարաք Օպամայի նախագահութեան օրերուն, 2009 թուականէն 2017 թուական: Մաս կը կազմէ Դեմոկրադական Կուսակցութեան, ներկայացուցած է Տէլըուէր նահանգը ԱՄՆի Ծերակոյտին մէջ 1973 թուականէն 2009 թուական: Ան ընտրուած է Դեմոկրադական կուսակցութեան նախագահական մրցումի ներկայացուցիչ 2020 թուականի ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն, մրցելով Տանըլտ Թրամփի դէմ:


Մեծցած է Սքրանթըն, Փէնսիլվէնիա եւ Նիւ Քասըլ Քաունթի, Տէլըուէր, Պայտըն ուսանած է University of Delaware եւ Syracuse University համալսարաններէն ներս, աւարտելով ուսումը1968 թուականին: Ընտրուած է իբր Նիւ Քասըլ Քաունթիի քաղաքապետ 1970 թուականին, եւ դարձած է ԱՄՆի 6րդ ամէնէն երիտասարդ զերակուսականը երբ ընտրուած է ԱՄՆի Ծերակոյտին մէջ Տէլըուէր նահանգը ներկայացնելու համար 1972 թուականին: Պայտընը ԱՄՆի Ծերակոյտի Արտագին Գործոց Խմբակին մաս կազմած է երկար տարիներ, եւ յետեւաբար դարձած է խմբակին ատենապետը: 1991 թուականի Ծոցի Պատերազմին դէմ արտայատուած է, բայց քաջալերած է ՆԱԹՕ-ի լայնածաւալման գաղափարը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, միջամտելով Եուկոսլավի Պատերազմներուն, 1990ականներուն: Քաջալերած է Իրաքի Պատերազմի համաձայնագիրը 2002 թուականին, բայց դէմ արտայայտուած է 2007 թուականին ԱՄՆ զինուորներու ներկայութեան աճին: