Jump to content

Ճանտան Պատեմ

Ճանտան Պատեմ
Ծնած է 4 Յունուար 1970(1970-01-04) (54 տարեկան)
Ծննդավայր Արտահան, Թուրքիա
Ուսումնավայր Բոսֆորի համալսարան?
Պիրմինկհամ Համալսարան
Սապանճը Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան

Ճանտան Պատեմ (4 Յունուար 1970(1970-01-04), Արտահան, Թուրքիա), թուրք պատմաբան։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք մտաւորականներէն մին՝ Լեհաստանի մէջ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Արտահան։ Ռուսական բանասիրութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ մագիստրոսի իր կոչումը ստացած է Մեծն Բրիտանիոյ «Պիրմինկհամ» համալսարանէն 2001-ին[1]:

2007-ին, Օսմանեան պատերազմներու պատմութեան ծիրին՝ Ղրիմի պատերազմի նիւթին մէջ իր դոկտորականը ստացած է Պոլսոյ Սապանճը համալսարանէն[1]: Ութ տարի դասախօսած է սոյն համալսարանի մէջ, մշակոյթի պատմութեան, կեդրոնական Ասիոյ թրքական պատմութեան նիւթեր, ինչպէս նաեւ ռուսերէնի թարգմանութեան դասընթացքներ տուած է:

Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու, հեղինակ է գիտական շարք մը յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու՝ Օսմանեան կայսրութեան, Կովկասի եւ Թուրքիոյ պատմութեան մասին:

Պատեմ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Մեծն Բրիտանիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Գերմանիոյ պետական արխիւներուն մէջ, հանդիսանալով առաջին թուրք պատմաբանը, որ 2009-ին ընդունուած է Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի ազգային արխիւի հաւաքածոյին ծանօթանալու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։

Ան կը տիրապետէ ռուսերէնին եւ անգլերէնին[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «Candan Badem»։ www.ongc.ox.ac.uk (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-08-03 
  2. «Թուրք Պատմաբան Ճանտան Պատեմի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Լեհաստանի Մէջ – Asbarez – Armenian»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2021-05-24։ արտագրուած է՝ 2023-08-03